ԼՈՒՑԻՔԱ ՏՈՒՏՈՒ

Լուցիքա Տուտու

Պոլիսին ի՞նչ էղեր է

Անցած­նե­րը նօս­տալժի­ներս տէփ­րէշմիշ էղաւ տէ, սանկ քա­ղաքին մէջ թուր մը նե­տեմ ըսի։ Շա­տոնց է քիմ ճանչւոր­նե­րուս կտնուած տե­ղերէն ան­դին աչք չէի նե­տած։ Աման Աս­տուած, ան ինչ խը­տար փու­խուեր է Պո­լիսը եահու, եանի եա ըռէս­մէն խէ­րը անի­ծեր էն կիւ­զէ­լիմ քա­ղաքիս։ Ամէն թա­րաֆը ծած­կեր էն, տա­կէն վրա­յէն թօ­հաֆ ճամ­բա­ներ, թիւ­նէլներ շի­ներ էն, տգեղ կէօք­տէ­լէն­ներ տնկեր էն։ Ան քարթ փօս­տալնե­րու նիւթ էղած թապ­լո­յի պէս սի­լուէ­թին էսա­մէն պի­լէմ չէ մնա­ցեր։ Ուր է կղզի կա­ցած էկած ատեն­նիս շո­գենա­ւին ատ թա­րաֆը կը նստէինք տէ ան սի­լուէ­թին էտե­ւէն մայ­րա­մու­տը կը դի­տէինք։ Ան խը­տար գե­ղեցիկ կ՚երե­ւար քիմ, ամէն օր տես­նա­յինք նէ պըխ­միշ չէինք ըլ­լար, մի­լիոն ան­գամ պատ­կե­րը կը քա­շէինք։ Հի­մա էրեւ­ցո­ղը ու­րիշ քա­ղաք մըն է կի­տես քիմ։

Ես Գա­տըգիւղ մօ­տեցած ատե­նը տես­նուած ատ թօ­հաֆ վին­չե­րու նմա­նող մե­տաղի եըղը­նին ի՞նչ կ՚ըսէք։ Ատա­յի մը չափ կայ, վրան հա­զարա­ւոր, քօն­թէյնըր ըսուած տեւ տեւ պա­ներ մը կան, օթօ­ներ, քամ­յօններ կու գան եիւքլէն­միշ կ՚ընեն կոր։ Հայ­տարփա­շայի կա­րը ըսես նէ ատանկ պօշ պօշ կե­ցած է։ Ամէն թա­րաֆը փու­խուեր է, ամէն թա­րաֆը։ Հա­լըճըօղ­լու, Պա­լաթ, Հա­լիճ պա­զի հին շէն­քե­րը սէօզ­տէ նո­րոգե­լով պահ­պա­ներ էն ամա «քի­թապը­նա ույտուր» ծեւ մը գտած­նին փլցու­նեն կոր։ Փէ­րա ալ անանկ Պօս­ֆո­րի կող­մերն ալ անանկ։

Հա­ճըօս­մա­նէն ան­դին մե­րին կէն­ճութեանը եապա­նի ան­տառներ էին, հի­մա ըսես նէ ու­րիշ քա­ղաք մըն ալ հոն կայ սան­քիմ։ Սա­րըյար էր­թալն իքէն եալի­ներուն առ­ջե­ւէն անցնող ճամ­բայ մըն ալ շի­ներ էն մէ­յեր­սէմ, նոր չէ էղեր ամա էս նոր ֆար­ղին կա­ցի։

Միլ­լէ­թին տու­նին, ծո­վի ման­զա­րալը օտա­յին պալ­քօ­նին առ­ջե­ւէն օթօ­ներ կ՚անցնի կոր։ Ախ ո՞ր մէ­կը ըսեմ. քէշ­քէմ հիչ չպտը­տէի տէ յի­շողու­թեանս մէ­ջը էղա­ծին պէս թող մնար։ Թրա­ֆիկը ըսես նէ իլ­լէթ պան մը. վայ օթօ կոր­ծա­ծելու մէճ­պուր էղող­նե­րուն։ Սի­նիրի հի­ւանտ կ՚ըլ­լաս եանի եա։ Եահու աս ինչ օթո­յի պօ­լու­թիւն կայ, վախ­տին ու­նե­ցողը մա­տով կը ցու­ցունէին։ Ճա­մին առ­ջին կը նստէինք տէ մին­չեւ գի­շեր անցնող օթօ­ները կը համ­րէինք։ Հի­մա մար­դէն շատ օթօ կայ սօ­խախ­նե­րը։ Էհ, խալ­տը­րըմ­նե­րուն քէ­նար­ներն ալ սը­րա սը­րա փարք ըրեր էն հէլ­պէթ։ Փան­կալթըին ճատ­տէն 4 սը­րա օթօ սըղմելն իքէն, քէնարը կեցողներուն էրխէն թէք սըրայի ինջեր է։ Վախ էմ ըսեր քեզի կիւզէլիմ քաղաքս։