Այս տողերու հեղինակը իր համեստութեան մէջ երբեք չէր մտածած թէ օր մը կը հարկադրուի իր անունին պատճառ դարձած շփոթը փառատելու։ Իրաւ ալ ես մի աղքատիկ Բագրատ եմ։ Կարգ մը բարեկամներու յամառօրէն ուղղել ջանացածին նման «Բագարատ» ալ չեմ։ (Ինչ զարմանալի մեծամտութիւն, իմ անունը ինծի սորվեցնելու կ՚աշխատին)։ Դեռեւս ալ անուանի գրող Բագարատ Թեւեանի կողմէ գլխուս փաթթուած փորձանք մը։ Արքայական տոհմէ մըն ալ չեմ սերած։ Բագրատունի մը չեմ այսինքն, պարզ Բագրատ մը։ Ազպտերցի Մարգարի եւ Կամախցի Վարդանի թոռը, Սմբատի եւ Սիրանոյշի որդին։
Իմ ծննդավայրի մէջ այնքան ալ տարածուն անուն մը չէ Բագրատ։ Ամբողջ կեանքիս ընթացքին ճանչցած կամ լսած Բագրատներու թիւը մէկ ձեռքի մատերէն աւելի չեն։ Տարեցներ կը պատմէին բռնցքամարտիկ Բագրատի մը մասին, որ մահացած է մրցման պահուն։ Կար հօրս զինընկեր կազմակերպիչ Բագրատը, Սէմէրճեան եւ մէյմն ալ նախակրթարանի մէջ դասընկեր եւ ապա Արկենդինա հաստատուած տարեկից մը։ Այս է Պոլսոյ մէջ իմ գիտցած բոլոր անուանակիցներս։
Առաջին անգամ անցեալ տարի էր որ արծարծած գաղափարներով բաւական ծիծաղ պատճառող սիւնակագիր Մեհմէտ Շէվքէթ Էյկի յօդուած մը ստորագըրած էր մատնացոյց ընելով հայոց մէջ թաքուն ապրող հրեայ ծագումով Բագրատունիները։ Ան պնդած էր թէ պատմութեան մէջ այս կեղծ հայերը միշտ յետին նպատակներ որդեգրած եւ փորձանքներ յարուցած են հայոց գլխուն։ Այդ յօդուածին հրատարակութենէն մօտ երկու տարի ետք այս անգամ Փէնսիլվանիայէն եկաւ արձագանգը։ Ֆէթուլլահ Կիւլէն զգայացունց ելոյթ մը ունեցաւ եւ անէծքներ տեղացուց Բագրատունիներու ահաբեկչական խումբին դէմ։ Կիւլէն ամէն Երկուշաբթի կատարած զրոյցներէն վերջինին անէծքներ տեղացուցած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որոնք կը պայքարին «Ֆէթուլլահի Ահաբեկչական Խումբ»ի դէմ։ «Աստուած փորձանքներու բերէ բոլոր ահաբեկչական խումբերը։ Աստուած փորձանքներու բերէ բագրատունիներու ահաբեկչական խումբը։ Աստուած Փորձանքներու բերէ պարսիկներու ահաբեկչական խումբը։ Աստուած փորձանքներու բերէ ահաբեկչական խումբ չըլլալով հանդերձ ահաբեկչական խումբ ըսողները»։ Այս ելոյթը հրապարակուեցաւ Հէրքիւլօրկ. անուն համացանցային կայքի վրայ, ուր կցուած էր նաեւ «Ո՞վքեր են Բագրատունիները» խորագրեալ յօդուած մը։ Այս յօդուածը պատմագիտական բոլոր պաշարին միանգամընդմիշտ վարկաբեկումն է։ Հոն յաճախ ակնարկութիւններ կան հայատեաց հայերէ։ Արդարեւ Լեւոն Փանոս Տապաղեան կամ Թորգոմ Ստեփանեան թուրք ազգային գաղափարախօսութեան ամենահաւատարիմ գործիչները եղած են եւ իրենց բոլոր կարողութիւնը վատնած են հակահայ քարոզչութեան։ Խորամանկութեան ռազմավարութիւնով մը Թուրքիոյ հայերը զերծ պահած են իրենց զրպարտութիւններէն, ատելութեան բոլոր թոյնը հոսեցնելով սփիւռքահայութեան եւ Հայաստանի հայութեան վրայ։
Անոնց մէջբերումներով հիւսուած յօդուածը կարդալով սահմռկեցայ։ Ի զուր տեղ ես փորձեր եմ օձիկս ազատել։ «Ես հասարակ սովորական մի Բագրատ եմ» ըսելով։ Բագրատունիներու տոհմածառը անգամ զիս կը հերքէ։ Այս թաքուն հրեայ բագրատունիի ալ հայրը իմ հօր նման Սմբատ եղած է։ Իսկ իրենց երկիրը Երզնկայէն Տիվրիղի եւ դէպի Կիլիկիա երկարող աղեղի մը վրայ է, ինչպէս իմ Մարգար եւ Վարդան պապիկները, Արուսեակ եւ Աղաւնի տատիկները։ Կարծես այդքանը չէր բաւեր Կիլիկիայէն հարս բերի։
Ես ինչպէս չաղաղակեմ Վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ…