Անցան ու շատ հեռուները մնացին մանկութեան տարիներու Կաղանդի ուրախութիւնը։ Շատ երկար ատենէ ի վեր կ՚ապրինք մանուկները ուրախացնելու միջոցներ հնարելով մենք ալ իրենց ուրախութենէն բաժին ստանալու երեւոյթը։ Ինչ խօսք, եթէ յատուկ ջանք չվատնենք ուրախացնելիք մանուկ գտնելու անգամ պիտի դժուարանանք մեր շուրջ։ Կ՚երեւի ելքը կատարած ենք եւ կը քալենք վայրէջքի շրջանը։ Եթէ անհատական դիտեմ, դարձեալ ունիմ մխիթարութեան բազմաթիւ պատճառներ։ Այս յօդուածը գրելու պահուն իմ կողքին է Գարինը։ Իմ գործընկերն է ան։ Աւելի ճիշդ 20-է աւելի գործընկերներէն մէկը։ Այս ալ իր կարգին ուրախութիւն է։ Շրջապատուած եմ երիտասարդներով, որոնց հանդէպ մեծ սիրով լեցուած եմ եւ կը տեսնեմ թէ փոխադարձ ունի իմ այս զգացումը։ Կրնամ փառք տալ սեփական ընտանիքէ ներս մեզ շրջապատող երիտասարդներուն համար ալ։ Ի վերջոյ որոշ տարիքէ մը ետք «այս տարուան Ամանորին ալ արժանացանք» մտածելը իսկ ինքնին մխիթարիչ է։
Բայց ի՞նչ ընես որ մարդ արարածը սահմանուած չէ միայն իր անհատական շրջանակով։ Հազիւ քանի մը օր առաջ Հայաստանն էի ու տեսայ թէ սահմանագծին վրայ զոհուած ամէն զինուոր ինչպէս խոր սուգ կը յառաջացնէ ամբողջ ժողովուրդին վրայ։
Իմ ապրած երկրին մէջ ալ «խաղաղութիւն» կոչուածը շատ հեռու կ՚երեւի։ Չէի լսած ոսպի ապուրի փրփուրին կենսարար յատկութիւնը։ Մայր մը պոկուած էր իր նորածին զաւակէն։ Ինք մնացած էր ուրիշ տեղ, նորածին մանուկը ուրիշ։ Ազգականներ ութ օր շարունակ մօր ծիծի փոխարէն այդ փրփուրով սնուցած էին մանուկը։ Մեծ հայրը հազիւ ութերորդ օրը ձեռք բերաւ յատուկ թոյլտուութիւն որ նորածին մանուկը տանի մօր քով։ Մարդիկ տուներու մէջ իրենց զոհուած հարազատներուն դիակներով ապրելու դատապարտուած են, քանի որ իրաւունք չունին տունէն դուրս ելլելով գերեզման երթալու եւ թաղում կատարելու։
Այս բոլորը կը գործադրուին ժողովուրդի մը դէմ, որ հազիւ նոր գտած է ազգային գիտակցութիւնը։ Այդ գիտակցութեան պատճառաւ ալ իր մէջ կը զարգացնէ դիմադրութեան կամք եւ կորով։ Կը պայքարի իր հարազատ քաղաքը ռմբակոծող հրասայլերուն դիմաց։ Հրասայլերուն ու թնդանօթներուն դիմաց իր միակ զէնքը քարն է, եւ մոլոթոֆեան պայթուցիկներերը։
Ինչ զարմանալի երեւոյթ, հարիւր տարի հերթականութեամբ նոյն սարսափը կը բեմադրուի նոյն հողերուն վրայ։ Այն ատեն հայերու ինքնավարութիւնը կամ պահանջած բարելաւումները կանխելու համար ցեղասպանութիւն կիրարկող Թուրքիոյ պետական քաղաքանութիւնը այսօր նման պահանջներով ներկայացող քիւրտերուն դէմ կը փորձէ նման բնոյթի բռնութիւն մը։ Քիւրտերու քաղաքական միտքը այս կրկնութիւնը տեսնելով կը խոստովանի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն, իր մեղսակցութիւնը գործադրուած ոճիրին մէջ։
Հայու մտայնութիւնը չարտօնէր որ այս իրողութիւնը տեսնելով, անփոյթ ըլլայ գործադրուած զուլումին դիմաց։ Հայերէն ասացուածքներու մթերքին մէջ գոյութիւն չունի «ինձ չխայթող իժը հազար ապրի»ի նման յորդոր մը։ Ո՛չ, մենք իժը տեսնելով ստիպուած ենք գլուխը հատելու։ Չըլլայ որ մեզ չխայթող այդ վտանգը երթայ եւ մի գուցէ մեզի անծանօթ ուրիշի մը վնաս հասցնէ։
Այս գիտակցութիւնն է որ Միսակ Մանուշեանը տարաւ Ֆրանսան ազատագրելու պայքարին մէջ նահատակուելու։ Այս գիտակցութիւնով հայ ժողովուրդը զոհեր տուաւ Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին։
Իսկ այս բոլորը կու գան աղ ու պղպեղ լեցնելու մեր Կաղանդի սեղանին վրայ դրուած անուշապուրին։
Փոխանակ կոյր ու անզգամ ըլլալու եկէ՛ք բաժնենք տառապողներուն կսկիծը եւ այս տարի աղի ճաշակենք անուշապուրը։