PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Իրաւունք չունինք յոյսէն հրաժարելու

Ժամանակը ունի իր յատուկ կշռոյթը։ Մեր կեանքը ճղճիմ նշանակութիւն մըն է այդ կշռոյթին դիմաց։ Մարդկային մտքի թերացում մը իբրեւ, կը կարծենք որ տարին շուտ անցաւ։ Մինչդեռ ան կը դեգերի իր կանոնով, իր կշռոյթով, ու իր ժամանակով։ Մեզի համար խաբուսիկ երեւոյթը կը ծագի փորձառութենէ։ Մանուկ հասակին, երբ սեփական գիտելիքներու պաշարը շատ նուազ է, մեզի այնպէս կը թուի թէ տարին դանդաղ կ՚անցնի։ Մինչդեռ աշխարհ միշտ նոյն ժամանակի տեւողութեամբ կ՚աւարտէ արեւի շուրջ իր պտոյտը։ Հետզհե­տէ երբ տա­րինե­րու հո­լովոյ­թով կ՚աւել­նայ մեր գի­տելքնե­րը, այս ան­գամ ալ կը կար­ծենք թէ տա­րին արագ սլա­ցած է։ Ո՛չ թէ տա­րին, այլ մեր կեան­քին տե­ւողու­թիւնն է արագ սլա­ցողը։ Աւար­տած ենք վե­րել­քի ժա­մանակ­նե­րը եւ հա­սած ենք վայ­րէջքի պա­հուն։ Տա­կաւին ան­կա­տար իղ­ձեր ու­նինք ան­հա­մար եւ վախ ու­նինք նաեւ չհաս­նե­լու, չհասցնե­լու վե­րաբե­րեալ վախ մը։ Այս վախն է որ մտա­ծել պի­տի տայ թէ ժա­մանա­կը արագ կը սլայ։ Ի՞նչ կրնանք ըսել։ Այսպէս շա­ղուե­ցին մեզ։ Կը դժո­ւարա­նանք ամե­նաիրաւ իրո­ղու­թեան հետ հաշ­տո­ւելու։ Եւ այդ չհաս­նե­լու չհասցնե­լու երե­ւոյ­թը կը փոր­ձենք բա­ցատ­րել տա­րուայ արագ ըն­թա­ցու­մով։ Եթէ «մեր» իղ­ձե­րը չեն իրա­կանա­ցած պի­տի կրնա­յինք «հոգ չէ» ըսել։ Պի­տի գտնէինք այդ բո­լորէն հրա­ժարե­լու հա­մար մխի­թարող պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւն։ Բայց երբ խօս­քը կը վե­րաբե­րի ոչ թէ մեր ան­հա­տական ագա­հու­թեան, այլ հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թեան հա­մար ցան­կութիւննե­րուն, այն ատեն ակա­մայ կ՚ընդվզինք։ Այդ տե­սակի ընդվզում մըն էր որ կ՚ար­տա­յայ­տէր ծա­նօթ մտա­ւորա­կան Չէ­թին Ալ­թան իր կեան­քի աւար­տին մօ­տեցող օրե­րուն՝ «Այս այն եր­կի­րը չէ՛ որ թոռ­նե­րուս ժա­ռան­գել պի­տի ու­զէի»։ Իրաւ ալ ճիշդ հոս է կա­րեւոր հար­ցադրու­մը։ Յոյ­սը՝ որուն կա­րօտը ու­նինք այնքան, կը կար­ծենք որ թո­ղած է մեզ ու հե­ռացած։ Նոյն պա­հուն կը մտա­բերենք թէ որ­քան կարճ է կեանք կո­չուա­ծը։ Դար­ձեալ մարդկա­յին միամտութեամբ կը կար­ծենք որ, եթէ քիչ մը եւս ժա­մանակ ու­նե­նայինք, ին­չեր ու ին­չեր կրնա­յինք փո­խել։ Ո՛չ սի­րելի ըն­թերցող յստակ է մարդ արա­րածին շնոր­հուած ժա­մանա­կի տե­ւողու­թիւնը։ Աւե­լին սպա­սելը անի­մաստ է։ Ու­րեմն օրը այս օրն է, որ պի­տի իմաս­տա­ւորենք, կամ ալ թա­փուինք անի­րաւու­թեան ծո­վուն յա­տակը։ Տո­ւեալ այդ ժա­մանա­կի հա­տուա­ծին մէջ է որ երկրա­գունդի վրայ մեր գո­յու­թիւնը իմաստ մը պի­տի ստա­նայ, կամ բո­լորո­վին անի­մաստ ու­նայնու­թեան մը վե­րածո­ւի։ Ա՞յս է որ պէտք է գրէինք ճիշդ այն թո­ւակա­նին, ուր մար­դիկ կը պատ­րաստո­ւին իրենց կեան­քին մէջ սպի­տակ էջ մը բա­նալ։ Բայց ի՞նչ ընես, այնքան յա­ճախա­կի եղան որ խաբ­կանքնե­րը, սպի­տակ նոր էջի մը խոս­տումը ան­գամ կաս­կա­ծով կը դի­տենք։ Վեր­ջին ան­գամ Թուրքիոյ նախ­կին վար­չա­պետ­նե­րէն Թան­սու Չիլ­լէր դի­մած էր սպի­տակ էջի այս բա­րեփո­խական իմաս­տին եւ մե­զի հա­մար դառն փոր­ձա­ռու­թիւն մը եղած էր տես­նել թէ ի՞նչ դուրս եկաւ Չիլ­լէ­րի խոս­տա­ցած սպի­տակ էջէն։ Այ­սօր մար­դիկ սար­սա­փով կը յի­շեն անոր իշ­խա­նու­թեան տա­րինե­րը եւ իրա­րու վախ կը թե­լադ­րեն ըսե­լով թէ «կրնանք վե­րադառ­նալ 90-ական տա­րեթիւերուն»։ Բայց ինչպէս ամէն ծնունդ, Մանուկ Յիսուսի ծնուննդն ալ մեզ պէտք է յոյս պարգեւէ եւ այդ յոյսով պէտք է դիմենք իրարու՝ Յիսուս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ Ձեզի, Մեզի Մեծ Աւետիս։