ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՆԱՒ

- Նա­ւը շատ մեծ չէ։ Բայց Սե­ւանի ափա­մերձ աւան­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար տնտե­­­սական, ռազ­­­մա­­­­­­­վարա­­­կան նշա­­­նակու­­­թիւնը ան­­­հա­­­­­­­մեմա­­­տելի կրնայ ըլ­­­լալ, եթէ խո­­­չըն­­­դոտներ չստեղ­­­ծուին եւ զայն կա­­­րենամ լիճ հասցնել։

- Առաս­­­պե­­­­­­­լական պատ­­­կեր է ձեր ստեղ­­­ծա­­­­­­­ծը Պա­­­րոն Հէ­­­րեան. նաւ մը լե­­­րան վրայ։ Թէեւ, նոր չէ այս տե­­­սարա­­­նը. ու­­­նե­­­­­­­ցեր ենք Նո­­­յան Տա­­­պանը սա դի­­­մացի սա­­­րի կա­­­տարին։

Արա Հէ­­­րեանը, հե­­­ռաւոր նա­­­ւար­­­կութիւննե­­­րու քա­­­ջարի նա­­­ւապե­­­տը, յա­­­ջողած է Պա­­­թու­­­մէն նաւ մը առ­­­նել, շո­­­գեկառ­­­քով Երե­­­ւան բե­­­րել, ապա զայն հա­­­նել մին­­­չեւ Քա­­­նաքե­­­ռի բար­­­ձունքնե­­­րը։ Օրուան վեր­­­ջին ժա­­­մերուն, փո­­­խադ­­­րութեան հա­­­մար վար­­­ձուած գիւ­­­ղա­­­­­­­ցիներն ու անոնց եզ­­­նե­­­­­­­րը հան­­­գիստի քա­­­շուած են, իսկ ան, գիւ­­­ղի Ս. Յա­­­կոբ եկե­­­ղեց­­­ւոյ մէջ ամ­­­փո­­­­­­­փուած է իր խո­­­հերուն մէջ.

- Պա­­­րոն ստու­­­գա­­­­­­­բանու­­­թիւն, այս նա­­­ւը հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան հա­­­մար յոյ­­­սի խորհրդան­­­շան կրնայ ըլ­­­լալ։

- Պատ­­­մա­­­­­­­կանօ­­­րէն, «նաւ» բա­­­ռը մեր հո­­­գեւոր գրա­­­կանու­­­թեան մէջ, ճար­­­տա­­­­­­­րապե­­­տու­­­թեան մէջ, բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան մէջ միշտ յոյս եւ փրկու­­­թիւն խորհրդան­­­շած է։ Ան եւ անոր յա­­­րակից բա­­­ռերը՝ «նա­­­ւահան­­­գիստ», «խա­­­րիսխ», «առա­­­գաստ»՝ ստեղ­­­ծեր են փո­­­խաբե­­­րու­­­թիւններ եւ նմա­­­նար­­­կութիւններ՝ հարստա­­­ցու­­­ցեր եւ պատ­­­կե­­­­­­­րալից դար­­­ձուցեր են մեր լե­­­զուն։ Պա­­­րոն Հէ­­­րեան, այս եկե­­­ղեցին, որուն մէջ գտեր էք մտքի խա­­­ղաղու­­­թիւն, «նաւ» մըն է, ֆրան­­­սե­­­­­­­րէն, պուլկա­­­րերէն, ռու­­­սե­­­­­­­րէն nef, իտա­­­լերէն navata, սեր­­­պե­­­­­­­րէն, փոր­­­թուկա­­­լերէն, անգլե­­­րէն nave, լե­­­հերէն nawa, քան­­­զի ճար­­­տա­­­­­­­րապե­­­տու­­­թեան մէջ «նաւ» կը կո­­­չուի եկե­­­ղեց­­­ւոյ հիմ­­­նա­­­­­­­կան մա­­­սը, սիւ­­­նա­­­­­­­շարե­­­րու մի­­­ջեւ, հա­­­ւատա­­­ցեալ­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար սահ­­­մա­­­­­­­նուած տա­­­րածու­­­թիւնը։ Ան կը գտնուի խո­­­րանին եւ մուտքի սրա­­­հին մի­­­ջեւ։ Ու­­­նե­­­­­­­ցեր ենք «միանաւ» եւ «եռա­­­նաւ» եկե­­­ղեցի­­­ներ։ Պա­­­զիլիք տե­­­սակի շի­­­նու­­­թիւններ են անոնք։ «Եռա­­­նաւ» է այն եկե­­­ղեցին, որ ու­­­նի զոյգ սիւ­­­նա­­­­­­­շարե­­­րով բաժ­­­նուած երեք «նաւ». կեդ­­­րո­­­­­­­նական, աւե­­­լի լայն եւ բարձր նա­­­ւը, որ արե­­­ւելեան կող­­­մէն կ՚աւար­­­տի կոն­­­քով՝ ու անոր հիւ­­­սի­­­­­­­սային եւ հա­­­րաւա­­­յին կող­­­մե­­­­­­­րը՝ եւս եր­­­կու նաւ՝ «կո­­­ղային նա­­­ւեր»։ Մեր հնա­­­գոյն «եռա­­­նաւ» եկե­­­ղեցի­­­ներն են Քա­­­սաղի, Աղ­­­ցի, Երե­­­րու­­­քի եւ Եղուար­­­դի տա­­­ճար­­­նե­­­­­­­րը, Ծի­­­ծեռ­­­նա­­­­­­­վան­­­քը, Դուինի կա­­­թողի­­­կէ եկե­­­ղեցին։ Իսկ չէ՞ որ դուք նա­­­ւերը ան­­­շարժ պա­­­հելու հա­­­մար ծո­­­վու յա­­­տակին կը նե­­­տէք խա­­­րիսխ, նոյնպէս՝ եկե­­­ղեցի­­­ները ամ­­­րա­­­­­­­ցուած կ՚ըլ­­­լան երկրին՝ «գետ­­­նա­­­­­­­խարիսխ»ով, այ­­­սինքն, ամ­­­բողջ շի­­­նու­­­թիւնը կրող, յա­­­ճախ աս­­­տի­­­­­­­ճանա­­­ւոր պա­­­տուան­­­դա­­­­­­­նով։ Եւ եթէ «նաւ» մըն է տա­­­ճարը, ան­­­կասկած պի­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նար «առա­­­գաստ»։ Հայ­­­կա­­­­­­­կան ճար­­­տա­­­­­­­րապե­­­տու­­­թեան մէջ «առա­­­գաստ» կը կո­­­չուին այն չորս եռան­­­կիւնա­­­ձեւ գո­­­գաւոր կա­­­մար­­­նե­­­­­­­րը, որոնց շնոր­­­հիւ բազ­­­մանկիւն կամ կլոր թմբու­­­կը, իր գմբէ­­­թով եւ վե­­­ղարով՝ կը նստի տա­­­ճարին վրայ։ Ամե­­­նագե­­­ղեցի­­­կը՝ Արե­­­նիի Ս. Աս­­­տուածա­­­ծին եկե­­­ղեցին, Մո­­­միկ ճար­­­տա­­­­­­­րապե­­­տին շի­­­նածը 1321 թուակա­­­նին։ Ապ­­­շե­­­­­­­ցու­­­ցիչ ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւն Պա­­­րոն Հէ­­­րեան. չորս միակ­­­տուր «առա­­­գաստ»ներ, որոնց վրայ քան­­­դա­­­­­­­կուած են չորս աւե­­­տարա­­­նիչ­­­նե­­­­­­­րու խորհրդա­­­պատ­­­կերնե­­­րը. մար­­­դը, առիւ­­­ծը, ցու­­­լը եւ ար­­­ծի­­­­­­­ւը։ Իս­­­կա­­­­­­­կան քեր­­­թուած մը։

- Իսկ մենք, հա­­­յազ­­­գի ծո­­­վագ­­­նացներս գի­­­տենք եւ դեռ եր­­­կիւղա­­­ծու­­­թեամբ կը կար­­­դանք Նա­­­րեկա­­­ցիի այն տո­­­ղերը, ուր բա­­­նաս­­­տեղծը ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նօ­­­­­­­րէն կը նկա­­­րագ­­­րէ Վա­­­նայ լի­­­ճի մէջ «վայ­­­րե­­­­­­­նի ալիք­­­նե­­­­­­­րէն խոր­­­տա­­­­­­­կուած» եւ ծո­­­վամոյն դար­­­ձած նաւ մը՝ ղե­­­կը գա­­­լարած, կայ­­­մը խլուած, առա­­­գաս­­­տը պատ­­­ռած, առա­­­սան­­­նե­­­­­­­րը խզուած, խա­­­րիս­­­խին ապա­­­ւինու­­­թիւնը լու­­­ծուած...

- Ըստ Նա­­­րեկա­­­ցիի, կեան­­­քը հո­­­գիին նա­­­ւուղղու­­­թիւնն է, մար­­­մի­­­­­­­նը՝ անոր նա­­­ւը։ Բա­­­նաս­­­տեղծը կ՚ու­­­զէ գիտ­­­նալ. ար­­­դեօք իր նա­­­ւաբեկ հո­­­գին դար­­­ձեալ պի­­­տի կեն­­­դա­­­­­­­նանա՞յ. «Իցէ՞ ար­­­դեւք տե­­­սանել զփշրեալս նաւ ող­­­բա­­­­­­­լի հոգ­­­ւոյս ող­­­ջա­­­­­­­ցեալ»։ Պա­­­րոն Հէ­­­րեան, ծա­­­նօ՞թ էք Վա­­­հան Թէ­­­քէեանին։ Ձե­­­զի տա­­­րեկից պոլ­­­սա­­­­­­­հայ բա­­­նաս­­­տեղծ մըն է, կը սի­­­րէ իր գոր­­­ծե­­­­­­­րուն մէջ խորհրդան­­­շաններ գոր­­­ծա­­­­­­­ծել։ Այս տա­­­րի լոյս ըն­­­ծա­­­­­­­յած է նոր գիրք մը, որուն մէջ հա­­­ճոյ­­­քով կար­­­դա­­­­­­­ցի «Եկե­­­ղեցին Հայ­­­կա­­­­­­­կան» անուն բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը։ Հոն գտայ հե­­­տաքրքրա­­­կան փո­­­խաբե­­­րու­­­թիւններ. «Եկե­­­ղեցին հայ­­­կա­­­­­­­կան... կար­­­ծես նաւ մ՛է ծփուն», «Եկե­­­ղեցին հայ­­­կա­­­­­­­կան՝ ծո­­­վուն դի­­­մաց ալե­­­կոծ՝ նա­­­ւահան­­­գիստ մ՛է խա­­­ղաղ»։

- Պա­­­րոն ստու­­­գա­­­­­­­բանու­­­թիւն, ես ալ մեր պե­­­տակա­­­նու­­­թիւնը կը դի­­­տեմ որ­­­պէս ազ­­­գին «նաւ»ը։ Թող ան ու­­­նե­­­­­­­նայ իմաս­­­տուն եւ հե­­­ռատես նա­­­ւապետ­­­ներ ու հաս­­­նի հե­­­ռաւոր հո­­­րիզոն­­­ներ։

- Հասնի հեռաւոր հորիզոններ։