Դաշնակցային Ռուսիա, Եւրասիոյ եւ Հարաւային Կովկասէ ետք, Միջին Արեւելքի մէջ ալ կ՚ընդլայնէ իր ազդեցութեան տարածքը։ Ռուսիա այսպէսով օրըստօրէ աւելի կարեւոր դերակատար մը կը դառնայ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ։ Ռուս զինեալ ուժերու ինքնաթիռները Սուրիա-Թուրքիա սահմանագծին վրայ քանի մը անգամներ հատեցին սահմանը եւ մտան Թուրքիոյ օդային տարածք։ Բացի դիւանագիտական որոշ զգուշացումներէ կամ բողոքի պատգամներու փոխանակումէ, թրքական բանակին պատկանող երկու ուղղաթիռներ 6 եւ 7 Հոկտեմբերին հատեցին Հայաստանի սահմանը։ Նկատի ունենալով Ռուսիոյ Հարաւային Կովկասի տարածքին մեծագոյն զինուորական խարիսխին, 102-րդ զինագունդի գոյութիւնը, հայ մամուլը օդային տարածքի այս ոտնձգութիւնը կը դիտէ, իբրեւ Թուրքիոյ Ռուսաստանին տուած պատասխանը։ Տուեալ պայմաններու մէջ կ՚արժէ քննել Ռուսիոյ Դաշնութեան կովկասեան դարպասը հանդիսացող Հայաստանի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները։ Այս մասին խօսեցանք «Եւրասիոյ Համագործակցութեան Հիմնադրամ»ի վարիչ Գէորգ Տէր Գաբրիէլեանի հետ։
ՖԱԹԻՀ ԿԷՕՔՀԱՆ ՏԻԼԷՐ
fgdiler@agos.com.tr
Որքա՞ն սերտ են Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւնները։ Ի՞նչ խորքեր ունին։
Բազմաբնոյթ են այդ յարաբերութիւնները։ 1828-ին Արեւելեան Հայաստան Պարսկական Կայսրութեան իշխանութեան տակ էր։ Ռուսական կայսրութիւնը արշաւեց այդ տարածքը եւ Հայաստանը ազատագրեց։ Այդ շրջանէն ետք ալ Հայաստանի ազգային գիտակցութիւնը զարգանալ սկսաւ։ Ցարական իշխանութեան օրով եւ ապա խորհրդային տարիներուն ռուսաց հետ բազում խնդիրներ ունենալով հանդերձ, միշտ առկայ մնաց ռւուսերու կողմէ ազատուելու խորհուրդը։ Այս յարաբերութիւններու պատմական երեսակն է։ Իսկ այժմու յարաբերութիւնները կը ձեւաւորուին ռազմավարական եւ զինուրական համաձայնութիւններու շուրջ։ 1993-էն այս կողմ նման համագործակցութիւն մը կայ, որ քանի մը անգամ ալ վերատեսուած է։ Հայաստանի մէջ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ոլորտները ծախուած են ռուս գործատէր ընկերութիւններու։ Անշուշտ կայ նաեւ մշակութային գործօնը։ Արեւելահայերը վերջին երկու դարերուն եւրոպական արժէքներու եւ համաշխարհային գաղափարախօսութիւններու հետ կը հաղորդուին ռուսերէնով։ Հայաստանաբնակ բոլոր հայերը ռուսերէնի կը տիրապետեն։ Իրենց համար մշակոյթի լեզու է ան, եւ որոշ նիւթեր ռուսերէնով աւելի հեշտ կրնան արտայայտել, քան հայերէնով։ Տնտեսական ճգնաժամի պատճառով բազմաթիւ հայեր աշխատանք ճարելու համար Ռուսաստան կ՚երթան։ Բաղդատմամբ Եւրոպայի կամ Ամերիկայի, շատ աւելի հեշտ է Ռուսիա երթալ, քանի որ լեզուին կը տիրապետեն եւ վիզայի հարկադրութիւն չկայ։ Գացողներէն ոմանք մեծ յաջողութիւններ արձանագրեցին։ Բացի այդ, Հայաստան կ՚անդամակցի կարգ մը միջազգային դաշինքներու, որոնց առաջնորդը կամ անդամ է նաեւ Ռուսիան։ Երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնը անշուշտ որ անթերի համ հաւասար չէ։ Շատ անգամ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը իր կամքը կը պարտադրէ Հայաստանին։ Բազմաթիւ հայեր դժգոհ են ռուսերու վերաբերումէն, բայց կասկած չկայ որ Հայաստան դեռ երկար տարիներ պիտի շարունակէ Ռուսիոյ հետ դաշնակից մնալու։
Հայաստան փոքրիկ երկիր մըն է, բայց ըստ երեւոյթի շատ կարեւոր է Ռուսաստանի համար։ Ի՞նչպէս կը բացատրէք այս երեւոյթը։
Խորհրդային տարիներուն Հայաստան-Թուրքիա սահմանը միաժամանակ համայնավար երկիրներու Հիւսիս Ատլանտեան Դաշինքի հետ սահմանն էր։ Այսօր ալ՛ թէեւ սահմանը փակ է, բայց կը խորհրդանըշէ «ՕԹԱՆ»-ի գերակշռած տարածքը եւ Ռուսիոյ գերակշռած տարածքը։ Վրաստան դէպի արեւմտեան արժէքներ եւ «ՕԹԱՆ» կը հակի։ Ատրպէյճան կը փորձէ որոշ հաւասարակշռութիւններ պահել։ Իսկ Հայաստան Ռուսիոյ ամենավստահելի դաշնակիցն է։ Պէտք չէ մոռնալ թէ Հայաստան Թուրքիոյ եւ Միջին Արեւելքի դէմ զինուորական խարիսխ ունենալու ամենամօտ երկիրն է։ Թէեւ Ռուսաստան երկար տարիներ հեռու կեցած էր յարձակողական արտաքին քաղաքականութենէ, բայց իբրեւ ամրոց պահած էր Հայաստանի իր զօրագունդը։ Այժմ երբ Նախագահ Փութին կը որդեգրէ շատ աւելի աշխոյժ արտաքին քաղաքականութիւն մը, այդ զօրագունդը բոլորովին կարեւոր կը դառնայ։ Այս բոլորէն վեր, Ռուսաստանի ազգերու մէջ հայերը ամենանուրեալն են։ Վերջապէս Ռուսիոյ հայկական սփիւռքը ամբողջ աշխարհի տարածքին մեծագոյն սփիւռքն է, որ բնակչութիւնով կը գերազանցէ նոյնիսկ Հայաստանը։
Հայաստանի սահմանակից են Իրան եւ Թուրքիա, ուր վերջերս կարեւոր զարգացումներ կան։ Օրինակ Իրան եւ Ամերիկա կը մերձենան իրարու։ Միւս կողմէ Թուրքիա կը հեռանայ արեւմտեան աշխարհէն եւ կը մատնուի քաղաքական ճգնաժամի։ Այս զարգացումները ի՞նչ ազդեցութիւն կը գործեն Հայաստան- Ռուսիա յարաբերութիւններուն։
Եթէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը ճշդողները լաւ ռազմավարութիւններ մշակեն, կրնան կարեւոր ձեռքբերումներ ապահովել մանաւանդ Իրանի միջոցաւ։ Կրնան միջնորդել կարգ մը շահութաբեր ոլորտներուն Ռուսիոյ եւ Իրանի համագործակցութեան։ Իսկ Թուրքիոյ հետ հիմնական խոչընդոտը փակ սահմանն է, որ ամբողջովին կախեալ է Թուրքիոյ քաղաքականութենէն։
Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն վրայ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ի՞նչ ազդեցութիւն ունին։
Հայաստան Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ իր գոյութիւնը յարատեւօրէն պահած քրիստոնեայ երկիր մըն է։ Պատմական գործօնը չենք կրնար անտեսել։ Հայերը միշտ վախցած են Բանթուրքական թուրանի տեսլականէն։ Քարտէսին նայելով կը տեսնենք թէ, Հայաստան կը գտնուի Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը իրարմէ անջատող դիրքի մէջ։ Եթէ Հայաստան հոն չըլլար, տեսլականօրէն մինչեւ Կասպից Ծովի հանդիպակած ափերու թրքական ցեղերը դիւրաւ պիտի միանային իրարու։ Թէեւ այսօր իրաւացի չէ այդ երազը, բայց հայերը նման սպառնալիքը պիտի զգան որքան ատեն որ բարեացակամ քայլեր չառնուին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ։
Հայկական սփիւռքը ինչպէս կը դիտէ Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւնները։
Ամերիկահայերը աւանդաբար կը զօրակցին Հայաստան-Ռուսիա համագործակցութեան։ Բայց Հայաստանի նոր սերունդը արեւմտեան գիտելիքներու եւ ճարտարագիտութեան առումով եւս ակնկալութիւններ ունի։ Կը տեսնեն երկրէ ներս օլիկարխներու իշխանութեան անպատեհութիւնները։ Կը փորձեն երկրի ճակատագրին ազդել։ Այս դիրքին մէջ Հայաստան, թէ կը շարունակէ Ռուսաստանի հետ համագործակցիլ, եւ թէ ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի հետ արդիւնաւետ ոլորտներ մշակել։