Տիյարպէքիրի Սուր թաղամասին մէջ 80 օրերէ ի վեր կը շարունակուի պաշարման վիճակ։
Այս թաղի բնակիչներուն համար խստիւ արգիլուած է տունէն դուրս ելլալ։ Մերթ ընդ մերթ ձեռք բերուած թոյլտուութիւններու պահերուն քաղաքի բնակիչները կը փորձեն իրենց տուները լքելով աւելի ապահով տեղեր փախչիլ։ Քանի մը օր առաջ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ որ վերջ գտած են Սուրի մէջ շարունակուող բախումները։ Սակայն պաշարման վիճակը եւ փողոց ելլելու արգելքը դեռ կը շարունակուի ամենայն խստութեամբ։ Հայոց վերանորոգուած Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին ալ կը գտնուի բախումներու անմիջապէս կեդրոնը։ Հետեւաբար մեծ մտավախութիւն կը տիրէ եկեղեցիներուն ալ աւերուած ըլլալու մասին։ Նոյնիսկ Սուրբ Կիրակոսի թաղականները աւելի քան երկու ամիս է որ չեն կրցած մտնել եկեղեցիներուն գտնուած վայրը։ Նախորդ շաբթու մէջ հասարակական կայքերու մէջ լուսանկար մը շրջանառութեան մտաւ, ուր կը տեսնուէր քանդուած Սուրբ Սարգիս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին։ Նկարին մէջ յստակօրէն կ՚երեւար թէ ինչպէս փլած է եկեղեցւոյ պատերը։ Հակառակ որ իշխանամէտ մամուլը այս աւերները յամառօրէն կը վերագրեն «ահաբեկիչ»ներու յարձակումներուն, նկարները տեսնելով կարելի է համոզուիլ որ նման վնասուածքը կարելի չէ հայդուկներու օգտագործած աւելի նուազ կործանիչ զէնքներով։ Յաճախակի կապ կը պահենք եկեղեցւոյ թաղականութեան հետ, որոնք եւս կը վկայեն թէ աւերը կայացած է բանակի միաւորումներու ռմբակոծութեամբ։ Սուրբ Կիրակոսի թաղականներէն Կաֆֆուր Թիւրքայ եկեղեցիին վիճակին մասին տեղեկութիւն ստանալու համար դիմած է Կուսակալութեան, բայց գոհացուցիչ պատասխան մը չէ ստացած։ Կուսակալը յայտնած է թէ ինք ալ տեղեկութիւն չունի եկեղեցւոյ վիճակէն։ Կ՚արժէ յիշել թէ վերանորոգուած այս եկեղեցին շատ մեծ նշանակութիւն ունեցած է Տիյարպէքիրի հայութեան գիտակցութեան վրայ։ «Եկեղեցիի վերաբացումով բազմաթիւ հայեր իրենց ինքնութիւնը վերագտած եւ փարած էին այս նոր գիտակցութեան։ Անոնք կը յիշէին իրենց ծնողներուն այստեղ մկրտուած ըլլալու փաստը։ Հիմա քանդուած այս եկեղեցիներով այդ յիշողութիւններն են որ անգամ մը եւս կը խորտակուին» կ՚ըսէ թաղական խորհուրդի անդամ Կաֆֆուր Թիւրքայ։ Միւս կողմէ չէ յստակացած բողոքականաց, ասորեաց եւ քաղդէացիներու եկեղեցիներուն ենթարկուած վնասուածքը։
Թաղական Խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըք ալ կը յայտնէ թէ գոյացած վնասուածքին տարողութիւնը յայտնի չէ մինչեւ որ չվերանայ փողոց ելլելու արգելքը եւ քաղաքը չվերադառնայ իր բնականոն առօրեային։
Քաղաքապետարանի շրջանակները ցաւ կը յայտնեն թէ այս յարձակումները մարդկային կեանքի կորուստներու կողքին, կը վնասեն քաղաքի պատմական արժէքը եւ մանաւանդ ալ յիշողութիւնը։