ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԲԱՐԱՒՈՐ

Երեւանեան ամէն փողոց ունի իր «ձայնը», իր ոգին։ Հրա­պարա­կին մօտ, Հիւ­սի­սային պո­ղոտա­յէն ո՛չ շատ հե­ռու, Արա­մի փո­ղոցի մէջ, անի­կա խաչ­քարներ քան­դա­կող վար­պետ Վա­րազ­դատ Համ­բարձու­մեանի երկխօ­սու­թիւնն է տուֆ քա­րին հետ, լե­զու գտած՝ մուրճի, պող­պատ «մա­տիտի» եւ հա­տիչի շար­ժումնե­րով։

Փոք­րիկ խնդրան­քի մը հա­մար կը մօ­տենամ անոր. յա­ւեր­ժութեան նշան մը՝ 12 ճա­ռագայթնե­րով։ Երբ ան կը սկսի «քա­րի դա­րէն մնա­ցած» իր գոր­ծիքնե­րով աշ­խա­տիլ, դժուար չըլ­լար տես­նել, թէ այդ գոր­ծը, վար­պե­տին խօս­քով, «զրոյց ա պա­պերի հետ, զո­հաբե­րու­թիւն ա, դաս­տիարա­կու­թիւն ա, մեր ազ­գի դի­մագիծն ա։ Նա­խասահ­մա­նուած մի բան ա, որ ի վե­րուստ Աս­տուած տուել ա մե­զ»։

Քան­դա­կը տար­բեր տե­սան­կիւննե­րէն դի­տելու -եւ ծխե­լու- հա­մար վար­պե­տին տուած ընդմի­ջումնե­րը առիթ կու տան, որ զրու­ցենք հայ­կա­կան քան­դա­կագոր­ծութեան եւ անոր փա­ռաւոր դրսե­ւորումնե­րէն մէ­կուն՝ «բա­րաւոր»նե­րու մա­սին։

- Պա­րոն Վա­րազ­դատ, հայ­կա­կան միջ­նա­դարեան եկե­ղեցա­կան ճար­տա­րապե­տու­թեան ամե­նէն տե­սար­ժան եւ թան­կա­գին տար­րե­րէն մէ­կը չէ՞ «բա­րաւոր»ը. մուտքի դռնե­րու, պա­տու­հաննե­րու վրայ հո­րիզո­նադիր, աղեղ­նա­ձեւ կամ կա­մարա­ձեւ քար, -վեր­նա­սեմ, դռնագ­լուխ, կամ շե­մագ­լուխ- որ կը վերցնէ բե­ռը։ Հայ­կա­կան ճար­տա­րապե­տու­թեան մէջ մեծ մա­սամբ կի­սաբո­լոր եւ միակ­տուր քար է անի­կա։

- Պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն, բա­րաւո­րը բարձրա­րուեստ է դառ­նում, երբ քան­դա­կագործ-ճար­տա­րապե­տը, որո­շում է ստեղ­ծել ցցուն բարձրա­քան­դակ կամ մա­կերե­սին հա­ւասար հար­թա­քան­դակ նկար­ներ։ Բա­րաւոր­նե­րի սքան­չե­լի օրի­նակ­ներ դուք կը տես­նէք յայտնի վան­քե­րի մօտ. դի­տեցէք Յով­հաննա­վան­քի բա­րաւո­րը, որ զար­դա­րուել է «Իմաս­տուն եւ յի­մար կոյ­սեր» առա­կի վրայ ստեղ­ծուած բարձրա­քան­դա­կով, եզե­րուած՝ ու­թա­թեւ աստղե­րով եւ բու­սա­պատ­կերնե­րով։ Աւան հա­մայնքի այժմ խո­նար­հուած Ծի­րանա­ւոր եկե­ղեցու արեւմտեան մուտքի վե­րեւ՝ ներ­սից, իբ­րեւ բա­րաւոր ագու­ցուել է Ք.Ա. երկրորդ, եր­րորդ հա­զարա­մեակից մնա­ցած խո­շոր մի վի­շապա­քար։ Իսկ Գո­շավան­քի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ փոքր եկե­ղեցին ու­նի ծաղ­կա­քան­դակնե­րով պա­տուած բա­րաւոր­ներ։

- Բա­րաւոր­նե­րը ոչ թէ միայն իրենց զար­դա­գան­դակնե­րով, այլ նաեւ ար­ձա­նագ­րութիւննե­րով կը հարստաց­նեն շքա­մուտքը։ Յայտնի չէ, թէ ո՛ւր հնա­րուած է եւ առա­ջին ան­գամ ո՛ր շէն­քի մէջ գոր­ծա­ծուած, բայց ստոյգ գի­տենք, թէ որ­պէս բառ «բա­րաւո­ր»ը զուտ հայ­կա­կան չէ եւ անոր բուն իմաս­տը չու­նի արուես­տա­գէտի մը հո­վերը։

Հիւ­սի­սային պահ­լա­ւերէն փո­խառու­թիւն է «բա­րաւո­ր» բա­ռը, որուն մէկ տար­բե­րակն է «բա­րապար»ը։ Ըստ Հ. Աճա­ռեանի, եր­կուքն ալ կը նշա­նակեն... դռնա­պան։ Անոնց ար­մատն է «բար»ը, «դքր» բա­ռին գա­ւառա­կան մէկ ձե­ւը, որ կը նշա­նակէ՝ դուռ։ Վեր­ջի­նը կը տես­նենք «դար­պաս» բա­ռին մէջ. ար­քունի կամ իշ­խա­նական դուռ։ Կ՚ար­ժէ նաեւ յի­շել, թէ մօ­տիկ ան­ցեալին «բա­րապար» կը կո­չուէին Պատ­րիար­քա­րանի դռնա­պան­նե­րը, իսկ անոնց գլու­խը՝ «բա­րապա­նապետ»։

- Պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն, հա­կառակ իր լե­զուա­կան օտար ար­մատնե­րին, հայ վար­պետնե­րը ստեղ­ծել են բարձրա­րուեստ բա­րաւոր­ներ, որ­տեղ կան հայ­կա­կան հո­գին, կեր­պա­րուես­տի տոհ­միկ աւան­դութիւններ։ Իսկ այդ բո­լորը հա­մախմբուած են Մո­միկի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րում։

- «Վարդպետ» Մո­միկը, որ միեւ­նոյն ժա­մանակ քան­դա­կագործ էր, խաչ­քա­րի վար­պետ, ման­րանկա­րիչ ծաղ­կող եւ գրիչ։

- Պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն, հայ­կա­կան բա­րաւոր­նե­րի լա­ւագոյն մի օրի­նակ կայ Արե­նիի Սուրբ Աս­տուածա­ծին եկե­ղեցում, որի ճար­տա­րապետն ու քան­դա­կագոր­ծը Մո­միկն էր։

- Ուր, ան չորս առա­գաստնե­րու վրայ քան­դա­կած էր չորս աւե­տարա­նիչ­նե­րու խորհրդան­շան պատ­կե­րաքան­դակնե­րը։

- Եկե­ղեցու արեւմտեան բա­րաւո­րի վրայ քան­դա­կուած է Տի­րամայ­րը, մա­նուկ Յի­սու­սը գրկում։ Իրա­պաշ­տօ­րէն պատ­կերուած է Տի­րամայ­րը, ժա­մանա­կի տա­րազով։ Բա­րաւո­րի ամ­բողջ մա­կերե­սը որ­դա­տունկի ոճա­ւորուած զար­դա­քան­դակներ են։ Իսկ եզա­կի է Նո­րավան­քի Սուրբ Կա­րապետ եկե­ղեցու գա­ւիթի լու­սա­մու­տի բա­րաւո­րը։ Ճա­կատա­կալ այդ քա­րի կենդրո­նում՝ Հայր Աս­տուածն է, մար­դու կեր­պա­րան­քով, տպա­ւորիչ դի­մագի­ծերով, փա­ռահեղ մո­րու­քով, խո­շոր, նշա­ձեւ աչ­քե­րով եւ գան­գուր մա­զերով։ Բարձրա­ցած աջ ձեռ­քին Յի­սու­սի խա­չելու­թեան տե­սարանն է, Սուրբ Կոյ­սով, Յով­հաննէս աւե­տարա­նիչով եւ Դա­նիէլ մար­գա­րէով։ Ձախ ձեռ­քում կայ Ադա­մի գլու­խը, Սուրբ Հո­գին՝ իջ­նող աղաւ­նու տես­քով։ Այս բա­րաւո­րը ան­նա­խադէպ է։

- Որով­հե­տեւ, միջ­նա­դարուն մեր մօտ ըն­դունուած սո­վորու­թիւն էր Հայր Աս­տուածը պատ­կե­րել իր խորհրդան­շաննե­րով. աջ ձեռք, կամ՝ լոյ­սի շող։

- Նոյն վան­քին մէջ կայ, թե­րեւս խաչ­քա­րերի ամե­նից փոք­րը, ամե­նից պար­զը... Սա Մո­միկին խաչ­քար-մա­հար­ձանն է։ Իս­կա­կան ար­հեստա­ւորը հա­մեստ պի­տի լի­նի...

«Յա­ւեր­ժութեան նշան»ը վեր­ջա­ցած է։ Վար­պե­տը լրագ­րի մը թեր­թին կը փաթ­թէ զայն։

- Ի՞նչ կ՚ար­ժէ... կը հարցնեմ։

Ծի­ծաղով կը պա­տաս­խա­նէ.

- Մենք հիւ­րե­րից պա­տուէր­ներ չենք ըն­դունում... Մեքն անում ենք հո­գուց բխած գոր­ծեր։

Յ.Գ.

Վ. Համ­բարձու­մեանը UNESCO-ի կող­մէ ճանչցուած է, որպէս հայկական խաչքարաշինութեան արուեստի ներկայացուցիչ։

Գոշավանք