PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Ոսկեզօծ գահը արիւնաթախ է

Գերմանիոյ վարչապետուհի Շանսէօլիէ Ան­ճե­լա Մեր­քել միօրեայ այ­ցե­լու­թիւնով Իս­թանպուլ եկաւ։ Ձեռ­քին սա­կար­կութիւննե­րու թղթած­րար մը ու­նէր տի­կին վար­չա­պետու­հին։ Ծա­նօթ իրո­ղու­թիւն է, գլխա­ւորու­թեամբ Գեր­մա­նիոյ, բո­վան­դակ Եւ­րո­պան վեր­ջերս մատ­նուած է գաղ­թա­կան­նե­րու հոս­քին։ Սու­րիայէն, Աֆ­ղանստա­նէն, Իրա­քէն, Լի­պիայէն եւ Մի­ջին Արե­ւել­քի դեռ բազ­մա­թիւ եր­կիրնե­րէն ճա­րահատ մար­դիկ կու­տա­կուած են Եւ­րո­պայի սահ­մաննե­րուն։ Իրենց հա­մար փրկու­թեան վեր­ջին մի­ջոցին հաս­նե­լու հա­մար վատ­նած են այն ինչ որ ու­նէին։ Կեան­քերնին վտան­գած են մար­դա­վաճառ­նե­րու ձեռ­քին մէջ։ Բո­լոր ու­նե­ցուածքնին տուած են այդ պա­տեհա­պաշտնե­րուն, որ­պէսզի խար­խուլ նա­ւերու մէջ եթէ չընկղմին, քա­ղաքա­կիրթ Եւ­րո­պայի մէջ նոր կեանք մը սկսին։

Ահա այս հոս­քը կա­սեց­նե­լու հա­մար է, որ Թուրքիա կու գար Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պետու­հին։ Կ՚ու­զէր դրա­մով կա­շառել։ Երեք մի­լիառ եւ­րօ կը խոս­տա­նար, գաղ­թա­կան­նե­րը Թուրքիա պա­հելու, անոնց դէ­պի իր եր­կի­րը հոս­քը կան­խե­լու փո­խարէն։ Կը խոս­տա­նար Թուրքիոյ քա­ղաքա­ցինե­րուն դէ­պի Եւ­րո­պա ճամ­բորդու­թիւնը դիւ­րացնող մի­ջոց­ներ։ Կը խոս­տա­նար Թուրքիոյ ԵՄ-ի ան­դա­մակ­ցութիւ­նը դիւ­րացնել։ Եւ ի վեր­ջոյ ամե­նանող­կա­լին՝ գաղ­թա­կան­նե­րը Թուրքիա պա­հելու փո­խարէն օրա­կար­գէ՛ն դուրս բե­րել Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թը։

Այսպէ­սով հա­մաշ­խարհա­յին հա­յու­թիւնը ան­գամ մը եւս ակա­նատես կ՚ըլ­լար Արեւ­մուտքին, Եւ­րո­պական եր­կիրնե­րուն խար­դա­խու­թեան։ Ան­գամ մը եւս մեր մի­լիոնա­ւոր զո­հերու յի­շատա­կը եւ անոնց հետ հայ ազ­գի ար­ժա­նապա­տուու­թիւնը կը դրուէր շա­հագործման կեղ­տոտ սե­ղանին վրայ։

Հա­յոց պատ­մութեան դա­սագիր­քի հե­ղինակ­նե­րը պէտք չէ մոռ­նան այս ստո­րին հան­դիպման յա­ջորդ օր Թուրքիոյ թեր­թե­րուն մէջ հրա­տարա­կուած լու­սանկա­րը։ Պե­տական մտքի յա­րատե­ւու­թեան ապա­ցոյցն է, փաստն է այդ նկա­րը ուր Թուրքիոյ հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ Էր­տո­ղան եւ Դաշ­նակցա­կան Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պետու­հին բազ­մած են ոս­կե­զօծ գա­հերու վրայ։ Ու­րախ հպար­տութիւն մը կը նշմա­րուի իրենց դէմ­քե­րուն։ Փո­խադար­ձա­բար ապա­հոված են կան­խա­տեսած ակնկա­լու­թիւննե­րը։ Ու­սա­նողը պէտք է իմա­նայ որ այդ նկա­րին նմա­նը հա­րիւր տա­րի առաջ ալ գո­յու­թիւն ու­նէր։ Ան­ցեալի Հա­միտին կամ Թա­լեաթին տեղ այ­սօր տե­սէք Էր­տո­ղանը, ինչպէս ան­­ցեալի Վիլ­­հելմ կայսրի տեղ վար­­չա­­­պետ Մեր­­քե­­­լը։

Դար մը առաջ անոնք այսպէս կը ժպտա­­յին հայ ժո­­ղովուրդի դիակ­­նե­­­րուն կո­­խած, իսկ այ­­սօր ամ­­բողջ Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի ժո­­ղովուրդներն են իրենց ոտ­­քե­­­րուն տակ։

Եր­­կար ու խո­­րունկ վեր­­լուծումնե­­րը թո­­ղունք «քա­­ղաքա­­կան վեր­­լուծա­­բան»­­ներուն, մենք եղե­­լու­­թեան գի­­տակ­­ցինք սու­­րիացի մա­­նու­­կի մը ընդվզու­­մով՝ «Եթէ չէք ու­­զեր որ ձեր եր­­կի­­­րը գանք, դադ­­րե­­­ցու­­ցէք մեր երկրին մէջ ձեր յա­­րու­­ցած պա­­տերազ­­մը»։

Այսքան պարզ ու յստակ է ամէն ինչ։ Այ­­սօր ով ինչ որ ըսէ նշա­­նակու­­թիւն չու­­նի։ Ապա­­գայ սե­­րունդնե­­րը շատ աւե­­լի յստակ պի­­տի գի­­տակ­­ցին մե­­րօրեայ ան­­ցուդար­­ձե­­­րուն։ Պի­­տի տես­­նեն թէ այ­­սօր այդ ոս­­կե­­­զօծ գա­­հերուն բազ­­մածնե­­րու ձեռք­­երը թաթ­­խուած է ժո­­ղովուրդնե­­րու արիւ­նին։ Բայց վստահ եղէք որ հա­րիւր տա­րի ետք ու­րիշ դե­րակա­տար­ներ նոր սա­կար­կութեան սե­ղան­ներ պի­տի բա­նան, այս նիւ­թե­րը բար­ձի­թող ընե­լու հա­մար։ Եւ շատ հա­ւանա­կան է որ պի­տի չվա­րանին նոյն ոս­կե­զօծ գա­հերուն բազ­մած լու­սանկա­րուե­լէ։