ԼՈՒՑԻՔԱ ՏՈՒՏՈՒ

Լուցիքա Տուտու

Կենէ ամէն մարդ Հրանդ էղաւ

Թամ ինը տա­րի է քիմ Հրան­դիս մե­ռած ատ չար սաաթը յի­շեցու­նե­լիք օրը գայ հաս­նի նէ ամէն մարդ Հրանդ կ՚ըլ­լայ կոր, պիւ­թիւն էղա­ծը աս է։ Հէլ­պէթ պա­զինե­րը. «աս խը­տար տա­րի ան­ցեր է կե­նէ ալ սան­քիմ թա­զէ ցա­ւի պէս կը յի­շուի կոր եա տուն անոր նա­յէ» տէ­յիմ կրնան մտա­ծել. Ծուն է ցուրտ է չը­սին կա­ցին ին­կած տե­ղը հա­ւաքուեցան։ Կէր­չի տուք մէյ մըն ալ ին­ծի հար­ցուցէք քիմ ամէն ան­գա­մուն «աման խա­զասըզ պէ­լասըզ անցնի» ըսե­լէն ին­տոր տու­վա կ՚ընեմ կոր։ Փէք աղէկ, հէլ­պէթ աս պա­ները պէտք է քիմ ըլ­լան տէ, տա­հա օր­թան որե­ւէ ար­դիւնք չկայ։ Տա­հա վճռա­կան ատըմ մը պի­լէմ չէ առած մախ­կէ­մէնե­րը պա­ները եա էսաս տուք անոր նա­յեցէք։ Լաս­տի­կի պէս կ՚երկնցու­նեն, միլ­լէ­թը օյա­լան­միշ կ՚ընեն կոր։ Սէ­պէպ էղող­ներն ալ աս խը­տար տա­րի է լան­քերնուն պօ­յեր­նուն կը պտտին կոր զաար։

Վեր­ջին օրե­րուն սէօզ­տէ պուտ մը տա­հա խո­րունկ տէշ­միշ ընել պաշ­լա­յեցին, ին­տոր էղաւ նէ… պա­զի պա­ները ար­թըխ չպա­հուե­լիք վի­ճակ առին նէ մէճ­պուր էղան զաար։ Հէլ­պէթ, զար­կո­ղը միս­մի­նակը որո­շում տա­լով ասանկ պա­նի մը ճէ­սարէթ ընե­լիք չէր եա. պուտ մը խա­ֆան աշ­խա­տող ամէն մարդ ասի­կա կրնայ մտա­ծել։ Ով կի­տէ ծա­րը թախ ուր տեղ­նե­րը պի­տի էր­թայ, անանկ քիմ ար­դա­րու­թեան հաս­նի­լը խօ­լայ չի պի­տի ըլ­լայ։

Մե­զի անանկ սոր­վը­ցու­ցած էին քիմ. ամէն չա­րիք օր մը չէ օր մը մութլա­խա խար­շը­լըխը կը տես­նայ, կէ­շու­թիւն ընո­ղը հախ ըրած ճէ­զան կը գտնայ տէ­յիմ։ Դժբախ­տա­բար, անանկ ժա­մանակ մը էկած է քիմ. հիչ մէկ չա­րիք փո­խադար­ձը չի գտնար կոր ար­թըխ։ Ընո­ղը, ըրա­ծովը կը մնայ կոր։ Կի­տեմ կոր, կը տես­նամ կոր քիմ ասի­կա մի­նակ աս երկրին յա­տուկ պան մը չէ, աշ­խարքին ամէն կող­մը աս պի­չիմը առած է։ Ի՞նչ էղած է տէ. Մարդկու­թիւնը աս խը­տար խա­յին­ցած, վիճ­տանսըզ­ցած եւ փա­րայի քէօլէ տար­ձած է, խելք հաս­նե­լիք պան չէ։

Հալ­պուքիմ, աշ­խարքէն էկած ան­ցած քա­նի քա­նի պա­տերազմներ, մարդկու­թեան դաս ըլ­լա­լու էր անանկ չէ՞։ Հասկնալ պէտք էր քիմ, աս խայինութիւնը աշ­խարքին սօ­նը պի­տի պե­րէ տէ­յիմ։ Ամա նէ կե­զէէր… անանկ կ՚երե­ւայ կոր քիմ մին­չեւ վեր­ջին կէ­տը չհաս­նի նէ հիչ մէ­կը հասկնա­լու նի­յէթ չու­նի։ Աս­տուած թէք թիւք մնա­ցած բա­րի մար­դոց հե­տը ըլ­լայ։