PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Վաղը շատ ուշ է

Պşատերազմ ըսուածին կատարեալ չարիք մը ըլլալը գուշակելու համար արտակարգ մտքի կարողութիւններու կարիք չկայ։ Փոքր ինչ դատելու կարողութիւն ունեցողը պիտի կռահէ այս իրողութիւնը եւ ամէն ջանք պիտի թափէ պատերազմ կոչուած փորձանքը կանխելու համար։ Սակայն ինչպէս կ՚ըլլայ որ այսքան պարզ ու յստակ իրողութիւնը իսկ կ՚անտեսուի եւ երկիրներ դիւրաւ կը դրուին այդ չար փորձին առջեւ։ Գիտենք թէ ինչպէս եւ ինչու կը գործէ պատերազմը գործադրող այդ մեքենականութիւնը։ Իրաւ ալ, եթէ պատերազմը մարդկային փորձանք է, նաեւ պէտք է գիտակցինք որ ոչ բոլոր մարդկանց համար։ Կան մարդիկ որոնք պատերազմի շնորհիւ յարմար գետինը կը գտնեն իրենց չարագործութիւնը գործադրելու։ Պատերազմը իր ապրուստը աշխատանքով ապահովողին համար փորձանք է։ Անդին կայ առիթէն օգտուողը։ Անդին կայ պատերազմի ընձեռած զրկանքներու մէջ սեփական շահը բազմապատկողը։ Եւ նոյնիսկ կան քաղաքական գործիչներ, որոնք միայն պատերազմի պայմաններու առկայութեան է որ պիտի յաջողին իրենց քաղաքական նպատակները իրականացնել։

Պատերազմ ըսուածին կատարեալ չարիք մը ըլլալը գուշակելու համար արտակարգ մտքի կարողութիւններու կարիք չկայ։ Փոքր ինչ դատելու կարողութիւն ունեցողը պիտի կռահէ այս իրողութիւնը եւ ամէն ջանք պիտի թափէ պատերազմ կոչուած փորձանքը կանխելու համար։ Սակայն ինչպէս կ՚ըլլայ որ այսքան պարզ ու յստակ իրողութիւնը իսկ կ՚անտեսուի եւ երկիրներ դիւրաւ կը դրուին այդ չար փորձին առջեւ։ Գիտենք թէ ինչպէս եւ ինչու կը գործէ պատերազմը գործադրող այդ մեքենականութիւնը։ Իրաւ ալ, եթէ պատերազմը մարդկային փորձանք է, նաեւ պէտք է գիտակցինք որ ոչ բոլոր մարդկանց համար։ Կան մարդիկ որոնք պատերազմի շնորհիւ յարմար գետինը կը գտնեն իրենց չարագործութիւնը գործադրելու։ Պատերազմը իր ապրուստը աշխատանքով ապահովողին համար փորձանք է։ Անդին կայ առիթէն օգտուողը։ Անդին կայ պատերազմի ընձեռած զրկանքներու մէջ սեփական շահը բազմապատկողը։ Եւ նոյնիսկ կան քաղաքական գործիչներ, որոնք միայն պատերազմի պայմաններու առկայութեան է որ պիտի յաջողին իրենց քաղաքական նպատակները իրականացնել։

Հազիւ մէկ շաբաթուայ ընթացքին Թուրքիա երկու առիթներ ստեղծեց երկիրը պատերազմի դաշտի վերածելու համար։ Առաջին փորձով խորտակեց ռուսական ռազմական ինքնաթիռ մը պատճառաբանելով, թէ ան հատած է թրքական սահմանագիծը։ Մինչդեռ ինչ զարմանալի, իր երկրին սահմաններուն համար այսքան նախանձախնդիր Թուրքիա չի վարանիր, իբրեւ թէ ահաբեկիչներու թաքստոցները ոչնչացնելու պատրուակով հարեւան երկրի օդային տարածքը հատել։ Դեռ մօտ անցեալին թրքական ինքնաթիռներ, քանի-քանի յարձակումներ գործած են Իրաքեան սահմանէ ներս։ Այստեղ զիրենք վստահեցնողը այդ երկիրներուն իրենց սեփական սահմանը պահելու կարողութիւնը կորսնցուցած ըլլալն է։ Ապա թէ ոչ Թուրքիան չէր յամարձակեր այսքան անփոյթօրէն ուրիշ երկիրի մը սահմանէն ներս խուժելու։

Շան անգամ պատմութիւնը մեր աչքերուն առջեւ կը գրուի։ Բայց մենք կը դժուարանանք այս յստակ տեսարանը մեկնաբանել։ Կը սիրենք այդ յստակը ուրիշ երեւոյթներով բացատրել։ Նոյնը պատահած էր դար մը առաջ, երբ ազգի մոլեռանդ դաւաճան մը՝ Էնվէր Փաշա, գործիչը Գերմանական գաղութատիրութեան, իր անհատական կիրքերէն հարբած համագործակցելով մի այլ դաւաճանի՝ Թալեաթի հետ Օսմանեան Երկիրը դրաւ պատերազմի փորձանքին դիմաց, կործանման տանելով ամբողջ Օսմանեան Կայրսութիւնը։ Եւ այդ փորձանքին մէջ կայսրութիւնը փուլ եկաւ հայ ժողովուրդի գլխուն։ Ցաւալի է հարիւր տարի անց նման կիրքերու հաշւոյն պատերազմի շունչը այսքան մօտէն զգալ։

Այս համայնապատկերին մէջ ըլլալով հանդերձ երկրի իրողութենէն ամբողջովին հեռու ապրող հասարակութեան համար գիտեմ որ ծանր յոռետեսութիւն մը կը թելադրեն այս տողերը։ Լճէն, Շրնաքը, Մծբինը, Տէրիքը բաւական հեռու են մեր ապրած թաղերէն եւ Մուսուլն ալ արդէն սահմանէն դուրս։ Կողքի սիւնակներուն մէջ կը պատմենք հալէպահայ ընտանիքի մը Եգէականի ջուրերուն մէջ ոչնչացումը։ Վստահ եմ որ անոնք ալ դէպքերու սկսած ժամանակ բնաւ չէին մտաբերած, այն ինչ, որ այսօր յստակ իրողութիւն է։

Պատերազմը ծագելէն ետք կասեցնելը մեր կամքէն հեռու կրնայ ըլլալ։ Եթէ ունինք որեւէ միջոց, եկէք գործադրենք այդ միջոցը պատերազմին ծագիլը կանխելու համար։