Մարդկութիւնը ճարահատ է այժմու անցուդարձերուն դիմաց։ Ոչ մէկ բան նախկին կանոններով կը քալէ ներկայ դրութեան մէջ։ Մինչդեռ պիտի կարծուէր թէ քաղաքակրթութեան նուաճումները պիտի կարենային դասաւորել մարդկութեան բոլոր խնդիրները շնորհիւ գիտութեան նուաճումներուն։ Կ՚երեւի թէ մարդ արարածի թերութիւններէն է, դրական հետեւանք տալու կարողութիւն ունեցող յատկութիւններէն իսկ չարութիւն քամել։ Եթէ ամէն ինչ ընթանար բարի նպատակի հիմքերուն վրայ, այսքան միամիտ ցանկութիւն մը պիտի չըլլար գիտութեան նուաճումներէն բարիք ակնկալելը։ Բայց ո՛չ, մարդու եսասիրութիւնը, եսակեդրոն միտքը արգելք եղաւ այդ արդիւնքին եւ մեզի մնաց ահաբեկչական որեւէ արարքին դէմ զարմանքի ու ափսոսանքի բաժինը միայն։ Կը դժուարանանք այսքան չարիքը տրամաբանութեան մը մէջ բացատրելու համար։ Նպատակ մը կը փնտռենք, իմաստ մը ունեցող նպատակ մը, բայց չենք կրնար գտնել։ Մեր գտած բացատրութիւնը, նոյնիսկ մեզ չգոհացներ։ Չենք կրնար համոզուիլ կատարուածին հետապնդած նպատակին։ Թերեւս այս ալ միամտութեան երեւոյթ մըն է։ Կրնայ ըլլալ որ յստակ նպատակ մը երբեք գոյութիւն չունենայ եւ չարութիւնը ինքնին նպատակ դարձած ըլլայ։ Կարծես այս երեւոյթը լաւագոյն մեկնաբանողներէն եղաւ Փրանկիսկոս Պապը, որ եղելութիւնը մեկնաբանեց որպէս պատերազմ։ Պատերազմ՝ այն տարբերութիւնով որ շատ անգամ յստակ է պատերազմի տեղի տուող գործօնները։ Բայց նման դէպքերու մէջ բոլոր այդ վերագրումները ի սպառ կը ցնդին եւ յետին կը մնայ անիմաստութեան հսկայ երեւոյթ մը միայն։ «Ինչո՞ւ» հարցումը իմաստալից ոչ մէկ պատասխան կը գտնէ։ Եւ այսպէս կը զոհուին մարդիկ իրենցմէ շատ հեռու շահերու կամ նպատակներու համար։ Մինչդեռ, թերեւս ամէն բան այնքան ալ պղտոր չէ։ Պղտորութիւնը կու գայ մեր յիշողութեան տկարութենէն։ Պղտորութիւնը կու գայ մեր անփութութենէն։ Ի վերջոյ կազմած ենք իբրեւ թէ ազգային պետութիւններ եւ հիմա պիտի սպասենք որ այդ պետութիւնները կառավարելու համար մեր կողմէ պաշտօնի կոչուածները արդէն ապահովեն մեզի համար պիտանի ամէն ինչը։ Մենք այլեւս համբերութիւն չունինք «ինչո՞ւ» հարցնելու։ Անոնք պիտի ըսեն մենք պիտի հաւատանք եւ յետոյ ալ պիտի զարմանանք մեր գլխուն եկածները մեկնաբանելու համար։ Երանի քիչ մը աւելի զգոյշ ըլլայինք։ Օրինակի համար մեր քաղաքական գործիչներուն հարց տայինք, թէ ի՞նչ ընել կ՚աշխատին, երբ կը փորձեն միասնաբար կործանել երկիր մը, որուն հետ ուղղակիօրէն խնդիր մը չենք ունեցած։ Բայց ինչ զարմանալի, համայն աշխարհի մարդկութեան համար շահեկան երեւոյթ է սեփական տան ապահովութեան մէջ շարժանկարի ֆիլմի մը նման դիտել ուրիշներուն մատնուած փորձանքը։ Միամիտօրէն համոզուիլ, որ մենք լաւին արժանի ենք եւ մեզմէ դուրս ամէն մարդ վատին։ Ի՞նչ ըսենք, հետզհետէ կը սորվինք, բայց բաւական սուղ կ՚արժէ այդ ուսումը։ Եւրօմիութիւնը կազմող բոլոր երկիրները, ԱՄՆ, Սաուտի Արապիա, Քաթար, Թուրքիա միասնաբար կործանեցին ամբողջ Միջին Արեւելքը։ Իսկ հիմա գլուխ գլխի տուած կը խորհրդակցին Սուրիոյ ճակատագրին մասին։
Խնդրենք թող մէկը պատասխանէ, Եւրոպայի մայրաքաղաքներէն մէկուն մէջ նման օրակարգով ժողով գումարելը՞ աւելի մեծ ոճիր է, քան ճարահատ ուշակորոյս մահապարտի մը իր հետ միասին տասնեակ մարդ սպաննելը։ Այս է հիմնական հարցը, որուն պատասխանը մեզ դուրս պիտի հանէ ներկայ մղձաւանջէն։