Արդեօ՞ք ոստիկան զօրաց 3 ներկայացուցիչ եղած է սպանութեան վայրը

Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան դէպ­քի վայ­րը գտնուող տե­սախ­ցիկնե­րու տե­սագ­րութիւննե­րը կրկին օրա­կար­գի են, քա­նի որ հա­ւանա­կանու­թիւն կայ, որ տե­սագ­րութիւննե­րուն մէջ յայտնուած մար­դոցմէ քա­նի մը հա­տը ոս­տի­կան զօ­րաց պաշ­տօ­նեաներ են։

«Էլ-Ճէ­զիրէ Թուրք»-ի տա­րածած տե­ղեկու­թեան հա­մաձայն՝ դա­տախա­զու­թիւնը հե­ռախօ­սային զրոյցնե­րէն պար­զած է, որ Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան վայ­րը ոս­տի­կան զօ­րաց 6 գոր­ծա­կալ եղած է, եւ կաս­կածներ կան, որ վե­րոն­շեալ տե­սագ­րութեան մէջ ոս­տի­կան զօ­րաց 3 ներ­կա­յացու­ցիչ կ՚երե­ւան։

Դա­տախա­զու­թիւնը կաս­կածներ ու­նի, որ «Էլ-Ճէ­զիրէ»-ի հրա­պարա­կած տե­սագ­րութիւննե­րու մէջ երե­ւացող եռեակը կրնայ Օկիւն Սա­մաս­թի «օգ­նա­կան-հսկի­չը եւ հե­տեւո­ղը» ըլ­լան։

Հե­տաքննու­թեան ըն­թացքին դա­տախա­զու­թիւնը Հե­ռահա­ղոր­դակցու­թեան եւ Կա­պի Նա­խարա­րու­թենէն պա­հան­ջած էր տրա­մադ­րել Տին­քի սպա­նու­թեան օրը սպա­նու­թեան վայ­րը գտնուող բջջա­յին հե­ռախօս­նե­րու ձայ­նագրու­թիւննե­րը։ Բա­ցայայ­տուած էր, որ ոստի­կան զօ­րաց ան­դամնե­րուն պատ­կա­նող 6 հե­ռախօ­սահա­մար սպա­նու­թեան վայ­րը գտնուած են։

Օկիւն Սա­մաս­թը իր վկա­յու­թիւննե­րուն մէջ նշած էր, որ դէպ­քի օրը իրեն հե­տեւած են։ Այս տե­ղեկու­թիւննե­րուն լոյ­սին ներ­քեւ դա­տախա­զու­թիւնը կրկին սկսած է ու­սումնա­սիրել տե­սագ­րութիւննե­րը։

Կաս­կածնե­րը յատ­կա­պէս դէպ­քի վայ­րը գտնուող եւ Օկիւն Սա­մաս­թին հե­տեւող երեք հո­գիի շուրջ են։ Դա­տախա­զու­թիւնը կաս­կածներ ու­նի, որ շրջա­կայ­քը զննող, յա­ճախ հե­ռախօ­սազ­րոյցներ իրա­կանաց­նող եւ Օկիւն Սա­մաս­թին հե­տեւող երեք հո­գին ոս­տի­կան զօ­րաց հե­տախու­զութեան աշ­խա­տակից­ներ են։

Հե­տեւած են նաեւ Տին­քի տու­նը

Հե­տաքննու­թիւնն ու­սումնա­սիրած է նաեւ Հրանդ Տին­քի՝ Պա­քըր­գիւղի բնա­կարա­նի շրջա­կայ­քէն կա­տարուած զան­գե­րու ձայ­նագրու­թիւննե­րը։ Այդ ձայ­նագրու­թիւննե­րը շատ կա­րեւոր տե­ղեկու­թիւն կը պա­րու­նա­կեն։ Յայտնա­բերուած է, որ Տին­քի տան մօ­տակայ­քին գտնուած են ոս­տի­կան զօ­րաց պատ­կա­նող քա­նի մը բջջա­յին հե­ռախօս­ներ։ Այսպէ­սով ակնյայտ կը դառ­նայ, որ ոս­տի­կան զօ­րաց ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը Տին­քի սպա­նու­թե­նէն առաջ հսկած են անոր տան շրջակայքը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ