ԿԷՕԶՏԷ ՔԱԶԱԶ
gozdekazaz@agos.com
Տիյարպէքիր, Սուրի նախկին քաղաքապետ Ապտուլլահ Տէմիրպաշի հետ խօսեցանք բախումներու եւ քրտական հարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի մասին։ Զրոյցի ընթացքին Տէմիրպաշ յաճախ «յոյս» բառը օգտագործեց։ Ան ըսաւ. «Մենք քաղաքականութեան մէջ անհրաժեշտ գինը «վճարենք», միայն թէ ժողովրդավարութիւնը զարգանայ»։ Այս օրերուն, երբ առօրեան աւելի կը դժուարանայ, եւ քաղաքականութիւնն ալ աւելի կը բթանայ, լսեցինք Ապտուլլահ Տէմիրպաշի երկխօսութեան կոչը։
Ապտուլլահ Տէմիրպաշ կը դիմագրաւէ այն դժուարութիւնները, ինչ որ պիտի դիմագրաւէր քրտական շարժման մաս կազմող եւ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան ջատագով իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչ։ 2004թ. ընտրուելով Սուրի քաղաքապետ՝ Տէմիրպաշը սկսած է Սուրի պատմական յուշարձաններու վերականգնողական աշխատանքներուն եւ առաջին անգամ կիրառութեան մէջ դրած է բազմալեզու քաղաքապետարանի հասկացողութիւնը։ Այդ պատճառով ալ հեռացուած է պաշտօնէն, դատական գործ հարուցուած է իր դէմ։ 2009թ. կրկին Սուրի քաղաքապետ կ՚ընտրուի։ Նոյն տարին կը դատապարտուի ազատազրկման՝ «Փարթիզանի եւ զինուորի մայրերի աչքերուն գոյնը կրնայ տարբեր ըլլալ, սակայն արցունքները նոյնն են» խօսքերուն համար։ Այնուհետեւ սկսած էին «Քիւրտիստանի Համայնքներու Միութեան» (KCK) դէմ գործողութիւնները։ Հինգ ամիս բանտարկութեան մէջ մնացած է։ Տէմիրպաշի կենեթիկական հիւանդութեան պատճառով հասարակական ճնշումներ սկսան, որմէ ետք զինք ազատ արձակեցին։ Ապտուլլահ Տէմիրպաշը կրկին ձերբակալուած է 2015թ.՝ այս անգամ մեղադրուելով «Քրտական Բանուորական Կուսակցութեան» (PKK-ՔԲԿ) եւ (KCK)ի անդամակցութեան համար։ Երկու ու կէս ամիս յետոյ ազատ արձակուեցաւ, սակայն երկրէն դուրս ելլելու արգելքը կը շարունակուի։ Քաղաքապետի պաշտօնը ստանձնելէ առաջ տարիներ շարունակ ուսուցչութիւն ըրած է։ Այժմ այդ կոչումէն ալ զրկուած է։
Կէօզտէ Քազազ-Ձեր առողջական վիճակը ինչպէ՞ս է։
Ապտուլլահ Տէմիրպաշ-Հոկտեմբերի 5-ին բանտէն դուրս եկած եմ։ Տիյարպէքիրի Տիճլէ Համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէի հիւանդանոցին մէջ 20 օր մնալով բուժում ստացայ։ Այժմ Իսթանպուլի Ճէրրահփաշա հիւանդանոցը պարբերական բուժում կը ստանամ ֆիզիօթերափիստի մօտ։ Բանտէն դուրս գալէ ետք որոշակի բարելաւում կայ, սակայն չեմ կրնար ըսել, որ առողջական վիճակս լաւ է։ Որոշ բժիշկներ կ՚առաջարկեն արտասահման բուժում ստանալ կամ ցօղունային բջիջներու փոխպատուաստութիւն իրականացնել։ Կրնայ արտասահման մեկնելու անհրաժեշտութիւն ըլլայ, սակայն անկարելի է, քանի որ երկրէն դուրս գալու արգելք կայ։
Կ. Ք. -Ինչո՞վ կը մեղադրուիք։
Ա. Տ.-2015 թուականին Օգոստոսի 4-ին Հայաստանէն Իսթանպուլ վերադարձայ։ Յարգարժան Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպում մը ունեցայ, ողիմպիական խաղերուն հետեւած էի՝ որպէս պաշտօնական հիւր։ Երբ եկայ Իսթանպուլ, քաղաքի կեդրոնին ձերբակալուեցայ եւ Տիյարպէքիր տեղափոխուեցայ։ Կը մեղադրուիմ ՔԲԿ/ՔՀՄ-ին անդամակցելու եւ կազմակերպութեան տնտեսական օժանդակութիւն ապահովելու մէջ։ «Քըրքլար Տաղ»ի՝ կազմակերպութեան տնտեսական օժանդակութիւն տրամադրելու մեղադրանքով ձերբակալուած եմ եւ երկու ու կէս ամիս գտնուած եմ անազատութեան մէջ։ «Քըրքլար Տաղ»ի ստեղծման թոյլտուութիւնը տրուած է պաշտօնավարութեանս ժամանակ, սակայն այն ստեղծուած է պաշտօնիս աւարտէն ետք։
Աղջիկս ըսաւ, որ ազատութեանս ուղղուած քարոզարշաւի ընթացքին ե՛ւ «Ակօս»ը, ե՛ւ սփիւռքի հայերը շատ մեծ օժանդակութիւն ցոյց տուած են։ Յատկապէս մեծ էին ԱՄՆ Ռոտ Այլանտի Քոնկրէի անդամ Տէյվիդ Սիսիլիի ջանքերը։ Ձեր միջոցով անոր շնորհակալութիւն յայտնել կ՚ուզեմ։
Կ. Ք. -Երկար տարիներ ուսուցչութիւն ըրած էք։ Ի՞նչ զգացիք, երբ տեսաք՝ ինչպէս ուսուցիչները Կրթութեան Նախարարութեան գրութիւնը ստանալէն ետք կը լքեն Ճիզրէն եւ Սիլոփին։
Ա. Տ. -Ես Տիյարպէքիրի եւ Մարտինի մէջ ուսուցչութիւն ըրած եմ 90-ական թուականներուն՝ պատերազմի ամենածանր պայմաններու, սակայն ոչ մի ուսուցիչ չէ հեռացած այն ժամանակ։ Բարոյական չէ անոնց հեռանալու կոչ ընել, սակայն այդ կոչէն ետք հեռանալն ալ մարդկային չէ։ Մարդկային կեանքը, անշուշտ, կարեւոր է, սակայն իր աշակերտներուն այդ նեղ օրերուն միայնակ թողնող ուսուցիչն ի՞նչ խղճով կը նայի աշակերտներու աչքերուն։ Արդեօք չի՞ մտածեր, թէ այդ երախաներուն կեանքը փրկելու համար ինչեր կրնար ընել, եթէ չթողնէր ու գնար։ Անհրաժեշտութեան դէպքին ուսուցիչը պէտք է պաշտպանէ իրեն վստահուած երախաներուն։
Կ. Ք. - «Քըրքլար» խորհրդարանը քաղաքական գործիչներու հետ հանդիպելու խնդրանքով հանդէս եկած է։ Ինչու՞։
Ա. Տ. -Առասպելական պատմութենէն ելլելով «Քըրքլար» խորհրդարանը կազմած ենք։ Խորհրդարանի կազմին 40 ներկայացուցիչ կայ (Քըրք կը նշանակէ քառասուն)՝ հայ, ասորի, քաղդէացի, թուրքմէն-ալէվի, քուրտ-ալէվի, տոմանի (գնչու), մահմետական, քաղաքական տարբեր տեսակէտներու տէր մարդիկ։ Բոլոր որոշումները միասին կը կայացնենք։ Որոշեցինք, որ ամենաճիշդ որոշումները այսպէս կրնանք կայացնել։ «Քըրքլար» խորհրդարանը առաջին անգամ Տիյարպէքիրի մէջ 7 տարբեր լեզուով խղճի յուշարձան կառուցեց՝ «Ցեղասպանութիւնները չկրկնուի՛ն» խորագրով։
Կ. Ք. -Այսպիսի բեւեռացման միջավայրի մէջ, յատկապէս՝ կողմերուն զսպուածութեան կոչեր ընող Թահիր Էլչիի սպանութենէն ետք ինչքանո՞վ հաւանական է երրորդ կողմի պատուիրակութիւնը ստեղծել։
Ա. Տ. -Թահիր Էլչին եւ Հրանդ Տինքը սպաննեցին։ Կարեւոր մարդիկ էին։ Այսպէսով մարդկանց վախ կը ներշնչեն, սակայն պէտք է յամառ ըլլալ։ Կը հաւատամ, որ Թուրքիոյ մէջ մտաւորականները, գրողները, գիտնականները, հասարակական կազմակերպութիւնները կրնան կարեւոր դեր ստանձնել։ Այս պատուիրակութեան մէջ բոլորին կողմէ ընդունուած մարդիկ կ՚ըլլան, եւ այս հարցը կը լուծուի։ Ինչո՞ւ նախագահի մօտ կ՚երթանք։ Ուրիշ որո՞ւն մօտ պէտք է երթանք։ Լուծումը նախ եւ առաջ այդտեղ կը փնտռենք։ Ընտրուած նախագահ ու վարչապետ կայ՝ անկախ անոնցմէ, թէ ես համակարծիք եմ անոնց հետ թէ ոչ։
Կ. Ք. -Երրորդ կողմը ինչո՞ւ այսքան կարեւոր է։
Ա. Տ. -Բանակցութիւններու դադարեցման ամենամեծ պատճառներէն մէկը կողմերու անվստահութիւնն է։ Հանդիպումները բաց եւ թափանցիկ պէտք է ըլլան եւ պէտք է երրորդ կողմի հսկողութեան տակ ըլլան։ Երրորդ կողմը պէտք է ստեղծուի Թուրքիոյ մէջ։ Խորհրդարանը այս հարցի շուրջ օրինագիծ ընդունեց եւ յանձնաժողով կազմեց, սակայն յանձնաժողովը աշխատանքներուն չսկսաւ, կամ ալ չկրցաւ աշխատիլ… 6 ամիս առաջ Թուրքիոյ մէջ այլ հարցեր կը քննարկուէին։ Ինչո՞ւ այսքան կոշտացաւ ամէն ինչ։ Երկու կողմերն ալ պէտք է ետ քաշուին, ապա երկխօսութեան ընթացքին թերութիւնները ու սխալները կը քննարկուին։ Այսօր սկսինք՝ վաղը կրնայ ուշ ըլլալ։
Կ. Ք. -10 տարի Սուրի քաղաքապետի պաշտօնը ստանձնած էք։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք «ինքնակառավարման» քննարկումները։
Ա. Տ. -Ինքնակառավարման հարցը 2005-2006 թուականներէն ի վեր կայ։ Այն Թուրքիոյ ամբողջականութեան մէջ, երկրի ժողովրդավարութեան զուգընթաց լուծման բանաձեւ է։ Կրնան այս առաջարկը ճիշդ առաջարկ չհամարել։ Սակայն այս պահուն կառավարութիւնը կարգաւորման բանաձեւ չի ներկայացներ։ Նստինք, քննարկենք, թէ ինքնակառավարման որ հատուածը թերի է։ Կարեւորն այն է, որ հիմք ընդունինք այն, որ ընդհանուր հայրենիքի մէջ պէտք է ապրինք, սակայն այլեւս չենք կրնար ապրիլ այնպէս, ինչպէս ապրած ենք նախկին ժամանակներուն։
Անհնար է 75 միլիոնանոց հասարակութիւնը Անգարայէն ղեկավարել։ Արդէն աշխարհ ապակեդրոնացման կառավարման համակարգին կ՚անցնի։ Այս քննարկումները ո՛չ թէ կը բաժնեն, այլ կը միաւորեն Թուրքիան։
Կ. Ք. -Ի՞նչն է պատճառը, որ հակամարտութիւնները յատկապէս Սուրի մէջ սրուած են։
Ա. Տ. -Սուրը Տիյարպէքիրի եւ Միջին Արեւելքի սիրտն է։ Կը փորձէինք Սուրը Տիյարպէքիրի ժողովրդավարական եւ Միջին Արեւելքի ամենակարեւոր կեդրոնը դարձնել։ Սակայն, այժմ կը փորձեն այնտեղ խաղաղութիւնը վերացնել։
Կ. Ք. -Վերջին շրջանին Սուր գացա՞ծ էք։
Ա. Տ. -Ո՛չ, հեռախօսով կապ կը պահեմ։ Շատ աւելի վատ է, երբ չես կրնար երթալ։ Այդ փողոցները անգիր գիտեմ. մանկութիւնս, երիտասարդութիւնս այնտեղ անցած է։ Այդ փողոցներու մարդկանց վիճակի մասին մտածելն անգամ ինձ մեծապէս կը խոցէ։
Կ. Ք. -Ձեր ըսածները այս իրավիճակի մէջ շատ լաւատեսական չե՞ն։
Ա. Տ. -Ստիպուած ենք ամենավատ պայմաններուն մէջ անգամ ապրեցնել յոյսը։ Կեանքի տիալեքթիական այսպիսին է։ Խաւարը տարածել ցանկացողներուն հակառակ, մենք յոյս կը մեծցնենք։ Դժուար է, սակայն հաճելի։