Հրանդ Տինքի Յիշատակման Օրակարգ

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ Յունուար ամիսով կը սկսի «Ակօս»ի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քին ձօ­նուած յի­շատակ­ման մի­ջոցա­ռումնե­րու շար­քը։ Այս տա­րի Հրան­դին սպա­նու­թիւնը կը բո­լորէ իր ին­նե­րորդ տա­րին։ Ան­ցնող ինը տա­րինե­րուն, հա­սարա­կու­թեան ու­շադրու­թիւնը շա­րու­նա­կեց վառ մնալ այս ող­բերգա­կան ոճի­րին հան­դէպ։ Պո­ղազի­չի Հա­մալ­սա­րանը արդէն աւան­դութեան մը վե­րածած է ամէն տա­րի 19 Յու­նուարին ամե­նամօտ թուական­նե­րուն հա­մալ­սա­րանի եր­դի­կին տակ յա­տուկ մի­ջոցա­ռու­մով մը Հրան­դը յի­շատա­կելու սո­վորոյ­թը։ Այս տա­րի այդ աւան­դոյթը կը շա­րու­նա­կուի հա­մաշ­խարհա­յին ճա­նաչում վա­յելած բնա­պահ­պա­նու­թեան գոր­ծիչ՝ Վան­տա­նա Շի­վայի բա­նախօ­սու­թիւնով։ Վան­տա­նա Շի­վա «Հաշ­տուիլ իրա­րու եւ աշ­խարհին հետ» խո­րագ­րեալ բա­նախօ­սու­թիւնը պի­տի ներկայացնէ 15 Յու­նուար Ուրբաթ, ժա­մը 15։00-ին հա­մալ­սա­րանի հա­րաւա­յին հա­մալի­րին մէջ։

Նոյն օր ՏուրՏէ շար­ժումը Թօփ­հա­նէ Տէ­փոյի մէջ կը կազ­մա­կեր­պէ ասու­լիս մը, նիւթ ու­նե­նալով Հրանդ Տին­քէն Թա­հիր Էլ­չի եր­կա­րող քա­ղաքա­կան բնոյ­թով սպա­նու­թիւննե­րը։ Ասու­լի­սին կը մաս­նակցին Աթիլ­լա Տի­րին, Պիւ­լէնտ Պիլ­մէզ, Ֆաթ­մա Աք­տօ­քուր, Ֆեթ­հի­յէ Չեթին, Յով­հաննէս Քը­լըչ­տաղ եւ Եըլ­տըզ Էօնէն։

«Հրանդի Ըն­կերնե­րը» անունով մէկ­տե­ղուած հար­թա­կը նա­խորդ տա­րինե­րու նման այս տա­րի ալ Հրան­դը յի­շատա­կելու հա­մար կոչ կ՚ուղղէ ոճի­րին գոր­ծուած ժա­մուն «Ակօս»ի առ­ջեւ մէկ­տե­ղուե­լու հա­մար։

Ան­գա­րայի մէջ «Գա­ղափար­նե­րու Ազա­տու­թիւն» հար­թա­կը 16 Յու­նուարին գի­տաժո­ղով մը կը կազ­մա­կեր­պէ Գը­զըլա­յի մէջ, ուր կը քննար­կուի «1915-էն Այ­սօր Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը Կը Շա­րու­նա­կուի» խո­րագի­րով։

Աքա-Տէր հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւնն ալ «Հրանդ Տին­քի Հետ Հայ, Թա­հիր Էլ­չիի Հետ Քիւրտ Ենք» կար­գա­խօսով մի­ջոցա­ռում մը կը կազ­մա­կեր­պէ։ Այս ան­գամ Չան­քա­յայի քա­ղաքա­պետա­րանի Եըլ­մազ Կիւ­նէ­յի անուան դահ­լի­ճին մէջ։ Այս մի­ջոցա­ռու­մին կը մաս­նակցին Գա­յուշ Չա­լըք­ման Կավ­րի­լօֆ, Քէ­մալ Կէօք­թաշ, ՀՏՓ-ի պատ­գա­մաւոր Միթ­հատ Սան­ճար եւ «Լի­պէր­թէ» երաժշտա­կան խումբը։

«Յե­ղափո­խական Բա­նուոր­նե­րու Հա­մայ­նա­վար Կու­սակցու­թիւն»ի (DSİP) Ան­գա­րայի մաս­նա­ճիւ­ղը հա­ւաքոյթ մը կը կազ­մա­կեր­պէ «Հարնդ Տին­քէն Թա­հիր Էլ­չի» խո­րագի­րով։

Ան­գա­րայի մէջ ալ 19 Յու­նուարին եւ ժա­մը 15։00-ին յա­տուկ մի­ջոցա­ռում մը պի­տի կա­յանայ, ուր պի­տի յի­շատա­կուի Հրանդ Տինք։

Հրանդ Տին­քի յի­շատակ­ման մի­ջոցա­ռումնե­րով ծա­նօթ հաս­տա­տու­թիւն մըն է նաեւ Մի­ջին Արե­ւել­քի Թեք­նիկ Հա­մալ­սա­րանը, որ ամէն տա­րի յա­տուկ կազ­մա­կեր­պութիւ­նով կը յի­շատա­կէ Հրանդ Տին­քը։

Զմիւռնիոյ մէջ այս տա­րի ոգե­կոչ­ման մի­ջոցա­ռում կը կա­յանայ քա­ղաքի հա­մալ­սա­րանի հա­ղոր­դակցու­թեան բաժ­նի մէջ։ Հոս դար­ձեալ 15 Յու­նուարին կազ­մա­կեր­պուած մի­ջոցա­ռու­մը կը կրէ «Մենք Իս­կա­պէս Ար­դա­րու­թիւն Կ՚ու­զե՞նք» խո­րագի­րը։ Այս հա­ւաքոյ­թի ատե­նախօսն է վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մե­րու նկա­րահան Իւմիտ Քը­վանչ։

Վե­րեւ նշած ենք մին­չեւ թեր­թիս հրա­տարա­կու­թեան ժամը մե­զի հաս­նող մի­ջոցա­ռումնե­րու ցան­կը։ Ինչպէս պա­տահած է նա­խորդ տա­րինե­րուն ալ, քա­ջաբար գի­տենք թէ երկրի տարբեր քաղաքներու եւ արտասահմանին մէջ այս շաբաթուայ ընթացքին կը կայանան զանազան միջոցառումներ, որոնց արձագանգները հազիւ գործադրութենէն ետք կը հասնին մեզի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ