Այս օրերուս մեզ՝ թրքահայերուս համար իմաստալից հարցում մըն է այս։ Վերջերս երկրի մէջ նկատուող քաղաքական բեւեռացումը անխուսափելիօրէն իր արձագանգը կ՚ունենայ նաեւ հայ ժողովուրդի վրայ։ Մանաւանդ որ վերջին 10-15 տարիներու ընթացքին շատ կարեւոր վերիվայրումներ արձանագրուեցան երկրի քաղաքական հեռանկարներուն մէջ։
Թուրքիոյ հայութիւնը ինչպէս միւս ոչ իսլամ փոքրամասնութիւնները, իրենց քաղաքական հակումը ուղղած են դէպի ժողովրդավարութիւն։ Բազմակուսակցական ընտրութիւններու սկսած թուականներէն ի վեր անոնք միշտ կը քուէարկեն աւելի շատ ազատութիւն խոստացող կուսակցութիւններուն ի նպաստ։ Իրականութեան մէջ աջէն դէպի ձախ երկարող քաղաքական սիւնաշարի մէջ անոնք միշտ հաւատարիմ մնացին կեդրոնական եւ կեդրոնի աջը զբաղեցնող կուսակցութիւններուն։
2007-ի ընտրութիւնները այս առումով աննախադէպ էին, քանի որ Թուրքիոյ հայերը իրենց պատմութեան մէջ առաջին անգամ կարեւոր համեմատութեամբ քուէարկեցին կրօնական հակումներով ներկայացող, այսինքն ծայրայեղ աջի մէջ դիրք գրաւող կուսակցութեան մը ի նպաստ։ Սակայն այս երեւոյթը այնքան ալ զարմանալի չէր, վասն զի այդ կուսակցութիւնը իր մատնուած զրկանքները եւ անիրաւութիւնները ներկայացնելով արդարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կը խոստանար։ Այս խոստումները լսուած եւ նկատի առնուած էին նաեւ Եւրօ Միութեան անդամ երկիրներու կողմէ ալ։
Սակայն ընտրողներու յիսուն տոկոսը ապահովելէ ետք այդ կուսակցութիւնը վարակուեցաւ մեծամտութեան ախտով։ Սկսաւ իր ապագայ ծրագիրները ներկայացնել մինչեւ 2071 թուական։ Վստահ էր որ միահեծան պիտի տանի երկրի իշխանութիւնը։ Նոյն պահուն շեղեց իր նպատակադրութիւնները խօսքի ազատութեան, աշխատողներու իրաւունքներուն, բնապահպաններուն եւ բոլոր արդարութիւնն պահանջողներուն դիմաց բարձր պատնէշներ հիւսելով։ Տուեալ գործընթացի մէջ ինչպէս երկրի բնակչութիւնը, նոյնպէս հայ հասարակութիւնն ալ աւելի քաղաքականացած էր եւ այդ գիտակցութեան անդրադարձը ապրեցանք 7 Յունիս 2015-ի ընտրութիւններուն։ Հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը անգամ մը եւս դիմեց աննախադէպին ու մեծ համեմատութիւնով ձայներ տուաւ մինչ այդ ծայրայեղական համարուած կուսակցութեան։
Այս քաղաքականացման մէջ մերթ ընդ մերթ որոշ դէպքերու բերումով, որոշ խմբակներ կամ անհատներ կամայ, թէ ակամայ կը ներկայանան իրենց ազգի անունով։ Զարմանալի բան չկայ, քանի որ այս երկրին մէջ սովորութիւն է չարագործութիւնը ազգային պատկանելութեամբ ներկայացնել, իսկ յաջողութիւնը վերագրել երկրի «իբրեւ թէ» օրինական տարրերուն։ Օրինակի համար հասարակ ոճիրի մը կամ աւազակութեան մը հեղինակը եթէ հայ է թերթերը լուրը կը հաղորդեն «հայ ոճրագործ» կամ «հայ աւազակ» բառերը օգտագործելով։ Բայց եթէ պատահարի ենթական ազգութեամբ հայ ըլլալով հանդերձ յաջողութիւն մը արձանագրած է, նոյն թերթերը կը գրեն «թուրք գիտնականը» կամ «թուրք արուեստագէտը» բացատրութիւնները։
Կասկած չկայ որ Նոր Զարթօնք շարժումը ամբողջ հայութիւնը չի ներկայացներ, բայց անոնց արարքը կը դիտուի իբրեւ հայ երիտասարդութիւն։ Միւս կողմէ պատահաբար որոշ աթոռի մը բազմողներն ալ նոյն դիրքին մէջ են եւ ի դէմ ժողովուրդի մեծամասնութեան կը ներկայացնեն իրենց ժողովուրդը։ Այս է որ բոլորս կը դնէ ուղղամիտ եւ արդար ըլլալու հրամայականին դիմաց։