ԼՈՒՑԻՔԱ ՏՈՒՏՈՒ

Լուցիքա Տուտու

Հիչ էյլէնճէսիզ ալ չէր ըլլար

Ինչ խը­տար ալ հիչ պա­նի մը մէ­տէ չկար նէ, կե­նէ ալ հոն հոս էյ­լէնճէ­ներ մը էղաւ Կա­ղան­տին կի­շերը, էս թա­քիփ ըրի։ Պա­զի ռէս­տօ­րան­ներ օթել­ներ, պի­լէթ­լի ֆիքս մէ­նիւ ըրած էին, միլ­լէ­թը օլու­խով չօ­ճոխով վա­զեց կնաց։ Էհ անանկ ալ մէ­սարիֆ պի­տի ըլ­լար, անանկ ալ… պա­րէմ պատ­րաստու­թեան էզի­յէթ չըլ­լար, տու­ներնին ալ մա­քիւր կը մնայ տէ­յիմ մտա­ծեցին զաար։ Էն շատ ալ կնիկ­նե­րուն կող­մին էկաւ հէլ­պէթ։ Մէյ մը մութֆախ, մէյ մը սե­ղան վա­զել­նուն, շիք շիք կը նստին, սէր­վի­սը օտ­քերնուն կու գայ։ Հէ­լէ քիմ պա­զի օթէլ­նե­րուն մէջ թէր­թիպլեն­միշ էղած­նե­րը խը­յախ էր։ Մէկ էր­կուքին աչք նե­տեցի, ռէս­տօ­րանը աշխտցու­նո­ղը հայ էղող­նե­րուն ճա­շերն ալ փռի­մա էր։

Ժա­մանա­կը փո­խուե­ցաւ, հի­նէն ասանկ օրե­րուն տու­նե­րը հա­ւաքո­ւիլ կար։ Հէ քիմ Կա­ղան­տին գո­նէ մին­չեւ տա­սէր­կուք տու­նը ըլ­լալ շարթ էր, սաաթը  զար­կաւ մի. ամէն մարդ էն առաջ ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րուն կը փաթ­թո­ւէր, բա­րի մաղ­թանքներ կ՚ընէր։

Պէ­րէքէ­թի հա­մար ճու­րե­րը կը պա­ցուէր, չա­րը տա­նի տէ­յիմ չա­նախ չէօմ­լէք կը կոտ­րո­ւէր, հին տա­րին շուտ հե­ռանայ տէ­յիմ թէն­ճէ­րէ թա­վա զար­նե­լով փա­թըր­տը կը հա­նուէր։ Ան սաաթէն ետ­քը տու­նին կէն­ճե­րը տուրս կ՚ել­լա­յին, մեն­ծե­րուն ծառք պագնլեու կ՚եր­թա­յին էտե­ւէն ալ իրար­մով կ՚ըլ­լա­յին։ Հի­մա, Ծնունտին կի­շերը պի­լէմ ռէս­տօ­րան կ՚եր­թան կոր։ Նէյ­սէ նէ ան­ցան ան օրե­րը ար­թըխ։ Ին­ծի կէօրէ­յի պան չկայ զա­թը տէ, տուք ծառ­քերնիդ ու­նե­ցած­նուդ յար­գը կիտ­ցէք, օր կու գայ ասոնք ալ կը փնտռէք։

Կա­ղան­տին կի­շերը ծուն գա­լը պուտ մը հին օրե­րը յի­շեցու­ցին հէլ­պէթ ամա շիք շիք հագ­նե­լով տուրս էլ­լող կնիկ­նե­րուն փէք կոր­ծին չե­կաւ։ Էօյ­լէ եա, նէ մազ կը մնայ նէ օտք… ատ շիք ֆիս­տա­նին տա­կէն պուտ մը չըթ­քը­րըլ­տըմ, բարձր էօք­ճէ­լի կօ­շիկ կը վայ­լէ։ Անոնք ալ շիք կօ­շիկ­նին քո­վեր­նին առին, եւ օտ­քերնին ալ ճիզ­մէ­ները ան­ցուցին։ Կա­ցած տե­ղեր­նին, վէս­տի­յերը կօ­շիկ փո­խելու սը­րային մտան։ Պա­զիներն ալ տա­հա լիւքս էին, ռէս­տօ­րանը էրթցո­ւելիք օթե­լէն օտա զա­տել տո­ւին։ Շի­տակ  վեր էլան, վրա­նին կլոխ­նին, մա­զեր­նին ֆա­լան շտկրտե­լով շը­խըր շը­խըր ռէս­տօ­րան մտան։ Չօ­ճոխ ու­նե­ցող­նե­րը սաաթէ մը ետ­քը անոնք օտա ղրկե­ցին քնա­ցու­ցին,  իրենք ալ ըռա­հաթ մը էյ­լէնմիշ էղան։ Վե­րադար­ձին, յոգ­նած դադ­րած ճամ­բա­ները սիւրիւնմիւշ ըլլալնուն, օտանին էլան պարկեցան։ Ի՞նչ ըսեմ. Աստուած աս օրերնիդ փնտռել չտայ իշշալլախ։