Հայաստանեան Ամանոր

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Պայմաններու բերումով այս տարի դէպի Հայաստան կատարած մեր չորրորդ այցելութիւնը զուգադիպեցաւ Ամանորի նախորդող շաբաթուան։ Հայրենի երկրի մայրաքաղաքի փողոցներուն վրայ կը տեսնէինք նախորդ շաբաթուայ տեղումէն մնացած ձիւնը։ Այս ամիսներուն Երեւանի փողոցները չեն ունենար այն հոծ բազմութիւնը, զոր կարելի է տեսնել տարուայ մնացեալ ինը ամիսներու ընթացքին։ Սակայն այս օրերն ալ ունին իրենց յատուկ եռուզեռը։ Դպրոցները արդէն արձակուած էին եւ ժողովուրդը մատնուած Ամանորի յատուկ յուզումներու։

Քաղաքի գլխաւոր հրապարակին վրայ կանգնած 33 մեթր բարձրութեամբ տօնածառը արդէն բոլոր տեսնողներուն կը յուշէ մօտեցող տօնը։ Բացի այդ գլխաւոր ծառէն, մայրաքաղաքի բոլոր հրապարակներուն վրայ կը հանդիպինք հասակով աւելի փոքր, բայց շքեղութեամբ նոյն գեղեցկութիւնը դրսեւորող տօնածառերու։

Հիւսիսային պողոտան թէեւ թափուր մնացած շէնքերով չէ արդարացուցած նախատեսուած ճոխութիւնը, բայց Կաղանդի նախօրեակին փողոցին վրայ բացուած կրպակներով ան ալ ստացած է Ամանորի յատուկ հմայք։ Մնաց որ այս փողոցը միշտ ունեցաւ նաեւ երաժշտական երանգ մը։ Արդարեւ փողոցի երաժիշտներ օրնիբուն փոքրիկ համերգներ կը սարքեն այս փողոցին վրայ։ Սակայն ինչպէս ըսինք գրութեան սկիզբը, տարին ունի իրեն յատուկ դժուարութիւններ, որոնց գլխաւորն է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին պատահած զինադադարի խախտումները։ Զոհուող ամէն զինուոր խոր սուգ կը յառաջացնէ հայաստանցիներու մօտ եւ տխրութեան կը վերածէ ժողովուրդին ուրախութիւնը։ Սակայն ով ի՞նչ կրնայ ըսել որ ժողովուրդ ըլլալը իրեն յատուկ նշանակութիւն ունի եւ կը պահանջէ յատուկ գիտակցութիւն։ Մենք վայելելով Հայաստանի քաղաքացիներու Ամանորեայ ոգեւորութիւնը ուզեցինք այդ շունչով ողջունել «Ակօս»ի ընթերցողներու Նոր Տարին։

Եթէ կան ուրիշ լեզուներու մէջ նման օրինակներ, մենք աւելի ուրախ պիտի ըլլանք։ Բայց գիտենք միայն հայերէն տարբերակը՝ «Տէր Ողորմեայ, Տէր Ողորմեայ, Տուր Աշխարհիս Խաղաղութիւն»։

Ահա այս բարեմաղթանքով կ՚ողջունենք Ամանորը եւ Քրիստոսի Ծննդեան խորհուրդը։

«Յիսուս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ։ Ձեզի, Մեզի Մեծ Աւետիս»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ