PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Նոր Համիտի գահակալութեան համար

Լուրերու հոսքը անբաւարար կը մնան եղելու­թիւնը ըն­կա­լելու եւ նուազա­գոյն պատ­կե­րացում մը գո­յաց­նե­լու հա­մար։ Բա­նակին եւ ոս­տի­կանու­թեան յա­տուկ բա­ժին­նե­րուն կող­մէ յա­րատեւօրէն յար­ձա­կումնե­րու են­թարկուած քրտաբը­նակ քա­ղաք մըն է Ճի­զիր, ուր ռմբա­կոծուած հինգյար­կա­նի շէն­քի մը նկու­ղին մէջ 28 վի­րաւո­րեալ­ներ 12 օր է որ կը սպա­սեն Գաբ­րիէլ հրեշ­տա­կապե­տի գալստեան։ Հո­գեհան հրեշ­տա­կը այդ օրե­րու ըն­թացքին վեց ան­գամ այ­ցե­լեց նկուղ, ամէն ան­գա­մ կեանք մը խլե­լով։

Ապա­տեղե­կատուու­թեան ամե­նավառ օրի­նակ­նե­րէն մին կ՚ապ­րինք։ Կա­ռավա­րու­թիւնը եւ անոր քա­րոզ­չութիւ­նը ստանձնած իշ­խա­նամէտ մա­մու­լը նախ փոր­ձե­ցին դէպ­քը ան­տե­սել։ Երբ այդ ան­տե­սու­մը շա­րու­նա­կել կա­րելի չե­ղաւ այս ան­գամ ալ սկսան ու­րիշ երգ մը հո­լովե­լու։ Հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հը եւ անոր հետ վար­չա­պետը հար­ցա­կանի տակ դրին այդ 28 ան­ձե­րու վի­րաւո­րուած ըլ­լա­լը։ «Ուրկէ՞ գիտ­նամ որ վի­րաւո­րուած են» ըսաւ Նա­խագահ Էր­տո­ղան խիստ ան­փոյթ շեշ­տով մը։ Երբ մա­հացող­նե­րը անուն առ անուն յայ­տա­րարուեցան այս ան­գամ ալ պնդուեցաւ որ անոնք հա­սարակ քա­ղաքա­ցիներ չեն այլ Քան­տիլ լե­ռէն եկած ահա­բեկիչ­ներ։ Բո­լոր այս թոհ ու բո­հին մէջ ՀՏՓ կու­սակցու­թեան Շըր­նա­քի պատ­գա­մաւոր Ֆայ­սալ Սա­րըեըլ­տըզ նկու­ղը բան­տարկուած վի­րաւոր­նե­րու ձայ­նը հան­դի­սացաւ։ Սա պա­հուն իսկ հասկնա­լու կը դժուարա­նամ թէ ան ի՞նչ մի­ջոց­նե­րով կը յա­ջողի այդ նկու­ղին մէջ սեղ­մուած մար­դոց հետ հա­ղոր­դակցե­լու։ Մա­նաւանդ որ ելեկտրա­կան հո­սան­քը ան­չա­տուած է, ջու­րե­րը չեն հո­սիր եւ ջե­ռուցման մի­ջոց մը գո­յու­թիւն չու­նի։ Այս բո­լորին յա­ւելեալ, խնդրոյ առար­կայ մար­դիկ մարմնա­յին վնա­սուածքներ ու­նին եւ դար­մանման բո­լոր մի­ջոց­նե­րէ զուրկ են։ Անցնող օրե­րու ըն­թացքին մա­հացող­նե­րու ան­շունչ մար­միններն ալ կը մնան նկու­ղը։ Այդ պայ­մաննե­րու տակ իսկ անոնք մերթ ընդ մերթ կը յա­ջողին դուրսի հետ կապ պա­հելու, նոյ­նիսկ նկար­ներ փո­խանա­կելու։

ՀՏՓ-ի պատ­գա­մաւոր­նե­րու ճա­րահա­տու­թեան մէջ դի­մած վեր­ջին մի­ջոցը եղաւ հա­ցադու­լը։ Անոնք կա­րելի եղած բո­լոր մի­ջոց­նե­րուն դի­մեցին նկու­ղի վի­րաւոր­նե­րը ազա­տելու հա­մար։ Նոյ­նիսկ խորհրդա­րանի նրբանցքնե­րու մէջ Վար­չա­պետ Տա­ւու­թօղլուի դի­մաց կանգնե­ցան, որ­պէսզի ան կամք մը դրսե­ւորէ խնդի­րը լու­ծե­լու հա­մար։ Իր տեղ վար­չա­պետի թիկ­նա­պահ­ներն են որ կամք դրսե­ւորե­ցին եւ հրմշտկե­լով հե­ռացու­ցին ՀՏՓ-ական­նե­րը։

Հա­սարա­կական կամքն ալ զգօն է այս դէպ­քի նկատ­մամբ։ Յա­ճախա­կի փոր­ձեր կը կա­տարուին ուղղա­կիօրէն մի­ջամ­տե­լու նպա­տակով։ Մերթ վի­րաւոր­նե­րու հա­րազատ­ներ ըլ­լա­լով ներ­կա­յացող կի­ներ, մերթ աւե­լի մեծ բազ­մութիւններ, մերթ ալ բժիշկնե­րէ եւ բու­ժօգնա­կան անձնա­կազ­մե­րէ բաղ­կա­ցող խմբակ­ներ կը փոր­ձեն շրջա­փակումը անցնե­լով վի­րաւոր­նե­րուն հաս­նիլ։ Սա­կայն այս տե­սակի բո­լոր փոր­ձե­րը կը հան­դի­պին ոս­տի­կան­նե­րու կամ զի­նուոր­նե­րու ար­գելքին եւ անոնք կը հար­կադրուին ձեռ­նունայն ետ դառ­նալ։

Եր­կի­րը դի­տումնա­ւոր կեր­պով դրուեցաւ նման մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Նա­խագահ Էր­տո­ղան չէր հան­դուրժած 7 Յու­նիս 2015-ի ընտրու­թիւննե­րու ար­դիւնքին եւ յոյ­սը դրած էր պա­տերազ­մի պատ­ճա­ռաւ գո­յանա­լիք ազ­գայնա­կան հա­կազ­դե­ցու­թեան վրայ։ Իրա­ւացի եղաւ անոր կան­խա­տեսու­մը եւ 1 Նո­յեմ­բե­րին կրկնուած ընտրու­թիւննե­րը տուին իր կու­սակցու­թեան առան­ձինն կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մե­լու իրա­ւունքը։ Կ՚երե­ւի թէ այս լա­րուա­ծու­թիւնը կը շա­րու­նա­կուի մին­չեւ որ ան հաս­նի իր գլխա­ւոր նպա­տակին, որն է «սուլթան» ըլ­լալ երկրի գլխուն։ Էր­տո­ղանի երա­զած նա­խագա­հու­թիւնը պէտք չէ շփո­թել քա­ղաքա­կիրթ բազ­մա­թիւ եր­կիրնե­րու մէջ գոր­ծադրուած օրի­նակ­նե­րուն հետ։ «Մե­րինը ազ­գա­յին պի­տի ըլ­լայ» ըսե­լով դուք այժմէն հասկցէք նոր Հա­միտ մը, նոր Եավուզ մը։