Ցեղախումբի մը ժողովուրդի, ժողովուրդի մը ազգի վերածուիլը յարատեւ գործընթացի մը հետեւանքն է։ Հազիւ յարմար պայմաններու գոյութիւնով եւ ճշգրիտ արժեւորումով ազգը կ՚ունենայ պետական համակարգ։
Պետականացումը կը պարտադրէ նոր հրամայականներ։ Պետութիւններու խօսակիցները պետութիւններ են։ Այդ յարաբերութենէն կը ծագի դիւանագիտութիւն կոչեալ կրթութիւն մը։ Այս բոլորի մէկտեղումով ալ կը գոյանայ պետականացման մշակոյթը։
Մարդկութեան պատմութեան մէջ համեմատաբար շատ նոր հասկացողութիւններ են այս բոլորը։ Ունին հազիւ քանի մը դարերու անցեալ։ Ի վերջոյ ՄԱԿ-ի հիմնադրութիւնն իսկ հազիւ 70 տարուան պատմութիւն մըն է։
Թուրքիոյ հանրապետութիւնը զուրկ է պետականութեան մշակոյթէն։ Վերջին 60 տարիներուն բազմակուսակցական ընտրութիւններով գոյացած խորհրդարան մը ունենալով հանդերձ, այդ վեց տասնեակ տարիներու ընթացքին բազում անգամներ ընդհատած է հասարակութեան կամքով գոյացած խորհրդարանը։ Կախաղան հանած է վարչապետ եւ նախարարներ։
Թուրքիոյ հանրապետութեան ներկայացուցիչ հանդիսացող քաղաքական գործիչներ յաճախ շփոթած են երկրէ ներս քարոզչութեան բնոյթով ըսուելիքը եւ միջպետական յարաբերութիւններու պահուն անհրաժեշտ ճշգրտութիւնը։
Այս բնոյթի օրինակ մը կարելի է համարել ձերբակալուելու հաւանականութիւնը նկատելով երկրէն խոյս տուող երկու դատախազներու դէպքը։ Զէքէրիա Էօզ եւ Ճէլալ Գարա հազիւ քանի մը տարի առաջ երկրի կարեւորագոյն դատախազներն էին։ Օժտուած էին լայն իրաւասութիւններով։ Ցանկացած պահուն հարցաքննութեան կը հրաւիրէին նոյնիսկ անձեռնմխելի կարծուած պետական գործիչները կամ զօրավարները։ Ապա իշխանութիւնը փոխեց իր ռազմավարութիւնը։ Այդ ժամանակուայ վարչապետի խորհրդատու Եալչըն Աքտողանի մէկ նախադասութիւնով ազատ արձակուեցան ծանր մեղադրանքներով բանտարկուած զինուորականները եւ մեղադրող սլաքը ուղղուեցաւ դատախազներուն։ Զէքէրիա Էօզ եւ Ճէլալ Գարա Սարփի սահմանադրէն անցան Վրաստան։ Լրատուութեան փոխարէն լուր հեղինակելով ծանօթ Թուրքիոյ իշխանամէտ մամուլը առանց փաստացի տուեալի մը կարիքը զգալու պնդեց թէ փախստական դատախազները անցած են Հայաստան։ Հայաստանի իշխանութիւններու այս պնդումը հերքող յայտարարութիւնները տեղ չգտան այդ մամուլին մէջ։ Ապա տեսնուեցաւ որ այս երկուքը անցած են Գերմանիա։
Այս հանգրուանին Թուրքիա երկու երկիրներու միջեւ յանցագործներու փոխանակման դրութիւնը շահագործել փորձեց եւ պահանջեց դատախազներու ձերբակալումը եւ վերադարձը։
Պետութեան լրջութեան առումով գայթակղութեան օրինակ մըն է «Ինթէրփոլի ցանկերուն մէջ -Ֆէթէօ- կոչեալ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը գոյութիւն չունի» պատասխանը։
Բոլոր ուժը ներքին քաղաքականութիւնը ձեւաւորելու համար բառամթերք կազմելու տուած մտայնութեան մը համար այս խայտառակութիւնը ամօթ չէ պատճառած։ Պետական լրջութիւն ունեցող որեւէ երկրէ ներս այս պատասխանը կը թելադրէ պատասխանատուներու հրաժարումը։ Իսկ Թուրքիոյ մէջ այդ գիտակցութիւնը երբեք գոյութիւն չէ ունեցած։ Ընդհակառակը երկրի հասարակութիւնն է, որ ամօթ կը զգայ իր կառավարութեան նման անփոյթ ընթացքէն։
Երանի՜ գայթակղութեան համազօր ելոյթները միայն այսքան ըլլային։ Երանի՜ նախագահի բերնէն լսած չըլլայինք «Եթէ 400 պատգամաւոր տուած ըլլայիք այս բաները չէր պատահեր» խօսքը։ Երանի վարչապետը 74 միլիոնի աչքերուն նայելով սուտ խօսած չըլլար «Զոհուած զինուորները յաջողութեամբ ետ առինք» ըսելով։ Երանի մարդու կեանքն ու արժանապատուութիւնը աւելի բարձր գնահատուէր, քան ոմանց գրաւած աթոռները։