«Գիտնամ որ երկու տարիով պիտի ազատիմ խնդիր չէ, կ՚երթամ կը լրացնեմ այդ պատիժը։ Բայց տակաւին բազում դատեր կը շարունակուին իմ դէմ։ Բանտարկութենէս ետք յանկարծ եթէ անոնք ալ պատիժով աւարտին, կրնամ կեանքիս մինչեւ վերջ բանտը մնալ»։
Այս պէս ըսած էր Սեւան Նշանեան, «Ակօս»ի իր վերջին այցելութեան ընթացքին։ Դատախազը երկրէն դուրս ելլելու արգելք չէր դրած։ Արդէն ինքն ալ քանի մը օրուայ համար արտասահման գնաց ու ապա վերադարձաւ։ Վերադարձաւ որպէսզի փորձանք ըլլայ իր հակառակորդներունգլխուն։
Որպէս երկիրը ճանչցող մտաւորական, չէր սխալած իր կանխատեսումներուն մէջ։ Բանտ մտնելէն կարճ ժամանակ վերջ սկսան իրերայաջորդ վճիռներ արձակուիլ իր դէմ։ Ներկայ դրութիւնով ան արդէն դատապարտուած է աւելի քան 11 տարիներու բանտարկութեան։ Եւ դատերը տակաւին կը շարունակուին։ Չարագուշակ ենթադրութիւնով մը Նշանեանի դէմ բանտարկութիւնը կրնայ հասնիլ 25 տարիի։
Պարզ ու պարկեշտ միտքով եթէ դատենք, կասկած չկայ որ Սեւան Նշանեանի բանտարկութիւնը մեծ ամօթ մըն է Թուրքիոյ հաշւոյն։ Նշանեան մեծութիւն մըն է։ Ստեղծագործ պայծառ միտք է Սեւան Նշանեանը։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ իր ձեռնարկած բոլոր գործերէն յաջողութիւնով դուրս եկած։
Շիրինճէ գիւղը, որ Իզմիրի մերձակայ զբօսաշրջական կարեւոր կեդրոն մը կը համարուի այսօր, ոչ մէկ նշանակութիւն ունէր այն օրերուն երբ Նշանեան առաջին անգամ այցելեց հոն։ Հին յունական գիւղ մըն էր Շիրինճէ, որուն բնակիչները բնակչութեան փոխանակման ծրագրով պարտադիր գաղթի ենթարկուած եւ ղրկուած էին Յունաստան։ Նոյն պարտադիր գաղթով Յունաստանէն եկած թուրքերն ալ բնակեցուած էին Շիրինճէ։ Սակայն այս վերջինները ոչ մէկ կերպով չէին համակերպած այս պատմական գիւղին։ Անոնք շուտով լքեցին իրենց տրամադրուած այդ գիւղը եւ բնակութիւն հաստատեցին մօտակայ Սելչուկի եւ Իզմիրի մէջ։
Սեւան Նշանեան իր կնոջ հետ միասին կիսափուլ տուն մը գնեց եւ սկսաւ այդ տունը իր բնօրինակին համապատասխան կերպով վերակառուցել։ Արդիւնքը զարմանք պատճառեց բոլորին։ Ան ապա գնեց երկրորդ եւ երրորդ եւ չորրորդ տուներ, բոլորն ալ վերանորոգեց առաջին օրինակին հետեւելով։ Սկսաւ տուները հիւրանոցի նման շահագործել։ Գիւղի սակաւաթիւ բնակիչները ուրախ էին այս զարգացումէն, քանի որ անտեսուած այս վայրը հիմա կ՚արժանանար այցելուներու ուշադրութեան։ Անոնցմէ ոմանք համեստ ճաշարաններ սարքեցին, ոմանք գիւղական արտադրութիւն վաճառող փոքրիկ խանութներ, եւ այսպէսով եռուզեռ մը գոյացաւ այդ ամայի գիւղէն ներս։
Սեւան Նշանեանի մտքի թռիչքը անսահման է։ Իր վաղեմի բարեկամին, թուաբանագէտ Փրոֆ. Ալի Նէսինի հետ հիմնեց «Ուսողութեան Գիւղ» մը։ Գիւղը իսկոյն արձագանգ գտաւ թուաբանութեան համաշխային շրջանակներէ ներս։ Բազմաթիւ օտար գիտնականներ կապ հաստատեցին Նշանեանի եւ Նէսինի հետ գիւղը այցելելու եւ այնտեղ թուաբանութիւն դասաւանդելու համար։
Վրայ հասաւ ուրիշ նախաձեռնութիւն մը՝ «Թատրոնի լսարան»։ Ան կը սիրէր իշխանութիւններուն կեղծ սրբութիւններուն հետ ծիծաղել։ Իր անունով աշտարակ մը կառուցեց եւ ժայռափոր գերեզման մը։ «1000 տարի ետք Թուրքիոյ հանրապետութիւն չի մնար, բայց իմ աշտարակն ու գերեզմանը կը մնայ»։ Լեզու երկարած էր իսլամներու մարգարէին ըսելով թէ «չեմ կրնար սուրբ համարել իր առեւտրական շահերուն եւ կնամոլութեան համար Աստուծոյ անունով պատգամներ փոխանցող մէկը»։
Պետութիւնը այս ելոյթներուն համար չէր կրնար պատժել Նշանեանը, ուստի դիմեց զարտուղի միջոցներու։ Մեղադրեց ապօրէն շինութեան յանցանքով։ Սեւան սա պահուն թէ կը բոլորէ բանտի դաժան պայմանները եւ թէ զրկուած է իր գրական ու գիտական աշխատութիւններէն։ Բոլորիս կը վիճակի իշխանութիւններու մօտ ճնշում բանեցնել Նշանեանի ազատութիւնը ապահովելու համար։