ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԿՈՆՔ

- Եզա­կի է այս խո­րանին կոն­քը՝ թէ' հայ­կա­կան եկե­ղեցա­կան ճար­տա­րապե­տու­թեան, եւ թէ՝ հայ­կա­կան գե­ղան­կարչու­թեան մէջ. եօթը մեթր բարձրու­­թիւն ու­­նե­­­ցող որմնան­­կար՝ ուր պատ­­կե­­­րուած է Համ­­բարձման տե­­սարա­­նը։ Եօթ­­նե­­­րորդ դա­­րու գործ է։ Նկա­­րի մէջ Քրիս­­տոսն է, ձեռ­­քին՝ ոլո­­րուած մա­­գաղաթ, որուն վրայ գրուած է Յով­­­հաննէ­­­սի աւե­­­տարա­­­նէն հա­­­տուած մը։ Պահ­­­պա­­­­­­­նուած է նաեւ նկա­­­րիչին անու­­­նը, եր­­­կա­­­­­­­թագիր տա­­­ռերով. «Ստե­­­փանոս»։ Սի­­­րելի աշա­­­կերտներ, հա­­­զուա­­­գիւտ են հայ­­­կա­­­­­­­կան այն եկե­­­ղեցի­­­ները, որոնց կոն­­­քե­­­­­­­րը նկա­­­րուած են։ Հի­­­մա ազա­­­տօրէն կրնաք լու­­­սանկա­­­րել։ Յե­­­տոյ կ՚ուղղուիք ձեր յա­­­ջորդ յու­­­շարձա­­­նը տես­­­նե­­­­­­­լու։

Արու­­­ճի տա­­­ճարին մէջն է աշա­­­կեր­­­տա­­­­­­­կան մեր խումբը։ Երբ պա­­­տանի­­­ները հիացու­­­մով կը լու­­­սանկա­­­րեն հսկայ տա­­­ճարը, ու­­­ղե­­­­­­­ցոյ­­­ցին հետ ժա­­­մանակ կ՚ու­­­նե­­­­­­­նանք զրու­­­ցե­­­­­­­լու «կոնք»երու մա­­­սին։

- Զար­­­մա­­­­­­­նալի է «կոնք»ը. հա­­­յոց լե­­­զուի մէջ թե­­­րեւս չկայ ու­­­րիշ մէկ բառ, որ ու­­­նե­­­­­­­նայ անոր չափ բազ­­­մա­­­­­­­տեսակ գոր­­­ծա­­­­­­­ծու­­­թիւն։ Մարդկա­­­յին կազ­­­մա­­­­­­­խօսու­­­թեան մէջ, «կոնք»ը իրա­­­նը ազդրե­­­րուն կցող, եր­­­կու լայն ու տա­­­փակ ոս­­­կորներ են, յե­­­նարան մը ող­­­նա­­­­­­­շարի եւ մարմնի ամ­­­բողջ վե­­­րին մա­­­սի հա­­­մար։ Ան նաեւ ար­­­տա­­­­­­­քին ական­­­ջի գո­­­գաւոր խո­­­րու­­­թիւնն է։ «Կոնք»ը միեւ­­­նոյն ժա­­­մանակ ջու­­­րի լայն, ծո­­­ցաւոր աման է, տաշտ, ինչպէս՝ Տա­­­թեւ Վան­­­քի այն պատ­­­մա­­­­­­­կան կոն­­­քը, որ յի­­­շուած է Դա­­­ւիթ-Բեկ պատ­­­մա­­­­­­­վէպին մէջ. «Վա­­­նահայ­­­րը վեր առեց մի ահա­­­գին ար­­­ծա­­­­­­­թէ կոնք, որի մէջ ոտ­­­նա­­­­­­­լուա­­­յի խոր­­­հուրդը կա­­­տարե­­­լու ժա­­­մանակ լուանում էին միաբան­­­նե­­­­­­­րի ոտ­­­նե­­­­­­­րը։ -Այդ կոն­­­քը Սիւ­­­նեաց Փի­­­լիպ­­­պէ գա­­­հերեց իշ­­­խա­­­­­­­նի նուիրածն է,- ասաց վա­­­նահայ­­­րը...»։ Երու­­­սա­­­­­­­ղէմի հին տա­­­ճար­­­նե­­­­­­­րուն մէջ քա­­­հանա­­­յի սե­­­նեակն ալ կո­­­չուած էր «կոնք»։

- Եւ կայ եկե­­­ղեցի­­­ներու «կոնք»ը։

- Զոր կը կո­­­չենք նաեւ «գմբե­­­թարդ»։ Եկե­­­ղեց­­­ւոյ կա­­­մարա­­­ւոր լանջն է ան, կի­­­սագմբեթ մը։ Կը ծա­­­ռայէ խո­­­րանի կամ խոր­­­շե­­­­­­­րու կի­­­սագ­­­լա­­­­­­­նային մա­­­սերը ծած­­­կե­­­­­­­լու հա­­­մար։ Լայ­­­նօ­­­­­­­րէն գոր­­­ծա­­­­­­­ծուած է հռով­­­մէական եւ բիւ­­­զանդա­­­կան ճար­­­տա­­­­­­­րապե­­­տու­­­թեան մէջ։ Հայ­­­կա­­­­­­­կան միանաւ եւ եռա­­­նաւ տա­­­ճար­­­նե­­­­­­­րու մէջ, չոր­­­րորդ դա­­­րէն սկսեալ կը տես­­­նենք կոն­­­քեր։

- Ու­­­նե­­­­­­­ցեր ենք եկե­­­ղեցի­­­ներ, որոնց արե­­­ւելեան կոն­­­քի վրայ տեղ կը գտնեն Քրիս­­­տո­­­­­­­սի, Աս­­­տուածա­­­մօր կամ սուրբե­­­րու խճան­­­կարներ, որմնան­­­կարներ։ Կը պատ­­­մեն Ղրի­­­մի Թեոդո­­­սիա քա­­­ղաքի Ս. Յով­­­հաննէս Մկրտիչ եկե­­­ղեւոյ կոն­­­քի գե­­­ղեց­­­կութիւ­­­նը, ուր կան Քրիս­­­տո­­­­­­­սի եւ 12 առա­­­քեալ­­­նե­­­­­­­րու պատ­­­կե­­­­­­­րաքան­­­դակնե­­­րը։ Կան նաեւ եռա­­­կոնք, նոյ­­­նիսկ քա­­­ռակոնք եկե­­­ղեցի­­­ներ, ինչպէս՝ Զուարթնո­­­ցը եւ Սե­­­ւանի վրայ Հայ­­­րա­­­­­­­վան­­­քը։

- Որո­­­շած ենք օրը վեր­­­ջացնել Հայ­­­րա­­­­­­­վան­­­քի մօտ։ Աշա­­­կերտնե­­­րը հոն պի­­­տի ըն­­­թերցա­­­նեն Թու­­­մա­­­­­­­նեանի «Աղաւ­­­նու Վան­­­քը»ն։ Տե­­­սէք, «կոնք»ը, որ մեր պատ­­­մութեան եւ արուես­­­տի մէջ ու­­­նե­­­­­­­ցեր է այնքան մեծ նշա­­­նակու­­­թիւն՝ փո­­­խառու­­­թիւն է։ Բու­­­նը՝ յու­­­նա­­­­­­­րէն «հոն­­­հի» կամ «գօն­­­խի», -χόνχη, konxe- այլ լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րու մէջ concha, conca, conch, conque, conchiglia, որ կը նշա­­­նակէ խե­­­ցի, խե­­­ցեմորթ, զրա­­­հաւոր ծո­­­վային կեն­­­դա­­­­­­­նի, որ ու­­­նի պտու­­­տա­­­­­­­կաձեւ ոսկրա­­­յին կե­­­ղեւ, գի­­­տական անու­­­նը turbinella pyrum: Ար­­­մա­­­­­­­տը սանսկրիտ է, «սոն­­­քա»։ Փոր­­­թուկա­­­լացի ծո­­­վային­­­ներ երբ Հնդկաս­­­տան եւ Պէն­­­կալ սկսած են յա­­­ճախել, բա­­­ռը նե­­­րառած են իրենց լե­­­զուին մէջ «çoncha» ձե­­­ւով եւ ապա տա­­­րածած՝ Մի­­­ջերկրա­­­կանի շուրջ։

Հնդկա­­­կան Ով­­­կիանո­­­սի շուրջ կոն­­­քին ծայ­­­րա­­­­­­­մասը կտրե­­­լով կը գոր­­­ծա­­­­­­­ծեն որ­­­պէս ծէ­­­սերու փող։ Ան նաեւ թա­­­նաքա­­­ման է, կղզի­­­ներու մէջ գոր­­­ծա­­­­­­­ծուող «դրամ», զար­­­դե­­­­­­­ղէն, մա­­­նեակ եւ վեր­­­ջա­­­­­­­պէս՝ սննդե­­­ղէն։ Ձա­­­խադարձ կոն­­­քը, կոն­­­քե­­­­­­­րուն ամե­­­նահա­­­զուա­­­գիւ­­­տը -200 հա­­­զարէն մէ­­­կը- սրբա­­­զան է Հնդկաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ, ուր կը կո­­­չուի նաեւ «Երկնա­­­յին, կամ Աս­­­տուածա­­­յին Կոնք», ու­­­նի կրօ­­­նական մեծ նշա­­­նակու­­­թիւն, քան­­­զի ու­­­թը սրբա­­­զան նշան­­­նե­­­­­­­րէն մէկն է։ Իսկ հա­­­յոց լե­­­զուի հա­­­մար բա­­­ռապա­­­շարի առա­­­տաձեռն աղ­­­բիւր. կոն­­­քա­­­­­­­գօտի, կոն­­­քազդրա­­­յին, կոն­­­քա­­­­­­­խոռոչ, կոն­­­քա­­­­­­­կերպ, կոն­­­քա­­­­­­­ձեւ, կոն­­­քեայ, կոն­­­քա­­­­­­­մաս, կոն­­­քա­­­­­­­յին, կոն­­­քա­­­­­­­չափ, կոն­­­քա­­­­­­­չափել, կոն­­­քեղ, կոն­­­քոսկր։

Աշա­­­կերտնե­­­րը աւար­­­տած են եկե­­­ղեցին ու անոր գե­­­ղեցիկ կոն­­­քը լու­­­սանկա­­­րելու արա­­­րողու­­­թիւնը։ Երբ հան­­­րա­­­­­­­շար­­­ժը ճամ­­­բայ կ՚ել­­­լէ դէ­­­պի Հայ­­­րա­­­­­­­վանք, անոնք Թու­­­մա­­­­­­­նեան ար­­­տա­­­­­­­սանե­­­լէ ետք, կ՚ու­­­զեն քիչ մը ազատ ժա­­մանակ ու­­նե­­­նալ, լճափ իջ­­նել ու հա­­ւաքել... հայ­­կա­­­կան կոնքեր։