PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

«Թռի էլ էծ է»

Հայոց պատմութեան երկու փառաւոր շրջաններու թագաւորներ, Ռշտունեաց իշխանութեան հիմնադիր Ռշտուն եւ Արծրունեաց իշխանութեան հիմնադիր Արծրուն բոլորած են իրենց կեանքի աւելի քան 90 գարունները եւ գահը յանձնած իրենց գահաժառանգներուն։

«Ակօս»ի հայերէն էջերու աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանի մեծ հաճոյքով պատմած ժողովրդական բանահիւսութիւնը կը սկսէր վերի նկարագրումով։ Ապա Սարգիս պատմահօր վայել հարազատութեամբ կը շարունակէր…

Երկու տարեց թագաւորներ յաճախ կը հանդիպէին իրարու եւ բազմութենէ հեռու անկիւն մը քաշուած համով կը զրուցէին անցեալի յիշատակներէն։ Կրկին այդպէս օր մըն էր, երբ մեր ծերուկները սօսիի մը շուքին ներքեւ մտած էին զրոյցի։ Յանկարծ Արծրուն դիմացի բլուրին վրայ նկատեց արծիւ մը։ կանգնած էր ժայռի մը գագաթին եւ կը հսկէր դաշտը։ Զգուշացուց ընկերոջ՝ Ռշտունին. «Արծիւը տես» գոռալով։ Ռշտուն հայեացքը սեւեռեց դէպի Արծրունի մատնացոյց ըրած կողմը ու ապա ուս թօթուելով առարկեց. «էտի արծիւ չէ, էծ է»։ Ի՜նչ այծ, պարզ էր, յստակ կը տեսնէր Արծրուն, արծիւ էր ժայռին վրայ կանգնողը։ Ան ալ իր կարգին պնդեց արծիւ է ըսելով։ Երկու ծերուկները չկրցան իրար համոզել։ Մէկը պնդեց «արծիւ է», միւսը կրկնելով կրկնեց «այծ է»։ Այս տարակարծութիւնը, հետզհետէ վէճը դեռ շատ երկար կը շարունակուէր եթէ ժայռին վերեւ կանգնած արծիւը յանկարծ չթեւածեր ու դէպի երկինք չսլանար։ Փաստուած էր, արծիւ էր, ահա սխալած էր հալիւոր Ռշտունը։ «Տեսա՜ր թեւածեց թռաւ, առծիւ էր» գոռաց յաղթական ուրախութեամբ։ Ռշտուն անդրդուելի մնաց իր յամառութեան մէջ՝ «թռի էլ էծ է, չթռի էլ էծ է» պատասխանեց ընկերոջը։ Խօսքի, վէճի, փաստ ճարե­լու, ապա­ցու­ցե­լու, հա­մոզե­լու եւ բո­լոր մի­ջոց­նե­րու վեր­ջա­կէտն էր Ռշտու­նի խօս­քե­րը։ Այդ պա­հէն ետք հա­կաճա­ռու­թիւնը շա­րու­նա­կելով եր­կու բա­րեկամ կրնա­յին սրդո­ղիլ առ յա­ւէտ։

Նա­խորդ Չո­րեք­շաբթի մա­հապարտ մը ահա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կու­մով ինքզինք պայ­թե­ցուց, իր հետ զո­հելով 29 ան­մեղ մարդկանց։ Վար­չա­պետ Տա­ւու­թօղլու յա­ջորդ օր իսկ յայ­տա­րարեց յան­ցա­գոր­ծը՝ «ՓԵՏ-ի ան­դամ ահա­բեկիչ մըն է, Ամու­տէ ծնած, անունն է Սա­լիհ Նէճ­ճար»։ ՓԵՏ-ի պետ Սա­լիհ Միւսլիմ նոյն օրը հեր­քեց այս պնդու­մը, ըսե­լով որ իր կազ­մա­կեր­պութիւ­նը կապ չու­նի այդ արար­քին հետ եւ նման անու­նով մէկն ալ եր­բեք չէ ճանչցած։

Հեր­քումը նշա­նակու­թիւն չու­նե­ցաւ վար­չա­պետին հա­մար եւ շա­րու­նա­կեց եր­գել նոյն յան­կերգը։ Ապա յայտնը­ւեցաւ ու­րիշ միաւո­րում մը՝ քրտա­կան ար­մա­տական շար­ժում՝ «ԹԱՔ»։ Այս վեր­ջիններս, թէ ստանձնե­ցին գոր­ծո­ղու­թիւնը եւ թէ յայ­տա­րարե­ցին գոր­ծա­կատա­րի անու­նը, Վա­նի ծնունդով Ապ­տուլպա­քի Սօ­մէր։ Այս յայ­տա­րարու­թե­նէ ետք Սօ­մէրի հայրն ալ երե­ւան ելաւ, ճանչցաւ իր որ­դին եւ հաս­տա­տեց անոր ինքնու­թիւնը։ Ար­դա­րադա­տական Բժշկու­թիւնը կ՚ու­զէր բաց­թո­ղում մը չըլ­լայ։ Ան­մի­ջապէս բջիջ­նե­րու օրի­նակ­ներ վեր­ցուցին մա­հապար­տի դիակէն եւ հօր­մէն, որոնց բաղ­դա­տու­թիւնով յայ­տա­րարե­ցին վերջնա­կանա­պէս եւ վճռա­կանա­պէս։

Ինչ ընես որ քա­ղաքա­կանու­թիւնը հե­ռու է ամէն տե­սակ պար­կեշտու­թե­նէ։ Վար­չա­պետը տա­կաւին կը շա­րու­նա­կէ իր պնդու­մը, «անու­նին տար­բեր ըլ­լա­լը նշա­նակու­թիւն մը չու­նի» ըսե­լով։ Ռշտու­նի եւ Արծրու­նի յա­մառու­թիւնը ու­րախ ժպիտ մը կը յա­ռաջաց­նէ մեր մօտ։ Իսկ Նա­խագահ Էր­տո­ղանի եւ Վար­չա­պետ Տա­ւու­թօղլո­ւի յա­մառու­թիւնը իրենց պա­րու­նա­կած սպառ­նա­լիք­նե­րով վախ ու սար­սափ միայն։