Ռումբով յարձակում Նոր Տարուայ շեմին

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

Սու­րիոյ հիւ­սիւսա­յին հա­տուա­ծը, Թուրքիոյ սահ­մա­նին մեր­ձա­կայ Քա­մըշ­լի քա­ղաքին մէջ Ամա­նորի նա­խոր­դող օր ռումբ մը պայ­թե­ցաւ քիս­տո­նեանե­րու յա­ճախած ճա­շարա­նի մը մէջ։ Յար­ձա­կու­մի հե­տեւան­քով 16 երի­տասարդներ կը մա­հանան՝ եւ 35 հոգի ծանր կը վի­րաւո­րուի։

Տա­րուայ վեր­ջին օրը Քա­մըշ­լըի Ասո­րի Կա­թողի­կէ Եկե­ղեց­ւոյ մէջ յուղարկաւորութեան կարգ կա­տարուեցաւ այս յար­ձա­կու­մին զո­հուած­նե­րուն հա­մար։ Ստա­ցուած տե­ղեկու­թիւննե­րու հա­մաձայն զո­հուած­նե­րէն չոր­սը հա­յեր են։ Յու­ղարկա­ւորու­թե­նէն ետք զո­հուած­նե­րը միաս­նա­բար հո­ղին յանձնուեցան նոյն գե­րեզ­մա­նատան մէջ։

Վե­րահա­սու կ՚ըլ­լանք թէ, 3 Յունուար Կի­րակի օր Իս­թանպու­լի մէջ ալ Հո­գեհանգստեան արա­րողու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պուած է։ Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան մօտ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու նախ­կին ներ­կա­յացու­ցիչ Լա­քի Վին­կաս կը յայտնէ թէ դէպ­քը առա­ջին ան­գամ լսած է իր մէկ բա­րեկա­մին մի­ջոցաւ։ «Այդ շրջա­նին մէջ մեծ թի­ւով քրիս­տո­նեաներ կ՚ապ­րին։ Դէպ­քի վայ­րը քա­ղաքի յայտնի ճա­շարան­նե­րէն մէկն է, ուր երի­տասարդնե­րը հա­ւաքուած էին Ամա­նորը շնոր­հա­ւորե­լու հա­մար»։

«Ակօս» տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ զո­հուած երի­տասարդնե­րէն մէ­կուն հօ­րեղ­բօր հետ, որ իր կար­գին ման­րա­մաս­նութիւններ փո­խան­ցեց։ «Ափ­սոս որ եղ­բօրս որ­դին ալ մա­հացող­նե­րուն մէջն է։ Այդ օր եր­կու ռումբեր ար­ձա­կուած են, որոնցմէ միայն մէ­կը պայ­թած է։ Յան­կարծ եթէ յա­ջողէին երկրորդ ռումբն ալ պայ­թեցնել, աղէ­տը շատ աւե­լի ծանր հե­տեւանք կրնար ու­նե­նալ։ Մեռ­նողնե­րուն թի­ւը կրնար հաս­նիլ հա­րիւ­րի» ըսե­լէ ետք նշած է որ Քամըշլի մէջ մեծ թիւով քրիստոնեաներ կ՚ապրին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ