PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Յոյսն ու հետեւանքը

Ար­դի ար­դա­րու­թեան հիմ­նա­քարը Հռո­մէական իրա­ւագի­տու­թիւնն է։ Աշ­խարհի բո­լոր հա­մալ­սա­րան­նե­րու իրա­ւագի­տու­թեան բա­ժին­նե­րուն մէջ ու­սա­նող­ներ կը սեր­տեն աւե­լի քան եր­կու հա­զար տա­րուայ ան­ցեալ ու­նե­ցող այդ սկզբունքնե­րը։

Ան­շուշտ որ օրէնսդրու­թեան շատ աւե­լի վաղ ժա­մանակ­նե­րէն եկող օրէնքներ գո­յու­թիւն ու­նին։ Աշա­կերտներ ուսման երկրորդ ծրագ­րին կը ծա­նօթա­նան «Հա­մու­րա­պի» անու­նով եւ անոր մին­չեւ մե­զի հա­սած օրէնքնե­րու փո­րագը­րութիւ­նով։

Եր­կու օրի­նակ­ներն ալ կը փաս­տեն հա­յերէ­նի մէջ յա­ճախ գոր­ծա­ծուած «իրա­ւունքը զօ­րաւո­րինն է» ասու­թիւնը։ Հզօր ար­քայ պի­տի ըլ­լաս որ պար­տադրես քու կամ­քը եւ այն օրէնք դառ­նայ։ Ցա­ւալին այն է որ օրէնքնե­րը մարդկանց կը ներ­կա­յանան, ոչ թէ իբ­րեւ զօ­րաւո­րի կամ­քը, այլ իբ­րեւ ար­դա­րադա­տու­թիւն։

Քա­ղաքակրթու­թիւնն է, որ օրէն­քը պի­տի պատ­շա­ճեց­նէ ար­դա­րու­թեան։ Չէ՛ որ մարդկու­թիւնը օրէն­քէն աւե­լի ար­դա­րու­թեան պա­հանջ կ՚ու­նե­նայ։ Այս հանգրուանին նիւթ կը դառ­նայ սահ­մա­նադ­րութիւ­նը։ Ան իր բնոյ­թով կը դա­սաւո­րէ նաեւ ամ­բողջ հա­մակարգ մը։ Եթէ բռնա­կալու­թեան մի­տու­մով պատ­րաստուած սահ­մա­նադ­րութիւն մը կը գոր­ծէ, դա­տաւո­րի վճի­ռը կրնայ օրի­նական ըլ­լալ, բայց ոչ ար­դար։ «Դրա­մատուն հիմ­նե­լու քով դրա­մատուն կո­ղոպ­տե­լը ի՞նչ է որ» կը հարցնէր անուանի թա­տերա­գիր Պեր­թոլտ Պրէխտ։ Մին օրի­նաւոր գո­ղու­թիւն է, միւ­սը ապօ­րէն։ Մին կը փա­ռաբա­նուի իշ­խա­նու­թիւննե­րու կող­մէ, իսկ միւ­սը պա­խարա­կելի յան­ցա­գոր­ծութիւն։

Բռնա­կալու­թեան մի­տու­մով պատ­րաստուած օրէնսգրքի վառ օրի­նակ մըն է Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան 1982 թուակա­նին վա­ւերա­ցուած սահ­մա­նադ­րութիւ­նը։ 12 Սեպ­տեմբեր 1980 թուակա­նին զի­նու­որա­կան հա­րուա­ծով մը գոր­ծող կա­ռավա­րու­թիւնը տա­պալող բա­նակը Խորհրդա­րանը լու­ծեց եւ կու­սակցա­պետե­րը բան­տարկե­լով ինք ստանձնեց երկրին վար­չութիւ­նը։ Ահա այդ զօ­րավար­նե­րու պա­տուէ­րով պատ­րաստուած սահ­մա­նադ­րութիւ­նը Փրոֆ. Օր­հան Ալ­տը­քաչ­թը կը ծա­նօթաց­նէր հե­տեւեալ կեր­պով. «1961-ին պատ­րաստուած նա­խորդ սահ­մա­նադրութիւ­նը պե­տու­թեան դէմ կը պաշտպա­նէր ժո­ղովուրդը։ Իսկ մենք ժո­ղովուրդին դէմ պե­տու­թեան շա­հերը պաշտպա­նող նոր սահ­մա­նադ­րութիւն մը պատ­րաստե­ցինք»։

Ըն­դունինք թէ պե­տու­թիւն կո­չուած հա­մակար­գը հա­սարա­կու­թեան մէջ իշ­խող դիրք ու­նե­ցող­նե­րուն շա­հերը պաշտպա­նելու հա­մար ստեղ­ծուած մե­քենա­կանու­թիւն մըն է։ Բայց այդ մե­քենան ազ­գայնա­կան քա­րոզ­չութեան հրա­շալի վար­պե­տու­թիւնով մը կը քօ­ղար­կուի «սրբա­զան» ան­ձեռնմխե­լիու­թեան մը պի­տակին ներ­քեւ։ Սրբու­թիւն վե­րագը­րուած պե­տու­թեան հա­մար կա­մաւոր կը զո­հուին ժո­ղովուրդին զա­ւակ­նե­րը։ Իբ­րեւ մխի­թարու­թիւն պե­տու­թիւնը այդ պա­տանի զո­հերը կ՚անուանէ նա­հատակ։ Նշան­նե­րով, մե­տայլնե­րով, դրօ­շակով ծած­կուած դա­գաղ­նե­րով, եթէ այդ ալ չի բա­ւեր, չքա­ւոր ծնող­քին շնոր­հուած թո­շակ­նե­րով կը փոր­ձէ հա­ւանու­թիւն ստա­նալ։ Այսպէ­սով ալ զո­հուա­ծի հա­րազատ­նե­րուն ատե­լու­թիւնը կը փո­խան­ցէ հա­կառա­կոր­դի մը, թշնա­միի մը, միշտ գրգռե­լով ազ­գայնա­կան ոգին։

Այժմ Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան օրա­կար­գին վրայ կը քննար­կուի նոր սահ­մա­նադ­րութեան մը խնդի­րը։ Բո­լորս գի­տենք թէ ներ­կայ լա­րուա­ծու­թեան մէջ պատ­րաստուելիք սահ­մա­նադ­րութիւ­նը նպա­տակ չի կրնար ու­նե­նալ մար­դու իրա­ւունքը պե­տու­թեան դէմ պաշտպա­նելու։ Անոր միակ նպա­տակը պի­տի ըլ­լայ Նա­խագահ Ռէ­ճէփ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանին շնոր­հել «Սուլթա­նավա­յել» իշ­խա­նու­թիւն մը։ Ու­րիշ խօս­քով, ար­դէն գոր­ծադրուածի օրի­նակա­նացու­մը։

Յի­շելով 1878-ի առա­ջին սահ­մանդրութեան տե­ղի տուած տօ­նական ոգե­ւորու­թիւնը, կա­րելի է հիաս­թա­փիլ ու ափ­սո­սալ «ինչ յու­սացի­նք, ինչ գտանք» ըսելով։