Կրօնքը ընդմիշտ առնչուած է բարոյագիտութեան հետ։ Մարդկային միտքը բարոյական սկզբունքները հասարակութեան համար ընդունելի դարձնելու միտումով միշտ օգտագործած է կրօնական հրահանգները։ Օրինակի համար մեղք համարած է բոլոր այն սխալ արարքները, որոնք մարդկային կիրքերէն կը ծագին եւ անընդունելի են բարոյականօրէն։ Սակայն պատերազմ կոչուածը կը մերժէ ամէն տեսակի բարոյական արժէք, նոյնիսկ եթէ անոնք հրահանգուած ըլլան Աստուածաշունչի կամ այլ կրօնական եւ մարդկային սկզբունքներու կողմէ։ Վերջերս կը տարուինք այս սկզբունքներուն մասին մտածել դիտելով այդ սկզբունքներու ոտնակոխման բազմաթիւ երեւոյթներ։
Անցեալները զանազան հեռուստակայաններ հրապարակեցին այս բնոյթով անընդունելի դէպք մը։ Սպանուած հայդուկի մը անշունչ մարմինը կապուած էր ոստիկանական զրահապատ ինքնաշարժի մը ետեւ եւ ինքնաշարժը կը շրջէր քաղաքի փողոցներով։ Վայրագութիւնը գործադրող ոստիկանները իրենց քաջագործութիւնը վաւերագրականի մը բնոյթով մատուցած էին համացանցի վրայ։ Ինչպէս նման բնոյթի նախորդ դէպքերը, իշխանամէտ մամուլը բոլորովին անտեսեց այդ տեսերիզը։ Իսկ ընդդիմադիր մամուլն ալ տեսանիւթը մշուշելով դէպքը փոխանցեց հասարակութեան։
Այս հրապարակումէն ետք բոլոր կուսակցութիւնները, ներառեալ կառավարութիւնը մեղադրեցին այս անմարդկային ոտնձգութիւնը։ Յետոյ յատուկ յայտարարութիւնով մը ներկայացաւ նաեւ Կրօնից Տեսուչը եւ իր կարգին պատմեց թէ իսլամ կրօնը ինչպէս կը մերժէ դիակներու նկատմամբ անպատուութիւնը։
Ի զուր ջանք էր բոլորին հաշւոյն։ Ի զուր, որովհետեւ մարդկութենէ դուրս այս արարքը մեղադրելու պահուն իսկ շատեր կը փորձէին եղելութիւնը բացատրել զոհուածի մեղքերով։ Կը փորձէին պատճառաբանել, որ հալածանքի ենթարկուած դիակը կը պատկանի ահաբեկիչի մը։
Ինչպէս մեր նախորդ յօդուածներուն մէջ ալ նշած ենք, ներկայ ժամանակներու կարեւորագոյն հրամայականն է բառերու, այս պարագային «ահաբեկիչ» անուանումի իրողութիւնը հարցաքննել։ Չէ՛ որ բազմաթիւ երեւոյթներու մէջ նոյն անձը կողմերէն մէկուն կողմէ կը դիտուի որպէս ահաբեկիչ, իսկ միւսին կողմէ ազատամարտիկ։ Ստիպուած չենք մեզի պարտադրուած կոչումը նոյնութեամբ ընդունիլ։ Ունինք մեր անհատական դատողութիւնը։ Սակայն այս տեսակի յանցագործութիւններու պահուն խնդիրը այդ դատողութենէն ալ անկախ է։ Երբեք նշանակութիւն չունի դիակին ինքնութիւնը եւ կենդանութեան պահուն կատարած դերակատարութիւնը։ Այն ինչ որ բոլոր կրօնները եւ բարոյական իմացութիւնները մերժած ու խստիւ արգիլած են, նիւթ առած են միայն մարդը։ Մարդը իր ի ծնէ ունեցած արժանապատուութիւնով։ Այս է բուն հաստատումը։ Մարդը ունի ի ծնէ իրաւունքներ։ Նման արարքը այդ իրաւունքներու բռնաբարումն է, հետեւաբար անընդունելի է բոլոր վարդապետութիւններու կողմէ։ Այստեղ մենք խնդիր ունինք նոյն ինքն մարդկութենէ դուրս ելած մարդու կերպարին հետ։ Պատերազմի գլխաւոր յատկութիւններէն է մարդը մարդկութենէ հանելը։ Ուրիշ տեսակ ինչպէ՞ս բացատրենք թշնամի համարուածին նկատմամբ այսքան բիրտ վերաբերումը։ Իմացէք որ ոստիկանական ինքնաշարժին կապուած դիակներուն գտնուած վայրը անհամեմատօրէն շատ են բռնաբարուած կանայք, երեխէք, տանջանքով սպանուած տարեցներ, նոյնիսկ անտէր անասուններ։