PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Հետեւելով Հրանդի Ուղիին

Եթէ ոչ վաղ երի­տասար­դութեան, բայց յատ­կա­պէս «Ակօս»ի հրա­տարա­կուած թուական­նե­րէն մին­չեւ մա­հափոր­ձի մը զոհ եր­թա­լը, Հրանդ Տին­քի քա­ղաքա­կան գլխա­ւոր նպա­տակը կա­րելի է հա­մարել Թուրքիոյ ժո­ղովրդա­վարա­ցու­մը։ Հրանդ բո­լոր խնդիր­նե­րու լու­ծումին հա­մար անհրա­ժեշ­տութիւն կը հա­մարէր խօս­քի ազա­տու­թեան, ժո­ղովուրդի կազ­մա­կեր­պուածու­թեան, մա­մու­լի ազա­տու­թեան յար­մար խա­րիս­խի մը գո­յու­թիւնը։ Ար­դա­րու­թեան ար­գելք հան­դի­սացո­ղը, խիղ­ճը եւ միտ­քը կա­լան­քի տակ պա­հողը առ­կայ բռնա­տիրա­կան հաս­կա­ցողու­թիւնն էր։ Այն էր որ ար­գելք կ՚ըլ­լար նաեւ հա­յոց ար­դար պա­հանջնե­րու բարձրա­ձայն ներ­կա­յանա­լուն։

Հրանդ Տինք իր կեն­դա­նու­թեան օրով շատ մեծ դժուարու­թիւն ապ­րե­ցաւ այս միտ­քը իր խօ­սակից­նե­րուն հա­մոզե­լի դարձնե­լու հա­մար։ Հա­յեր առ­հա­սարակ չէին ըմբռներ թէ իրենց դա­տին հետ ի՞նչ կապ ու­նի Թուրքիոյ ժո­ղովրդա­վարա­կան եր­կիր մը դառ­նա­լը։ Հա­յը տու­ժած էր եւ հա­մոզուած թէ իր զրկան­քը հասկնա­լի չէ թուրքին հա­մար։ Այդ պատ­ճա­ռաւ ալ բնաւ հո­գը չէր թէ այդ թշնա­մի երկրէն ներս բռնա­տիրու­թիւնը, թէ ո՛չ ժո­ղովրդա­վարու­թիւնը կը տի­րէ։ Հա­յը կը փոր­ձէր իր խնդի­րը հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թեան փո­խան­ցել եւ անոնց ալ իրենց կար­գին Թուրքիոյ վրայ ճնշե­լը ապա­հովել։

Բա­զում փոր­ձե­րով յայտնի դար­ձաւ թէ ապար­դիւն ռազ­մա­վարու­թիւն մըն է այս։ Յոյ­սը կա­պել հա­կառա­կոր­դի սայ­թա­քու­մին եւ տիւ ու գի­շեր աղօ­թել այդ սայ­թա­քու­մին հա­մար։

Հրանդ Տինք Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչու­մին հա­մար անհրա­ժեշ­տութիւն կը սե­պէր Թուրքիոյ ժո­ղովրդա­վարա­ցու­մը։ Իսկ նա­խորդ օր Երե­ւանի մէջ մա­մու­լի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու դի­մաց հան­րա­ծանօթ թուրք ընդդի­մադիր Փնար Սէ­լէք Թուրքիոյ ժո­ղովրդա­վարաց­ման հա­մար անհրա­ժեշ­տութիւն կը հա­մարէր ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչու­մը։

Հրանդ Տին­քի գա­ղափա­րը վեր­ջա­պէս սկսած է հայ­կա­կան սփիւռքի մօտ ալ իր անդրա­դարձնե­րը գո­յաց­նել։ Նա­խապէս Թուրքիայէ ներս տե­ղի ու­նե­ցող քա­ղաքա­կան զար­գա­ցումնե­րու դի­մաց բո­լորո­վին ան­հա­ղորդ մնա­ցող հայ­կա­կան սփիւռքը հի­մա մօ­տէն կը հե­տաքրքրուի այդ զար­գա­ցումնե­րով, նոյ­նիսկ կողմ կը դառ­նայ ընտրու­թեան մաս­նակցող կու­սակցու­թիւննե­րու մէջ։

Թե­րեւս ալ հա­մաշ­խարհա­յին առու­մով փո­փոխու­թիւններ կ՚ապ­րուին։ Ներ­կայ ժա­մանակ­նե­րու մէջ եր­կիրներ որ­քան ալ սահ­մաննե­րու մի­ջոցաւ իրար­մէ ան­ջա­տուած մնան, մար­դիկ հետզհե­տէ կողմ են հա­րեւան երկրի զար­գա­ցումնե­րուն։ Յի­շենք Յու­նաստա­նի մէջ Սի­րիզա­յի յա­ջողու­թեան Թուրքիայէ ներս յա­ռաջա­ցու­ցած ոգե­ւորու­թիւնը։ Փո­խադարձ ոգե­ւորու­թիւն մըն ալ նկա­տուած էր, երբ ՀՏՓ 7 Յու­նի­սի ընտրու­թիւննե­րուն յաղ­թա­հարեց իր դէմ դրուած տա­սը տո­կոսի պատ­նէ­շը։

Ծա­նօթ իրո­ղու­թիւն է, ՀՏՓ այդ պատ­նէ­շը փուլ տա­լով 80 երես­փո­խան­ներ ղրկեց Խորհրդա­րան եւ ար­գելք եղաւ Նա­խագահ Էր­տո­ղանի կու­սակցութեան՝ ԱՔՓ-ի առան­ձին կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մե­լուն։ Այդ պատ­ճա­ռաւ Էր­տո­ղան չե­ղեալ հա­մարեց ժո­ղովուրդին կամ­քը եւ պար­տադրեց կան­խա­հաս ընտրու­թիւն։ Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թիւնը չորս ամիս ետք կրկին կ՚եր­թայ ընտրու­թեան սնտուկնե­րուն դի­մաց, ան­գամ մը եւս իր կամ­քը ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար։ Այս ժա­մանա­կահա­տուա­ծին մէջ աւե­լի քան 500 քա­ղաքա­ցիներ իրենց կեան­քը կորսնցու­ցին ստեղ­ծուած պե­տական բռնու­թեան մէջ։ Ի տար­բե­րու­թիւն նա­խորդ ընտրու­թեան, այս ան­գամ յստակ չէ թէ որ ար­դիւնքը ի՞նչ հե­տեւանք պի­տի տայ։

Ի վեր­ջոյ եր­կընտրան­քը բա­րիքի ու չա­րիքի մի­ջեւ է եւ մեզ կ՚առաջ­նորդէ դէ­պի Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարութեան Կու­սակցու­թիւն, կամ աւե­լի ծա­նօթ կրճա­տումով՝ ՀՏՓ-ին։