PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Գրուած՝ «ի՞նչպէս կը գրես» հարցնողներուն համար

Կնոջս Սեդային հետ կը քայլենք դէպի մեր աշխատավայրերը։ Լուսանկարչական աշխատանոցի մը կողքէն որ կ՚անցնինք «շատ սուղ նկարող սթիւտիօ մըն է, բայց երիտասարդները կու գան շրջանաւարտութեան համար նկարուելու» կ՚ըսէ կինս։ Մարդու կեանքին մէջ յատուկ ապրում մըն է շրջանաւարտութիւնը, ինչպէս որ է պսակադրութիւնը։ Կրնանք ըսել որ ամբողջ կեանքի մէջ միայն մէկ անգամուան յատուկ ապրումներ են։ Եւ անշուշտ շատ հասկնալի է, այդ պահերը անմահացնելու հոգը։ «Հոգ չէ թէ քիչ մը սուղ ըլլայ, բոլոր արժէքներու իմաստազրկուած այս օրերուն գոյութիւնը պահելը իսկ մեծ արժէք է» կ՚ըսեմ Սեդային ու կը տարուիմ խորհելու։ Համեմատաբար նոր գիւտ մըն է լուսանկարչական գործիքը։ Բայց բոլոր գիւտերը չեն որ այդքան շուտ թափանցած են մարդկանց առօրեային։ Որքան ալ նոր ըլլայ մենք պիտի կրնանք խորհիլ թէ իրականութեան մէջ ան բաւականին ուշացած գիւտ մըն է եւ մարդիկ այդ գիւտի տրամադրած առի­թէն լա­ւագոյնս օգ­տուեցան։ Կը յի­շեմ մեր տան դեղ­նած ալ­պոմնե­րէն դրուագ­ներ։ Ամ­բողջ գեր­դաստան մը կը տո­ղան­ցէ, այդ սեւ ու սպի­տակ լու­սանկար­նե­րու աշ­խարհին մէջ։ Մար­դիկ, որոնք յա­ւիտեանս հրա­ժեշտ առած են մեզ­մէ եւ դեռ կը շա­րու­նա­կեն այդ խա­ւաքարտե­րուն վրա­յէն ժպտալ մեզ։ Նոյ­նիսկ կա­րելի է ժպտին մեզ­մէ շատ աւե­լի վերջ, իրենց բո­լորո­վին օտար մարդկանց ալ։ Ի վեր­ջոյ ես ապ­րած եմ ան­տէ­րու­թեան մէջ հնա­վաճառ­նե­րու ձեռ­քը ին­կած լու­սանկար­նե­րու ոդի­սակա­նը եւ տե­սած եմ օրի­նակ­ներ, ուր անոնք գնորդ մը ու­նե­ցած են։ Գնորդ մը՝ որ ոչ մէկ կապ ու­նի այնտեղ երե­ւացող ան­ձին հետ, բայց նո­րէն ալ մարդկա­յին հե­տաքրքրու­թիւն մը զայն տա­րած տե­ղադ­րած է օտար սե­նեակի մը աչ­քա­ռու մէկ ան­կիւնին։ Դեռ տա­կաւին խոր­հած եմ թէ կը խօ­սին լու­սանկար­նե­րը։ Պար­զա­պէս լսե­լու ու­նա­կու­թեան կը կա­րօտին։ Եթէ գտնեն այդ ու­նա­կու­թիւնը հին լու­սանկար­նե­րը պատ­մե­լիք շատ բան ու­նին մեզ բո­լորիս։ Մի՛ զար­մա­նաք եթէ ըսեմ թէ իմ տան մէջ ալ կան այդ տե­սակի լու­սանկար­ներ։ Թէեւ իմ ու­նե­ցած­նե­րը հնա­վաճա­ռէ մը չեն գնուած։ Օրի­նակի հա­մար կը յի­շեմ Սա­րայէ­վօ քա­ղաքի փլած Մոս­տար կա­մուրջին վրայ առան­ձինն նուագող թաւ­ջութա­կահա­րը։ Թեր­թէն կտրուած նկար մըն է այս։ Չէի յա­ջողած նկա­րին բնօ­րինա­կը ձեռք բե­րել։ Թեր­թին մէջ կար­դա­ցած էի նկա­րի ոդի­սականն ալ։ Ան Սա­րայէ­վոյի քա­ռեակին թաւ­ջութա­կահարն էր, որու նուագող բո­լոր ըն­կերնե­րը զո­հուած էին այդ չար պա­տերազ­մի դա­ժանութեան մէջ։ Ինք առան­ձին կը շա­րու­նա­կէր նուագե­լու կար­ծես թէ մե­նամարտ մը կը տա­նէր չա­րիքի դէմ։ «Կամ», «հոս եմ», «չեմ յանձնուած», «չէք կրցած լռեց­նել զիս» կը գո­ռայ կար­ծես իր այդ նուագով։ Յե­տոյ յան­կարծ միտքս կու գայ ու­րիշ սեւ ու սպի­տակ նկար մը։ Ցնցո­տինե­րու մէջ մարդ մըն է։ Ամէն ին­չով կը գու­շա­կենք թէ պա­տահա­կան տեղ մը չէ այդ նկա­րը։ Յա­տուկ գա­ցած է լու­սանկար­չա­կան սթիւ­տիօ եւ նկա­րուած։ Դար­ձեալ «ես ե՛մ», «հոս ե՛մ», «կեն­դա­նի ե՛մ» ըսե­լու մար­մաջ մը կար­ծես։ Բաճ­կոն մը հա­գած է։ Տա­բատը հա­զիւ ծունկէն թիզ մը աւե­լի վար կը հաս­նի։ Եւ այդ տա­բատին տակ ոտ­քե­րը բո­պիկ են։ Քրու­վա­զէ բաճ­կոն մը եւ տա­կէն բո­պիկ ոստքեր...։ Ամօթ է, կը խբնիմ «ծի­ծաղե­լի» ըսե­լու։ Բայց բա­ռին բուն իմաս­տով ծի­ծաղե­լի է։ Այս նկա­րը որ կը պատ­մեմ Սե­դային «Ո՞վ գի­տէ որ ղա­րիպն է եւ ո՞վ գի­տէ որո՞ւ ղրկե­լու հա­մար նկա­րուած է այդպէս» կ՚ըսէ։ Հար­ցումներ կան, որոնց պա­տախա­նը եթէ յայտնի ըլ­լար ալ ոչ գրա­կանու­թեան պէտք կ՚ըլ­լար, ոչ երաժշտու­թեան, ոչ ալ նկար­չութեան։ Սեդային այս հարցումին պատասխանն յայտնի չէ։ Ուրեմն մեզի կը մնայ նոր պատմուածք մը հիւսել ներշնչուելով բոկոտն անծանօթի, բոլորիս անծանօթ պատմութենէն։