Թուրքիոյ քրտաբնակ քաղաքներու մէջ շարունակուող պատերազմական իրավիճակը, թէեւ որոշ ուշացումով, սկսած է արձագանգ գտնել բովանդակ երկրի տարածքին վրայ։ Արդարեւ նախորդ շաբթու մէջ Ռաքէլ Տինքի ալ մասնակցութեամբ 106 հոգիէ հաշուող մտաւորականներէ, ակադեմականներէ, լրագրողներէ եւ արուեստագէտներէ բաղկացող խումբ մը, զօրակցութեան համար այցելած էր Տիյարպէքիր։ Նոյն օրերուն ուրիշ երկու խումբեր ալ Իզմիրէն եւ Պոտրումէն մեկնելով, տարուան վերջին օրը անցուցին բուռն բախումներու ականատես թաղերուն մէջ։
Վերջերս նման զօրակցութեան շարժում մըն ալ կազմակերպած են Գըզըլպաշ Ալէվիներու եւ Պէքթաշիներու Միութեան անդամները։ Անոնք փոխանակումով հացադուլ հռչակած են, որ պիտի շարունակուի մինչեւ պատերազմի ընթացքին աւարտը։ Այս մասին Ալէվի Պէքթաշի Միութեան ներկայացուցիչները կը յայտարարեն թէ իրենց Եւրոպայի մասնաճիւղերուն մէջ ալ նոյն բնոյթով հացադուլ պիտի կազմակերպուի յառաջիկայ օրերու ընթացքին։
Զանազան յայտարարութիւններով յայտնի կը դառնայ թէ պատերազմի գօտիին մէջ գտնուող ժողովուրդին համար բախումներէն աւելի ծանր վիրաւորանք է ապրուած իրողութեան ժխտումը եւ այդ ժխտման զուգահեռ երկրի ժողովուրդներուն դրսեւորած անտարբերութիւնը։ Երեւոյթ մը, որ բնաւ օտար չէ հայ ժողովուրդին համար, քանի որ ան վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին բոլոր հարթակներու վրայ ապացուցել կ՚աշխատի թէ մատնուած է անիրաւութեան, բայց կը դժուարանայ գոհացուցիչ արձագանգ գտնելու։ Այդ արձագանգը միայն քաղաքական դրդումներով եւ քաղաքական ակնկալութիւններով կը ներկայանայ, որ շատ անգամ մտածել կու տայ, թէ աւելի լաւ է չըլլայ այդպէս զօրակցութիւն, քան այն որ կը մնայ անկեղծութենէ հեռու։