ԼՈՒՑԻՔԱ ՏՈՒՏՈՒ

Լուցիքա Տուտու

Քօնսէրը փէք աղուոր էր

Հրան­դիս ձօ­­նուած Ար­­դի Օրա­­թօրիոյին քօն­­սէ­­­րը փէք աղուոր էր փէք, չկա­­ցող­­նե­­­րը իրա­­պէս մենծ պան փախ­­ցուցին։ Հէլ­­պէթ քիմ կե­­նէ մե­­րին թա­­րաֆէն շատ ան­­տե­­­սանե­­լի ունկնդիր կար։ Հէ­­լէ կոր­­ծին մէջ Հրանդս կայ նէ հիչ պա­­կաս կը մնա­­յի՞նք մի։ Ռէս­­մէն վազն ի վազ կա­­ցինք, հիւ­­րե­­­րէն պի­­լէմ կա­­նուխ, մէյ մէկ քէօշէ տե­­ղաւո­­րուե­­ցանք։ Ան պատ­­րաստու­­թեան թէ­­լաշէ­­ները դի­­տեցինք, սա­­լօնին սը­­րա սը­­րա լե­­ցուե­­լը թա­­քիփ ըրինք։ Անանկ մենծ հէ­­լա­­ճան մը ու­­­նէինք քիմ թա­­­րիֆ չեմ կրնար ընել. օղջ ըլ­­­լա­­­­­­­յինք տէ մենք բեմ էլ­­­լա­­­­­­­յինք նէ աս խը­­­տար կ՚ըլ­­­լար եանի եա։ Երբ քիմ միւ­­­զի­­­­­­­քը պաշ­­­լա­­­­­­­յեց, ատ վայրկեանին սան­­­քիմ սիր­­­տիս մէ­­­ջը կրակ մը ին­­­կաւ եւ մին­­­չեւ սօ­­­նը չմա­­­րեցաւ։ Ախ չօ­­­ճոխ­­­նե­­­­­­­րը անանկ կործ մը, օր­­­թա հա­­­նած էին քիմ էր­­­կան ատեն յի­­­շողու­­­թիւննե­­­րէն չի պի­­­տի սրբուի։ Մա­­­ժակիս եւ Պեր­­­ճուկիս ալ աֆէ­­­րիմ։ Վստահ էմ քիմ հիչ մէ­­­կը աս պի­­­չիմ պան մը չէր պէք­­­լէ­­­­­­­յեր կոր։ Սկսաւ նէ նէ­­­ֆէս­­­նե­­­­­­­րը պռնուեցաւ, ան­­­ճախ էն սօն նօ­­­թային թողտրուեցաւ. քօ­­­րօն միաբե­­­րան ճիշդ Հրան­­­դիս ըսա­­­ծին պէս «սէր, սէր, սէր» տէ­­­յիմ պո­­­ռալ­­­նի­­­­­­­քէն։

Միւ­­­զի­­­­­­­քը ու­­­րիշ աղուոր, խօս­­­քե­­­­­­­րը ու­­­րիշ աղուոր, քօ­­­րօն եւ սօ­­­լիստնե­­­րը. Պօ­­­ղոսը, Գա­­­րինը, Սէր­­­ճա­­­­­­­նը ու­­­րիշ աղուոր էին։ Միշտ հա­­­մեստ կե­­­ցուածքլը եավ­­­րուս չօ­­­ճոխս Յա­­­կոբ Մա­­­միկո­­­նեանս, թե­­­ւերը վեր առած ատեն աս­­­լա­­­­­­­նի պէս շախ­­­լանմիշ կ՚ըլ­­­լար կոր. «հօր­­­մէս տէվր առած Լու­­­սա­­­­­­­ւորիչ երգչա­­­խումբս աս է իշ­­­տէ» կ՚ըսէր կոր սան­­­քիմ։ Շի­­­տակը որ մէ­­­ջը գո­­­վելիքս շա­­­շըր­­­մըշ ըրի։ Ան կէնճ ու կա­­­նանչ չօ­­­ճոխ­­­նե­­­­­­­րը ին՜չ խը­­­տար զգա­­­ցում եիւքլէն­­­միշ էղեր էն մէ­­­յեր­­­սէմ։ Աս կոր­­­ծե­­­­­­­րը զգա­­­ցում չե­­­ղած եր­­­բեք ասանկ մենծ յա­­­ջողու­­­թիւնով չել­­­լար։ Ան խը­­­տար մէ­­­ջեր­­­նէն գա­­­լով, ան խը­­­տար իշ­­­թախլը կ՚եր­­­գեն կոր քիմ բառ մը չհասկցող­­­նե­­­­­­­րուն պի­­­լէմ աչ­­­քե­­­­­­­րը լե­­­ցան։

Աֆէ­­­րիմ Մխի­­­թարեան­­­ցի­­­­­­­ներուն քիմ ասանկ ան­­­մո­­­­­­­ռանա­­­լի օր մը ապ­­­րե­­­­­­­ցու­­­ցին հա­­­մայնքին։ Շի­­­տակը ամէն պան փռի­­­մա էր ըսել կ՚ու­­­զէի, էկեր քիմ ատ փրօկ­­­րա­­­­­­­մի գրքոյկնե­­­րը չըլ­­­լա­­­­­­­յին նէ։ Ի՞նչ էր ատ ատանկ եահու միլ­­­լէ­­­­­­­թին քի­­­թին խնտա­­­լու պէս. ճան­­­ճի քա­­­քի չափ գի­­­րերով հէմ տէ սեւ էջե­­­րու վրայ գրուած… սուգ ըլ­­­լայ տէ­­­յիմ ըրին զաար։ Հիչ պէտ­­­քը չկար եա, պա­­­րէմ պուտ մը տա­­­հա մենծ ըլ­­­լար տէ միլ­­­լէ­­­­­­­թը ըսուած­­­նե­­­­­­­րը հասկնայ տէ­­­յիմ մու­­­թին ճէպ թէ­­­լէֆօ­­­նու­­­ի լու­­­սով, կէօզ­­­լիւքներ հա­­­նելով տնե­­­լով չար­­­չա­­­­­­­րանք չքա­­­շէր։ Ան խը­­­տար մէ­­­սարիֆ ըրեր էք ա՞ն մի էւէլ էկաւ։ Չը­­­սէի նէ կը ճա­­­թէի եանի եա։