Երկար տարիներու փորձառութիւնը ապացուցած է, թէ երբ երկրին առանցքը կը շեղի, կը շեղի նաեւ այդ երկրէ ներս բոլոր համակարգներուն առանցքներն։ Թրքահայոց այժմու ճգնաժամը բազմաթիւ գործօններով կապուած է երկրին ընդհանուր ճգնաժամին հետ։ Երկրի իշխանաւորները երբ կը յանդգնին իրենց համար ձեռնտու չեղող ընտրութիւնը չեղեալ համարելով երկիրը կրակի մէջ թողուլ, բնական է որ նմանը պատահի նաեւ հայ համայնքէ ներս ալ։ Արդարեւ մենք ալ ունինք ընտրութեան լուրջ խնդիր մը եւ որուն լուծման համար յուսադրիչ նշան մըն ալ գոյութիւն չունի։ ՎԱՏԻՓ-ի այս տարուայ առաջին ժողովին ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու «չեմ յուսար որ 2017-էն առաջ համայնքային ընտրութիւնները կատարենք» պիտի ըսէր։ Ոչ միայն մենք՝ հայերուս, այլ երկրի բոլոր փոքրամասնութիւններու հիմնարկները զրկուած են նոր ընտրութիւն կատարելու հնարաւորութենէն։ Նման շփոթ կացութեան մէջ դժուար է կազմակերպեալ կառոյց մը պահել։ Անխուսափելի կերպով մարդիկ պիտի յայտնուին եւ իրենց միջոցները պիտի թելադրեն։
Այս երեւոյթի իբր օրինակ կրնանք տեսնել «Տիւշիւնճէ Փլաթֆորմու» հարթակի ընտրութիւնները անցկացնելու միտումով կատարած դիմումները կամ Պոյաճըգիւղի եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետին քահանաներու թոշակներուն համար կատարած դիմումը։
Երբ կը հանդիպիմ այս տեսակի նախաձեռնութիւններու դէմ ցուցաբերուած ընդվզումին, կը մտաբերեմ ուրիշ օրինակ մը։ Քանի մը տարի առաջ էր, երբ թրքահայ քաղաքացի մը անձամբ նամակ գրեց հանրապետութեան այդ օրուայ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին եւ պահանջեց, որ Կրթութեան Նախարարութիւնը հայոց վարժարաններ յաճախող աշակերտներուն ալ տրամադրէ ձրի դասագիրքեր, ինչ որ կ՚ընէ երկրի բոլոր դպրոցներուն համար։ Նախագահ Կիւլ իրաւացի գտաւ հայ քաղաքացիի այս դիմումը եւ Կրթութեան Նախարարին թելադրեց պատշաճը գործադրել։ Յաջորդ տարի մեր դպրոցներու աշակերտներն ալ ունեցան Կրթութեան Նախարարութեան պայմաններով տպուած հայերէն դասագիրքեր։ Մեր հայրենակցի այս քայլն ալ կարելի էր ոտնձգութիւն համարել։ Չէ որ ունինք 16 դպրոցներ, իրենց տնօրէններով, հիմնադիրներով, մատակարար մարմիններով եւ ուսուցչական կազմերով։ Դեռ աւելին, ունինք «Ուսուցչաց Հիմնարկ» հաստատութիւնը, որ 50 տարիէ ի վեր ստանձնած է դասագիրքեր տպելու գործը։ Այն ատեն ոչ ոք առարկած էր այդ հայրենակցին դէմ։ Այսօրուայ առարկութիւնը, որ կը բխի Պատրիարքարանէն եւ ալիք առ ալիք կը բաժնուի հոգեւորականաց դասու եւ թաղական խորհուրդներու կողմէ, կը կայանայ դրական պատասխանի մը բացակայութեան վրայ։ Եթէ յանկարծ կառավարութիւնը ընթացք տար Պարոն Նազարէթ Էօզսահակեանի դիմումին, անոնցմէ ոչ մէկը նման դիրք պիտի բռնէին։ Ի վերջոյ պարտինք ընդունիլ, որ Էօզսահակեան իբրեւ անհատ երկրի գործող սահմանադրութեան համաձայն իրեն ընծայուած իրաւունքը կը պահանջէ, ոչ աւելին։
Ինչ զարմանալի, Ճիզիրի արգիլեալ տարածքներէն մէկուն մէջ ռմբակոծուած շէնքի մը նկուղը ապաստանած եւ անցնող չորս օրերու ընթացքին չորս զոհ տուած 28 քաղաքացիներն ալ նոյն սահմանադրութեան ընծայած իրաւունքով կը սպասեն շտապօգնութեան ինքնաշարժի գալուստը։
Յուսանք, որ երկրէ ներս տրամաբանական օրինականութիւն մը իշխէ, որ անդրադարձը ունենայ նաեւ մեր փոքրաթիւ համայնքի վրայ եւս։ Չէ որ առջեւի անիւը ուրկէ որ անցնի, նոյն ուղութենէն պիտի անցնի ետեւի անիւն ալ։