ԼՈՒՑԻՔԱ ՏՈՒՏՈՒ

Լուցիքա Տուտու

Քիւրք մանթօները

Ու­շադրու­թիւնս գրա­ւեց քիմ վեր­ջին տա­րինե­րուն քիւրք հա­գուող­նե­րը փէք թէն­քիտ կ՚ընեն կոր։ Մարդկու­թիւնը սէօզ­տէ անա­սուննե­րուն ալ ապ­րե­լու իրա­ւունքնե­րը ճանչնալ պաշ­լա­յեց։ Սըրֆ քիւրքին հա­մար զա­նազան վիճ­տանսըզ ծե­ւերով եւ չար­չա­րանքնե­րով սպա­նուիլ­նին քա­նի օր­թա էլաւ նէ, աս պի­չիմ խա­յինու­թեան մը վերջ տա­լու սը­րան էկաւ տէ­յիմ մտա­ծեցին զաար։ Կէր­չի զա­վալ­լը­ներս տա­հա ինչ ինչ պա­ներու հա­մար կը սպան­նուին կոր ամա ատոնց էղած իթի­րազ­նե­րը հա­ւան կը մնան կոր։ Չիւնքիւմ փէք աչ­քի առ­ջեւ չեն, հէմ ալ ան խը­տար շատ էն քիմ ո՞ր մէկ թա­րաֆէն պռնէն։ Տե­ղէ մը պաշ­լա­յենք ըսին զաար եւ քիւրք ման­թո­յի մէ­սէլէն օր­թա տրին, հիչ չըլ­լայ նէ վազ անցնի­լը տա­հա խօ­լայ կ՚ըլ­լայ, սիւ­սի հա­մար է եա… Էր­կան մէվ­զուներ էն ասոնք, անոր հա­մար էս ալ հի­մակու հի­մա մի­նակ քիւրքէն պի­տի խո­րաթեմ։

Պա­զի թո­հաֆու­թիւններն ալ խելք հաս­նե­լիք պան չէ. մա­տէմ մար­դի­կը հագ­նե­լէն վազ անցնին կ՚ու­զէք կոր, ի՞նչ տէ­յիմ քիւրքի մօ­տա կը հա­նէք կոր։ Իմա­ցայ քիմ՜ աս տա­րի քիւրքը շատ մօ­տա է էղեր։ Հա… հասկցայ սախ­տէ քիւրքի նոր փի­յասա մը ըլ­լայ կ՚ու­զեն կոր ղա­լիպամ։ Ամա ի՞նչ կ՚ըլ­լայ կոր. հի­նէն պէ­րի ու­նե­ցող­նե­րը եւ պա­զի ար­թիստնե­րը «սախ­թէ­տիր» ըսե­լէն կե­նէ կը հագ­նին կոր։ Մե­րին հայ դան­դիկնե­րը ըսես նէ ըռէս­մէն շա­խըր շա­խըր կը հագ­նին կոր հէմ տէ։ Տեղ մը հա­մայնքա­յին ելոյթ մը պան մը ըլ­լայ նէ Գուրթու­լուշին ճատ­տէն քիւրքլիւ կնի­կէն չանցնուիր։

Մե­րին վա­խիթը սախ­տէ քիւրք ու­նե­ցող­նե­րը. «հէլ­պէթ քիմ իրա­կան է» կ՚ըսէին, հի­մա թամ թէր­սը կ՚ըլ­լայ կոր նէ փէք քօ­միկիս կ՚եր­թայ կոր։ Կնի­կը քօ­քոր քօ­քոր վի­զօնը քա­շեր է «սախ­տէ­տիր ճա­նըմ» տէ­յիմ խը­վըր­միշ կ՚ընէ կոր։ «Է պու­նու պէն քէս­մէ­տիմ եա» ըսող­ներ ալ կան։ Էս անանկ կնիկ­ներ ալ կի­տեմ քիմ վախ­տին առ­նուած սը­րա սը­րա քիւրքե­րը կար­տը­րօպը կա­խած, ծու­նին փու­քին քա­պանով տուրս կ՚ել­լայ կոր։ Անոնք ալ «սախ­տէ­տիր» չեն կրնար ըսել եանի եա, հիչ չէ նէ չեն մսիր։

Նէյ­սէ նէ, նո­րը չառ­նե­լը կը հասկնամ կոր տէ զա­թը պէ­րի ու­նե­ցող­նե­րը ի՞նչ պի­տի ընեն, չօ­փը՞ պի­տի նե­տեն։ Պա­զինե­րը կտրել ճա­քէտ կամ եէլէք շի­նել կու տան կոր, սան­քիմ ծա­ւալը պզտիկ­նայ նէ ամօթն ալ պի­տի պզտիկ­նայ։ Պան մը չէ էտե­ւէն կու գան ժի­լէթ կը նե­տեն կոր հա, աման ըսեմ ու­շա­դիր էղէք։ Ինծմէ ծե­զի թավ­սի­յէ. եա քա­կեցէք պա­թան­յա ըրէք, եա կտրե­ցէք փալ­թօ­ներ­նուդ եախա, եա տա թօփ­տան աս­տա­րը քիւրքլիւ փար­տէ­սիւ ընել տուէք տէ ու­նե­ցած­նիդ հինցուցէք։