ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԱՒԱՆԱԿ

Ճոպանուղին ծան­րօ­րէն կ՚իջ­նէ։ Ու ան, զու­գուած աթո­ռակ­նե­րու վրայ բազ­մած մեր քսան զոյգ աշա­կերտնե­րուն կը պար­գե­ւէ Ծաղ­կա­ձորի հիաս­քանչ տե­սարա­նը. նախ՝ կա­նան­չա­պատ ու ծա­ղիկ­ներ հա­գած լե­ռը, -ար­դա­րաց­նե­լով Ծաղ­կա­ձոր անուանու­մը-, ան­դին, լե­րան ստո­րոտը, Կե­չառի­սի վան­քը եւ ծա­ռաս­տաննե­րու մէ­ջէն ցցուած երեք գմբէթ­նե­րը, աւե­լի հե­ռուն՝ մշու­շի մէջ՝ Սե­ւանայ Լի­ճը։

- Պա­րոն, սա ծա­ռին վրայ ին­չո՞ւ գու­նա­ւոր լա­թեր կան։

- Թա­լին, հին սո­վորու­թիւն է, հե­թանո­սական շրջա­նէն մնա­ցած... Ժո­ղովուրդը կը հա­ւատայ, թէ կա­պողը եր­ջա­նիկ կ՚ըլ­լայ, կ՚իրա­կանա­նայ իր երա­զան­քը։ Վան­քե­րու մօտ պի­տի տես­նես այդպի­սի ծա­ռեր։ Անոնք զար­դա­րուած կ՚ըլ­լան թաշ­կի­նակ­նե­րով, ան­ձե­ռոցիկ­նե­րով։ Թա­լին, այդ ծա­ռին վրայ, քե­զի տա­րեկից տա­սը, քսան աղ­ջի­կի յոյ­սը կա­պուած է։

Ճո­պանու­ղին վայ­րէջք կը կա­տարէ։ Զոյգ զոյգ կա­յարան կը հաս­նին աշա­կերտնե­րը։ Անոնց ու­շադրու­թիւնը կը գրա­ւէ գիւ­ղին երա­խանե­րը, որոնք դաշ­տի մէջ ոտ­նագնդակ կը խա­ղան։ Անոնցմէ մէ­կը, որ հա­գած է Juventus-ի սեւ-ճեր­մակ մար­զա­շապի­կը, նստած աւա­նակի վրայ՝ կը մօ­տենայ.

- Ու­զո՞ւմ էք մեզ հետ խա­ղալ։

Ան­մի­ջապէս կը կազ­մուին Ծաղ­կա­ձորի եւ Սփիւռքի երկսեռ խումբե­րը ու առանց սու­լի­չի, առանց իրա­ւարա­րի, բնազ­դա­բար կը սկսի խա­ղը։

- Պա­րոն, պտոյ­տին ամե­նէն սի­րած մասս ծրա­գիրէն դուրս մեր ըրած բա­ներն են։ Ամէն ինչ բնա­կան եւ հա­րազատ է հոս. գիւ­ղին երի­տասարդնե­րը, «զար­դա­րուած» ծա­ռերը, աւա­նակը...

- Թա­լին, ստու­գա­բանա­կանօ­րէն բո­լորն ալ կա­պուած են իրա­րու...

Մի­ջոցին, Juventus-ով տղան կոլ մը կ՚ար­ձա­նագ­րէ. Ծաղ­կա­ձոր 1, Սփիւռք 0։

- Թա­լին, այս տե­սարա­նը կա­րելի է բա­ցատ­րել yavanak բա­ռով։ Պահ­լա­ւերէն է։ Տա­րածուած է իրա­նական բո­լոր լե­զու­նե­րու մէջ. զնդե­րէն yavan, պա­զեն­դե­րէն, բե­լու­ճե­րէն, քրտե­րէն juvan, պարսկե­րէն, աֆ­ղա­ներէն javan։ Կը նշա­նակէ «մա­տաղա­տի, երի­տասարդ»։ Այդպէս է կո­չուած չոր­քո­տանի­ներու, յատ­կա­պէս իշու, ձիու կամ եղ­նի­կի ձա­գը։ Մեր հին գրա­կանու­թեան մէջ նաեւ՝ յա­ւանակ, յո­վանակ եւ ովա­նակ։ Յի­շէ, թէ «j» տա­ռը մեր մօտ «յ» է։ Դրա­ցի լե­զու­նե­րու մէջ բա­ռը դար­ձեր է jivan (ճի­ւան), դարմ երի­տասարդ։

- Դու­դուկա­հար Ճի­ւան Գաս­պա­րեանը «երի­տասարդ» է ու­րեմն։

- Միշտ։

Երկրորդ կոլ մը... Գիւ­ղին երի­տասարդնե­րը 2, Սփիւռք 0։

Իրա­նական լե­զու­նե­րէն հե­ռու, արե­ւելեան Եւ­րո­պայի մէջ, բա­ռը իմաս­տի զար­գա­ցու­մով նշա­նակեր է «սի­րահար». սեր­պե­րէն džuvan, adžuvan, ռու­մա­ներէն džuban։ Դէ­պի աւե­լի Արեւ­մուտք, լա­տինե­րէն բա­ռը juvenis էր։ Հռով­մէացի­ներու երի­տասար­դութեան չաս­տուածն էր Juventus։ Բա­ռը գո­թերէն juggs է, հին բարձր գեր­մա­ներէն jung, հին իս­լանտե­րէն ungr, անկլօ-սաք­սո­ներէն geong, հոլ­լանտե­րէն jong, անգլե­րէն young, ֆրան­սե­րէն jeune։ Վեր­ջի­նը տուած էJeunes Turcs եւ jeunesse dorée –փայ­լուն, վա­յելուչ երի­տասարդ տղայ- ար­տա­յայ­տութիւննե­րը։

- Վայ աւա­նակ, վա՜յ, կ՚ըսէ Քրիս­տի­նը Յո­վիկին, երբ վեր­ջի­նը «կը յա­ջողի» իր բեր­դին մէջ նե­տել գնդա­կը. 3-0։

Բա­ռին նա­խահայ­րը հին-նա­խալե­զուի yeu ար­մատն է։ Բազ­մա­թիւ լե­զու­նե­րու մէջ «փոքր, մա­տաղ կով, մա­տաղ ցուլ, ցլիկ, հորթ, գառ­նուկէ նշա­նակող բա­ռերը ու­նին անոր տար­բե­րակ­նե­րը. junix, juvencus, junica, junosza։

- Ու­րեմն, պա­րոն, այդ սի­րահար աղ­ջի­կը, որուն թաշ­կի­նակը կը ծփար ծա­ռի ճիւ­ղի վրայ, սա աւա­նակը, անոր վրայ նստած երի­տասարդ տղան, անոր շա­պիկը, բո­լորն ալ...

- Այո, բո­լորն ալ միաձու­լուած են իրա­րու հետ։ Բա­ռը ծներ է հիւ­սիս-արեւմտեան Պարսկաս­տա­նի մէջ, հա­սակ նե­տեր եւ զար­գա­ցեր է, եր­կար ճամ­բորդու­թիւններ է կա­տարեր -ըստ երե­ւոյ­թին աւա­նակի մը վրայ- բայց միշտ մնա­ցեր է դարմ եւ երի­տասարդ. yeu, yavan, yavanak, young, Juventus։

Ահա սփիւռքա­հայ ձա­գուկնե­րուն կո­լը. 3-1։ Խա­ղը կը վեր­ջացնենք. կը զգանք, թէ բո­լորը յոգ­նած են եւ անօ­թի։

- Ո՞վ շա­հեցաւ, կը հարցնէ ան­ցորդ մը։ «Հա­յաս­տա­նը», կ՚ըլ­լայ Թա­լինին պա­տաս­խա­նը։ Ան­ցորդը կը ժպտայ. «Մնա­ցէք միշտ հոգով երիտասարդ։ Բարով էք եկել Հայրենիք»։