PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Էրտողանի մտահոգիչ յաղթանակը

Իվերջոյ կայա­ցաւ 1 Նո­յեմ­բե­րի ընտրու­թիւննե­րը եւ Ար­դա­րու­թիւն ու Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թիւնը ընդհա­նուր քուէնե­րուն 49,5 տո­կոսը նուաճե­լով ապա­հովեց առան­ձին կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մե­լու իրա­ւունքը։

Կան­խա­տեսումնե­րը բո­լորո­վին ու­րիշ պատ­կեր մը կ՚ակնկա­լէին։ Հա­սարա­կութեան կար­ծի­քը շօ­շափող ըն­կե­րու­թիւննե­րը իրենց կա­տարած հար­ցա­խոյզնե­րուն յե­նելով հա­մոզուած էին թէ իշ­խող կու­սակցու­թիւնը աւե­լի ձայ­ներ կը կորսնցնէ բաղ­դատմամբ 7 Յու­նի­սի ընտրու­թիւննե­րուն։ Ամե­նալա­ւատես են­թադրու­թիւննե­րը իսկ նուազա­գոյն մէկ միաւո­­րի չափ նա­­հանջ կը նա­­խատե­­սէին։ Փո­­խադար­­ձա­­­բար պի­­տի աւել­­նար ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թիւննե­­րու, ՃՀՓ եւ ՀՏՓ-ի ձայ­­նե­­­րը։ ՃՀՓ-ի հա­­մար կը նա­­խատե­­սէին մին­­չեւ 30 տո­­կոս, իսկ ՀՏՓ-ի հա­­մար նուազա­­գոյն 14 կամ 15 տո­­կոս։ Այս պայ­­մաննե­­րու տակ 1 Նո­­յեմ­­բե­­­րի գի­­շերուայ ժա­­մերուն ընդդի­­մադիր­­նե­­­րը կա­­տարեալ հիաս­­թա­­­փու­­թիւն մը ապ­­րե­­­ցան, երբ միւս կող­­մէ իշ­­խա­­­նամէտ զան­­գուած­­ներ կը դժուարա­­նային զսպել այս անակնկալ յաղ­­թա­­­նակին պատ­­ճա­­­ռած ոգե­­ւորու­­թիւնը։

Այժմ կ՚ար­­ժէ խորհրդակ­­ցիլ թէ Էր­­տո­­­ղան եւ Տա­­ւու­­թօղլու ինչպէ՞ս յա­­ջողե­­ցան այս ար­­դիւնքը ձեռքբե­­րել։ Թէեւ նախ­­քան ընտրու­­թեան օրը շա­­տեր կաս­­կա­­­ծով կը դի­­տէին ընտրու­­թեան մը կա­­տարուելու հա­­ւանա­­կանու­­թիւնը։ Ի վեր­­ջոյ ընդհա­­նուր հա­­մոզում մը գո­­յացած էր թէ Էր­­տո­­­ղան տես­­նե­­­լով կան­­խա­­­տեսումնե­­րը, վեր­­ջին պա­­հուն ձե­­ւով մը ար­­գելք պի­­տի ըլ­­լայ ընտրու­­թիւննե­­րու անցկաց­­ման։ Այս կար­­ծի­­­քը ար­­դա­­­րաց­­նող տուեալ­­ներ ալ գո­­յու­­թիւն ու­­նէին։ Օրի­­նակի հա­­մար շատ քի­­չեր կը կար­­ծէին որ Մար­­գար Էսա­­յեան, որ ընտրա­­ցան­­կին 12-րդ կար­­գէն հի­­մա իջած էր 14-րդ կար­­գին, պի­­տի յա­­ջողի խորհրդա­­րան մտնել։ Բայց պա­­տահե­­ցաւ անսպա­­սելին եւ ան մուտք գոր­­ծեց Խորհրդա­­րան։ Այսպէ­­սով բո­­լոր հայ թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րը յա­­ջողե­­ցան պա­­հել իրենց նախ­­կին դիր­­քե­­­րը։ Մար­­գար Էսա­­յեանի հետ միասին Սէ­­լինա Տո­­ղան եւ Կա­­րօ Փայ­­լան եւս պա­­հեցին իրենց տե­­ղերը եւ երեք հայ թեկ­­նա­­­ծու­­ներն ալ կրկին ան­­գամ մուտք գոր­­ծե­­­ցին խորհրդա­­րան։

Այստեղ պար­­տինք խոս­­տո­­­վանիլ եւ գնա­­հատել նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի քա­­ղաքա­­կան միտ­­քը։ Պի­­տի տա­­րուինք մտա­­ծելու, թէ ան դեռ 7 Յու­­նի­­­սի երե­­կոյեան կան­­խա­­­տեսած էր այս ար­­դիւնքը, որուն հա­­մար դի­­մած էր կա­­տարուած ընտրու­­թիւնը չե­­ղեալ հա­­մարե­­լու գոր­­ծին։ Ար­­դիւնքնե­­րը զինք ար­­դա­­­րացու­­ցին։ Իրաւ ալ Էր­­տո­­­ղան ու­­րիշնե­­րու չտե­­սածը տե­­սաւ եւ իր ակնկա­­լած ար­­դիւնքը ձեռք բե­­րաւ ընտրու­­թիւննե­­րէն։ Սա պա­­հուն կա­­րեւոր է յա­­ռաջի­­կայ չորս տա­­րինե­­րու հա­­մար պաշ­­տօն ստանձնած կազ­­մին ծա­­ւալե­­լիք գոր­­ծունէու­­թիւնը։ Էր­­տո­­­ղան յոյս սնու­­ցած էր պա­­տերազ­­մին հո­­գեբա­­նու­­թե­­­նէն եւ եր­­կի­­­րը տա­­րած էր խիստ լա­­րուա­­ծու­­թեան։ Այժմ եր­­կընտրանք մը կայ իր առ­­ջեւ, կամ կրնայ ակնկա­­լած ար­­դիւնքին հա­­սած ըլ­­լա­­­լու գո­­հու­­նա­­­կու­­թեամբ եր­­կի­­­րը դէ­­պի աւե­­լի ան­­դորրու­­թեան ուղղել կամ ալ ընդհա­­կառա­­կը որո­­շու­­մով մը լա­­րուա­­ծու­­թիւնը յա­­րատեւ դարձնել։ Ինչ ցա­­ւալի է որ 80 մի­­լիոն­­նոց եր­­կի­­­րը այս պա­­հուն աղօ­­թելէ զատ մի­­ջոց մը չու­­նի նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի լա­­րուա­­ծու­­թիւնը ալ աւե­­լի սրե­­լով իրեն աւե­­լի նպաս­­տա­­­ւոր պայ­­մաններ ապա­­հովե­­լու հա­­ւանա­­կանութեան դի­­մաց։ Պար­­տինք ան­­գամ մը եւս գնա­­հատել այս ան­­սո­­­վոր քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծի­­­չին ստեղ­­ծած իրա­­վիճա­­կը, որուն դի­­մաց լայն զան­­գուած­­ներ մատ­­նուած են ճա­­րահա­­տու­­թեան։ Ճիշդ ալ այս ու նման պայ­­մաննե­­րու հա­­մար էր որ Սէ­­յիտ Ռը­­զա կա­­խաղա­­նի տակ մրմնջած էր՝ «ես քու խա­­ղերուդ հետ չեմ կրցած գլուխ ել­­լել։ Այս ցա­­ւով կը տա­­ռապիմ, բայց չեմ ծնկած քու դի­մաց, դուն ալ այդ ցա­ւով տա­ռապէ»։

Բայց մին­չեւ ե՞րբ արիւ­նա­քամ ըլ­լա­լէ ետք պի­տի մխի­թարուինք ծնկա­չոք չըլ­լա­լով։