Մութաֆեանիս շատ մեղք էղած է եանի եա, ատ խըտար կէնճ տարիքին, կլոխին աս պիչիմ չարէսիզ իլլէթ մը կալու չէր։ Էս փէք կը սիրեմ եավրուս չօճոխս, վիճակը քանի միտքս կու գայ նէ ներսի դիս կը փարչատի։ Կէշ ըլլալիքս կիտնալէն, սըխ սըխ ալ կ՚երթամ կը նայիմ. ծանսըզ ծունսուզ նստած է, ուրիշ մէկն է կիտես քիմ։ Ան չախմախ չախմախ նայուածքլը տղան կացած, տեղը անծանօթ մարդ մը էկած է։ Էս քիմ աս խըտար հաւատացեալ էմ. ասանկ արժէքաւոր մէկը ի՞նչ տէյիմ մէկէն չէզօքացուց ըսելէն, ատեն ատեն Աստուծոյ իոյան ընել կ՚անցնի միտքէս տէ ինքզինքս զօր կը պռնեմ։ Կիտեմ քիմ. Աստուծոյ ծրագիրներուն, մարդ արարածին խելքը չհասնիր եւ ինչ կ՚ուզէ ըլլայ, Անոր կամքին կլոխ ծրելով համակերպիլ պէտք է։
Ամա ընդունեցէք քիմ. հիմա անիկա սաղլամ մը տեղը կայնած ըլլար նէ, հիչ մէկ համայնքային նիւթ ասանկ խառնիճաղանճ չէր տառնար։ Պօշունա սիւրիւնմիւշ էղած խնդիրներուն, ճկուն խելքովը, արդար տրամաբանութիւնովը ինչ ինչ լուծումներ կը գտնար։ Կէնճ տարիքին շուքն ալ ծանր էր եանի եա, հիչ տայաթմա չըրած, խօսքը մտիկ ընել կու տար, բնական օթօրիթէ մը ունէր։
Հիմա ասանկ ըսի եա, մութլախա Աթէշեանս կ՚առնուի տիմացը ըլլայի նէ. «տուն ի՞նչ ըսել կ՚ուզես կոր, իմին շուքս ծանր չէ՞ մի, օթօրիթէ չունիմ մի» կ՚ըսէր հէրալտէ։ Պէ պապամ. միլիոն անգամ կ՚ըսեմ կոր քիմ. յօնքերը չաթմիշ ընելով շուքը ծանր չըլլուիր եւ քաքանոցնալով, միլլէթը չախելով օթօրիթէ չի կազմուիր։ Պազիները. Մութաֆեանս ալ վերջերս քիչ քաքանոց չէր տէյիմ կրնան մտածել։ Հա ամա ան շրջանին, աս չարէսիզ իլլէթը պաշլայած է էղեր մէյէրսէմ, սաղլամ ատեններուն անա՞նկ էր մի։ Ան անձը քիմ ժողովուրդին նախընտրածը չէ եւ թէփէն կը նստի կոր, ինքզինքը սիրցունելու համար, պէտք է քիմ էքըստըրայէն ջանք թափէ։ Սխալ քայլ չնետէ, սխալ կործ չտեսնայ, սխալ պան չխորաթէ քիմ անթիփաթիք չըլլայ։
Իմացայ քիմ, աս խըտար տարի ետքը ով պաշտպան պիտի ըլլայ տէյիմ դատ պացուեր է։ Եահու զաթը մաման կլոխն է տղուն պէ, ծեզի ի՞նչ կ՚ըլլայ կոր։ Ո՞վ ըսաւ քիմ իրեն չօճոխին պաշտպան կենալու զօրսունմիշ կ՚ըլլայ կոր տէյիմ։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ եանի եա. ով կիտէ ինչ խըտար տնելիք դատերէն վերջը ան իրաւունքը ծառքէն առնուի նէ տո՞ւք պիտի էրթաք տէ հո՞գ պիտի տանիք։ Աման պըխմիշ էղայ ծերին աս անիմաստ մէսէլէներէն հա…