Մանկութենէս մնացած տարօրինակ սովորութիւն մըն է։ Կապ կը փնտռեմ մարդկանց անուններուն եւ բնաւորութիւններուն միջեւ։ Կան անուններ որոնք կարծես թէ ճիշդ այդ մարդուն պիտի պատշաճէին։ Դարձեալ մանկութենէս ի վեր գիտեմ թէ ծայր աստիճան յիմար մտածում մըն է այս։ Տրամաբանականօրէն ոչ մէկ իմաստ կրնայ ունենալ նման վարկած մը։ Եթէ այդպէս ըլլար Վարդանները երբեք իրաւունք չէին ունենար որեւէ բանէ վախնալու կամ սոսկելու։ Չէին ունենար որովհետեւ իրենց անուան անբաժան կցուած ածական է «քաջ» բառը։ Վարդանը քաջ պիտի ըլլայ։ Որքա՞ն իրաւացի կրնայ ըլլալ նման պարտադրութիւն մը։
Բայց միւս կողմէ լուսաբանելու արժանի պատահականութիւն մըն է թէ իմ ճանչցած բոլոր Սարգիսները անխտիր սիրելի եւ հարազատ թուացած են ինծի։ Մանկութեան տարիներէն ամենամօտ ընկերս էր Սարգիսը՝ Սարգիս Տատուրեանը, կամ ինչպէս ածականով կը կոչէինք «Չաքըր Սարգիս»ը։ Երիտասարդութեան տարիներէն սկսեալ երկու Սարգիսներ, Էրքոլ եւ Էլպէն դարձեալ իմ ամենահարազատ ընկերներն են։ Նոյնիսկ մարդիկ ի ծնէ Սարգիս չըլլան, ինչ գիտնամ օրինակի համար 30-35 տարեկանէն ետք ստացած ըլլան Սարգիս անունը, նոյն բանն է, անունը կու գայ իր շնորհով։ Այս հաստատող օրինակն ալ իմ սիրելի բարեկամ Տէր Սարգիս Քահանայ Գույումճեանն է։ Ան քահանայ ձեռնադրուելով ստացաւ Սարգիս անունը եւ միացաւ անունի շնորհը արդարացնողներուն շարքին։ Հապա ինչ ըսեմ իմ եւ իմ շրջապատի բոլորին սիրելի Սարգիս Չերքեզեանի համար։ Այս հսկայ կաղնիի, թունդ համայնավարի կերպեարը ինքնին կը բաւէ Սարգիս անունին բարի նշանակութիւն մը յուշելուն։ Իր հետ ծանօթացած տարիներուս ես 40-ներով էի, ինք 80-ներով։ Բայց մենք որքան բարի ընկերներ կրցանք ըլլալ իրարու։ Որքան մեծ ուրախութիւններ կամ կսկիծներ կիսեցինք։
60-է աւելի տարիներուն մէջ ինծի սիրելի Սարգիսներուն ցանկը դեռ կ՚երկարի Քիւլէկէչ Սարգիսէն Կիւրէհ Սարգիսին, քենեկալս Տէմիրպաշ Սարգիսէն, Թալասցի նշանաւոր «գապատայը» Սարգիսին։
Մօտ 20 տարուայ տարբերութիւնով հանդերձ մի ուրիշ Սարգիս, Սարգիս Սերովբեան եղաւ իմ հարազատ աւագ եղբայրը։ Իր հետ մեր բարեկամութիւնը ունէր աւելի քան 20 տարիներու անցեալ, որուն վերջին եօթը տարիները ապրեցանք շատ աւելի անմիջական միջավայրի մէջ։ «Ակօս»ի խմբագրատունն էր այդ միջավայրը։ Եւ հոն անհամար առիթներ ունէինք Սերովբեան Սարգիսի ընձեռած հարուստութիւնը կիսելու։ Գիտելիքներու անծայրածիր պաշար մը կուտակած էր մտքին մէջ եւ այդ պաշարէն կը բաժնէր բոլորին։ Կարծես գիտելիքներու պարկեր ունէր մտքին մէջ եւ իւրաքանչիւրին համար կը բանար զատ պարկի մը բերանը։ Ունէր հայոց աւանդական պատմութեան պարկ։ Ունէր ցեղասպանութեան պատումներու պարկ։ Այդ պարկին մէջ անհամար ընտանեկան յիշատակներ։ Ունէր դիցաբանութեան, ժողովրդական ծիսակատարութեան վերաբերեալ գիտելիքներով լեցուն պարկ։ Իրեն կը հարցնէին Տրնտեզի, Վարդավարի սովորոյթները, Սըբ Սարգիսի ծոմապահութեան նշանակութիւնները եւ հեթանոսական հաւատքներէ փոխ առնուած զանազան մանրամասնութիւններ։ Կարեւորագոյն պարկերէն մէկն ալ կը վերաբերէր Հայաստանի աշխարհագրութեան։ Տեղանունները փոխուած, աղաւաղուած բազմաթիւ գիւղերու, գաւառներու ուղեցոյցն էր Սարգիս Սերովբեանը։ Հայ, քիւրտ, ալէվի, թուրք բոլոր մոլորողները իրեն կը դիմէին։ Մէկը իր գիւղին նախկին անունը կը հարցնէր, ուրիշ մէկը գիւղին նախկին բնակիչներէն հետքեր կը որոնէր։ Սարգիսը բոլորին տալու պատասխաններ ունէր այդ պարկերուն մէջ։
Այս շաբաթ Սուրբ Սարգիս է, բոլոր Սարգիսներուն անունը շնորհաւոր։