Որքան ալ պաշտօնականացած տեսութիւն մը չըլլայ, կարգ մը պատմաբաններ կը պնդեն թէ Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Նացիներու հրէից դէմ կիրարկած Հոլոքոսթը առնչուած է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան հետ։ Այս տեսութիւնը կը կայանայ Օսմանեան իշխանութիւններու այդ ժամանակուայ Գերմանիոյ վարչապետ Օթթօ Ֆօն Պիսմարքի հետ ունեցած յարաբերութեան վրայ։ Գերմանացի պատմաբան Շթէֆըն Իհրիկ, Հարվըրտ համալսարանի մատենաշարէն հրատարակուած «Ցեղասպանութիւնը օրինականացնել» անուն գիրքին մէջ Պիսմարքէն սկսելով մինչեւ Հիթլերի իշխանութիւնը, կ՚ուսումնասիրէ հայոց նկատմամբ Գերմանիոյ մերձեցումը։ Իհրիկի հետ զրուցեցինք Պիսմարքի ու Հիթլերի ժամանակներու Գերմանիոյ քաղաքականութեան եւ նոր հրատարակուած գիրքին մասին։
ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Վարդան Էսդուգեան- Գերմանիոյ հայերու նկատմամբ քաղաքականութիւն ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Պիսմարքի շրջանին։
Շթէֆըն Իհրիկ- Այդ տարիներուն գերմանացիները հայկական խնդիր մը չունէին։ Առաջին անգամ 1878-ի Պեռլինի վեհաժողովով հայկական հարցը միջազգային բեմ եկաւ։ Յաջորդող տարիներուն Գերմանիա փորձեց հետզհետէ թափանցել Օսմանեան երկիր եւ անոր դաշնակցութիւնը վայելել։ Այդ գործընթացին մէջ հայերը անբաղձալի տարր մըն էին։
Պիսմարքի շրջանին սկսող այս հակումը աւելի ետք ալ շարունակուեցաւ եւ Գերմանիա Օսմանեան կայսրի հետ յարաբերութիւնները զօրացնելու համար շահագործեց հայկական խնդիրը։ Անշուշտ կնճռոտ խնդիր մըն էր այս։ 1890-ական տարիներու կոտորածները որոշ դժուարութիւն կը պատճառէին Գերմանիոյ։ Ի վերջոյ օգնութեան կարօտ քրիստոնեաներ կային եւ Գերմանիա անձայն մնալով կը գործակցէր Համիտեան ջարդերուն։
Հասարակութեան մէջ Օսմանեան քաղաքականութեան թեր ու դէմ զեկոյցներու եւ գործիչներու յայտարարութիւններու բախումը շարունակուեցաւ մինչեւ կոտորածներու աւարտը։ Կողմերէն մէկը կ՚ուզէր հայերուն տառապանքը տեսանելի դարձնել, իսկ միւսը պատճառաբանութիւններ կ՚արտադրէր Օսմանեան իշխանութիւնը արդարացնելու համար։ Անշուշտ այս երկրորդ հոսանքը աւելի ուժով էր քանի որ կ՚օգտուէր պետութեան աջակցութիւնը վայելող թերթերէն։ Այս տեղ ուշագրաւ է, որ հայերը երբեք քրիստոնեայ եղբայրներ ըլլալով չեն տեսնուած։ 1890-ականներուն ցեղական յատկութիւնը կրօնական յատկութենէ աւելի գերազանց էր։
Գերմանիոյ Վիլհելմ Բ. կայսրի 1898-ին Իսթանպուլ այցելութիւնը հայերուն դէմ կատարուածներուն համար նոր տեսանկիւն մը կը բերէր։ Այսպէսով բացի Գերմանիոյ անկողմնակալութիւնը եւ Օսմանցիներուն զօրակցութիւնը արդարացնելու համար պատրուակ մը արտադրելէ, հայերու զանգուածային սպանութեան համար ալ պատճառաբանութիւն մը կը բանար։ Այս մասին ամենաամօթ բայց միաժամանակ ամենայաջող մեկնաբանութիւնը կու գար բողոքական պատուելիէ մը՝ Ֆրէտրիխ Նումանէ։ Ան անբողջովին կ՚օրինականացնէր Գերմանիոյ անձայնութիւնը եւ հայոց սպանութիւնը։
Վ.Է- Կ՚ըսուի թէ գերմանացիները հայերէն աւելի օսմանցիներուն կարիք ունէին եւ այդ պատճառաւ ցեղասպանութիւնը չեն կանխած։ Բայց ինչպէս գիրքին մէջ ալ կը նշէք, գերմանացիներու հայատեաց մտայնութիւնը պատմական արմատներ ունի։ Այս մասին ի՞նչ կ՚ըսէք։
Շ.Ի- Գերմանացիներուն Ա. Աշխարհամարտին բռնած դիրքին արմատները ԺԹ. դարուն կը հասնին։ Գերմանիան իբրեւ պետութիւն եւ հասարակութիւն արդէն իւրացուցած էր իր գաղութատիրական շահերուն համար հայերը զոհելու մտայնութիւնը։ Այս միտքը բացի օրուայ քաղաքականութենէն, կը բերէր նաեւ ցեղային ընկալումներու հանգոյց մը։ Բազմաթիւ փաստաթուղթեր կան որոնք կը վկայեն գերմանացի դիւանագէտներու, կատարուած ցեղասպանութիւնը գիտնալով հանդերձ, Օսմանեան քարոզչութեան հաւատացած ըլլալը։ 1915-ի գարնան ամիսներուն խնդիրը կը դիտուէր իր զինուորական երեսակով։ Իսկ ամրան ամիսներուն Իսթանպուլի Գերմանական դեսպանատունը հասկցած էր որ կատարուածը ծրագրեալ կերպով հայոց բնաջնջումն է։ Սակայն պատերազմի շահերուն բերմամբ անգամ մը եւս անհաղորդ մնաց կատարուածին դէմ։ Այդ օրերուն Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը սկսաւ վախնալ որ պատերազմէն ետք այս ոճիրները իրենց դէմ ալ կրնան գործածուիլ։ Արդէն ցեղասպանութեան ետին գերմանացիներուն դերակատարութեան մասին գանգատներ կը հասնէին դաշնակից պետութիւններէ։ Այս գանգատներէն ազատելու համար նախարարութիւնը սկսաւ հայ անհատներու օգնած ըլլալը ապացուցող փաստեր արտադրել։ Սակայն այդ աշխատութիւնը ապարդիւն մնաց եւ Թալեաթը սպաննող Թեհլերեանին Պեռլինի մէջ դատուելու ժամանակ այս պնդումները իր գագաթնակէտին հասան։
Վ.Է- Նացիներու ցեղային աստիճանակարգին մէջ հայերը կը դիտուին իբրեւ «կէս հրեայ»։ Ի՞նչ կ՚ըսէք։
Շ.Ի- Այս մերձեցումը կու գայ ԺԹ. դարու աւարտին զարգացած ցեղի մարդաբանութեան մասին տեսութիւններէ։ Գերմանացիներուն հայատեացութիւնը յար եւ նմանն էր Միջին Եւրոպայի մէջ ծաւալած հրեատեացութեան։ ԺԹ. դարու վերջերէն սկսեալ գերմանացիները հայերը կը կոչէին «արեւելքի հրեաներ»։ Ծանօթ է Հիթլերի 20-ական, 30-ական տարեթիւերուն արձանագրուած հայատեաց գաղափարները։ Բայց նորէն ալ Նացիները Եւրոպայի հայերուն դէմ զանգուածային սպանդի մը չեն դիմած։ Անշուշտ եթէ գերմանական բանակը խորհրդային միութեան մէջ յաղթանակ արձանագրէր հայերու դէմ վերաբարումը ինչպէս կ՚ըլլար չենք գիտեր։
Վ.Է- Ձեր գիրքին մէջ կը նշէք որ Ֆրանց Վերֆէլ «Մուսա Լերան 40 Օրերը» վէպը գրած է իրենց սպառնացող վտանգին մասին հրեաները զգուշացնելու համար։ Վերֆէլ Եւրոպայի հրեաներու, Իթթիհատականներու եւ Նացիներու միջեւ ինչպիսի՞ կապ մը կը տեսնէ։
Շ.Ի- Վերֆէլ իրականութեան մէջ այս գիրքը գրած է գերմանացիները Հիթլերի դէմ զգուշացնելու համար։ Ան ընթերցողներուն կը մատնանշէր մօտալուտ ցեղասպանութեան մը վտանգը։ 1920-ական թուականներուն սկիզբը Գերմանիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին վիճաբանութիւնները այս միտքին մէջ կարեւոր դեր ունեցած են։ Գերմանական մամուլը տարիներ շարունակ ցեղասպանութեան դրդապատճառները, պատճառաբանութիւնները, նպատակները եւ գործադրութիւնը պատմեց։ Վերֆէլ 1932-1933-ի ձմրան զանազան տեղեր դասաւանդութիւններ ունեցաւ եւ իր անաւարտ գիրքէն հատուածներ ընթերցելով Գերմանիան զգուշացուց Հիթլերի դէմ։ Յատկապէս կը կարդար գերմանացի հայասէր գործիչ Յովհաննէս Լեփսիուսի 1915-ին Էնվէր Փաշայի հետ ունեցած եւ ցեղասպանութիւնը կանխելու աշխատած հանդիպումը։ Այդ տարի գրուած գրական մեկնաբանութեան մը համաձայն Վերֆէլի պատումին մէջ Լեփսիուս Էնվէրէն աւելի խօսքը ուղղած էր Գերմանիոյ։ Ան Հիթլերի դէմ իր կանխազգուշացումը չէ կրցած իր ժամանակին աւարտել։ Վէպը 1933-ի վերջաւորութեան հրատարակուեցաւ եւ շուտով արգիլուեցաւ։ Իրականութեան մէջ, անոր գրածը գերմանական եւ հրեական պատում մըն էր, բայց ընդհանրապէս կը յիշուի հայկական պատում մը ըլլալով։