Մեր թերթի հայերէն էջերու բաժնի աշխատակից Լուսյէն Քոփար այս շաբաթուայ համար հարցազրոյց մը կատարած է Տիյարպէքիրի մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչի մը հետ։ Իրեն բոլորովին անծանօթ այդ ուսուցիչին սիրած է ձայնէն «եղբայր» կոչումով։ Հարցազրոյցի մուտքի բաժնին մէջ ան կ՚ըսէ հետեւեալը՝ «Սա պահուն կ՚ուզեմ Տիյարպէքիր ըլլալ, կամ Ճիզիր, Մծբին, Տիգրանակերտ։ Կանգնիլ փողոցի մը վրայ եւ թոքերուս բոլոր շունջով գոռալ՝ ցաւերնիդ կիսելու համար եկած եմ։ Ես մինուճար մի կին, ուժս նուազ, կարողութիւնս նուազ, ձայնս նուազ, բայց ինչ որ ունիմ թէ չունիմ եկած եմ ձեզ հետ կիսելու»։
Ցնցիչ էր իմ գործընկերոջ այդ արտայայտութիւնը։ Իսկապէս ալ իմ եւ իմ շրջանակի մէջ շատերուս զգացումներուն թարգման եղող պոռթկում մը կար այդ տողերուն մէջ։ Ի վերջոյ կատարուած հարցազրոյցի աւարտին անծանօթ եղբայրը կը պարզէր այդ պոռթկումի կարօտը իր ապրած քաղաքին եւ քաղաքացիներուն անունով։
«Ուրախութիւնը կիսելով կը շատնայ, իսկ վիշտը կիսելով կը նուազի» կ՚ըսէ ժողովրդական առածը։ Այս վիշտը նուազեցնելու ժամանակն է։ Այս տարի տօնածառ չենք սարքած մեր տան մէջ։ Սգաւոր ենք։ Հազիւ քանի մը ամիսներ առաջ էր, երբ կորսնցուցինք ընտանիքի հարազատներէն մէկը, իմ աներձագը, կնոջս եղբայրը, որդիներուս քեռին։ Բայց եթէ ապրած չըլլայինք այդ դառն կորուստը, հաստատ կրնամ ըսել որ մենք դարձեալ տօնածառ պիտի չզարդարէինք։ Ինչպէս որ չէինք զարդարած Սպիտակի երկրաշարժի տարին։ Ունինք բարեկամներ, որոնց հետ կապը կը շարունակենք տարին գէթ մէկ անգամ Ամանորի շնորհաւորութեան բացիկներով։ Այդ տարի փոխարէն գունաւոր պէսպիսուն բացիկներու, սեւ խաւաքարտերու վրայ սպիտակ գրիչով փոխանցած էինք մեր բարի մաղթանքը երկնային հանգիստ մաղթելով նաեւ երկրաշարժի զոհերուն։ Իրաւ տկար է մեր մարմինը։ Բայց եթէ յաջողինք միասնաբար մէկտեղուելով գոռալ թէ՝ գոնէ հոգիս յօժար չէ։ Վստահեցէք սիրելի ընթերցող մեր այդ ընդվզումը կը հասնի երկինք եւ կ՚ունենայ իր անդրադարձը։ Եւ այս պահուն չըլլայ ու չըլլայ թէ փորձենք իյնալ սատանայական վրիժառութեան մը ծուղակին։ Պահը ուրիշ բան կը թելադրէ մեզ յանուն մարդկութեան, յանուն համաշխարհային խաղաղութեան։ Այսինքն յանուն բոլոր այն արժանիքներուն, որոնց շնորհիւ մարդը իսկապէս մարդ է եւ ոչ միայն երկոտանի։
Կարդալով Լուսյէն Քոփարին աղաղակը ակամայ մտաբերեցի, թէ որքան լաւ պիտի ըլլայ այս տարի Նոր Տարին դիմաւորել ճիշդ ալ այդ վիրաւոր քաղաքներէն մէկուն մէջ։ Միօրեայ այցելութիւն մը կատարէինք, այդ վիրաւոր հողերուն եւ դիմացնիս ելլողին յայտնէինք թէ եկած ենք իրեն համար։ Այս տարի հեռու մնայինք Կաղանդի ճոխ սեղաններէն։ Նուէրներու փոխարէն մեր բարի կամեցողութիւնը տանէինք մեզ հետ։ Եթէ յաջողեցանք, ընտանեօք կատարէինք այդ այցելութիւնը։ Բազմանդամ ընտանիքի մը տունը այցելէինք։ Համոզէինք որ բոլորովին առանձին չեն այդ շրջափակումի մատնուած քաղաքներուն մէջ։ Ծանօթ թէ անծանօթ քոյրեր ու եղբայրներ ունին երկրի տարբեր քաղաքներէ ներս։ Ինչ խօսք՝ նոյնիսկ այլ երկիրներուն, այլ քաղաքներուն մէջ անգամ։ Կիսէինք վիշտը որ նուազի, մեզ հետ ետ, մեր տունը բերէինք «Աստուածահաճոյ» կոչուածին իսկական իմաստը եւ այդ իմաստը ամբողջ տարին լուսաւորէր մեր գործն ու բանը։