PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Փառաշուք տարեդարձ

6-7 Սեպտեմբերի 60-ամեակը փառաշուք հանդէսներով նշուեցաւ բովանդակ երկրի տարածքին։ Թուրքիոյ քաղա­քացի­ներու ամե­նաուխտա­ւոր հա­տուա­ծը մեծ ոգե­ւորու­թիւնով մաս­նակցե­ցաւ ցոյ­ցե­րուն հրկի­զելով ՀՏՓ կու­սակցու­թեան աւե­լի քան 130 կեդ­րոններ։ Ար­դէն նա­խորդ վեց օրե­րէ ի վեր բա­նակը սկսած էր այս տօ­նակա­տարու­թեան Շրնա­քի Ճիզ­րէ քա­ղաքին մէջ։ Հոն եւս Թուրքիոյ Զի­նեալ Ու­ժե­րու հե­րոսա­կան միաւո­րումնե­րը հռչա­կելով փո­ղոց ել­լե­լու ար­գելք մեծ ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռած էին տե­ղացի ժո­ղովուրդին։ Երբ ոս­տի­կան­նե­րը եւ զի­նուոր­նե­րը կրա­կոց­նե­րով կը թնդաց­նէին թա­ղերու փո­ղոց­նե­րը հա­սարա­կու­թիւնն ալ աղա­ղակ­նե­րով ու ճի­չերով կու գար այս ու­րա­խու­թեան մաս կազ­մե­լու։ Քա­ղաքը կը թնդար զըլ­կը­թի ձայ­նե­րով։ Ան­դին պա­տանի­ներ կամ երի­տասարդներ ալ սու­լոցնե­րով կը մաս­նակցէին ու­րախ խրախ­ճանքին։ Թէեւ տօ­նակա­տարու­թիւննե­րու բեր­մամբ ժո­ղովուրդը դժուարա­ցած էր յա­նապա­զօրեայ հա­ցը ապա­հովե­լէ, բայց ինչ փոյթ՛ բո­լոր փո­ղոց­նե­րուն տի­րող տօ­նական մթնո­լոր­տին մէջ ոչ ոք կը մտա­բերէր հաց ու­տե­լու կա­րիքը։ Խու­ժա­նը այնքան ոգե­ւորուած էր որ ու­րա­խու­թիւնը հետզհե­տէ կը ծա­ւալէր մա­նաւանդ երբ կը լսուէր «Քուրթու­լուշը հա­յոց գե­րեզ­ման պի­տի դառ­նայ» վան­կարկու­մը։ Այս մէ­կը իս­կա­պէս աւե­տիս մըն էր Քուրթու­լուշցի­ներու հա­մար, քա­նի որ այնպէ­սով անոնք ապա­հոված կ՚ըլ­լա­յին իրենց այնքան սի­րելի թա­ղին մէջ գե­րեզ­ման մը ու­նե­նալ։ Նշենք որ Պոլ­սոյ գե­րեզ­մա­նատու­նե­րուն մէջ հո­ղաբա­ժին­նե­րը բա­ւական թանկ են եւ այս մէ­կը շատ ու­րա­խալի առիթ մըն է այս մա­սին մտա­հոգուած մե­րազն ժո­ղովուրդին հա­մար։

Ժո­ղովուրդի ու­րա­խու­թիւնը խան­գա­րող դէպ­քեր ալ պա­տահե­ցան, բայց անոնք ընդհան­րա­պէս չկրցան խան­գա­րել տի­րող տօ­նական ապ­րումը։ Կարգ մը թա­ղերու մէջ ոս­տի­կան­ներ ու­րա­խացող ժո­ղովուրդին ար­գելք ըլ­լա­լով ստուեր ածե­ցին տօ­նական մթնո­լոր­տին, բայց բա­րեբախ­տա­բար անոնց այս ան­պա­տաս­խա­նատու արար­քը չի յա­ջողե­ցաւ տի­րող տօ­նական մթնո­լոր­տը խան­գա­րելու։ Յա­ջորդ օր լոյս տես­նող թեր­թերն ալ գրե­թէ միաձայ­նութեամբ կ՚ող­ջունէին մէկ օր առա­ջուան տօ­նակա­տարու­թիւնը։ Այս առ­թիւ արա­ր աշ­խարհ ան­գամ մը եւս վստահ եղաւ որ Թուրքիոյ ժո­ղովուրդը, որ­քան ամուր կեր­պով փա­րած է իր հան­րա­պետու­թեան եւ ի զուր է ազգ-պե­տու­թիւն միաս­նութիւ­նը խա­փանել մի­տող բո­լոր խա­ղաղութեան քա­րոզ­չութիւննե­րը։

Տօ­նակա­տարու­թիւննե­րու ամե­նատ­պա­ւորիչ դրուագ­ներն էին քիւրտ երի­տասար­դի մը ծե­ծով ու խոշ­տանգու­մով Աթա­թիւրքի կի­սանդրին համ­բուրե­լու պար­տադրուած պա­հը։ Ան­մո­ռանա­լի պի­տի մնայ նաեւ դէ­պի քրտա­կան քա­ղաք­նե­րու ուղղուած հան­րա­շարժնե­րու քար­կո­ծու­մը։ Խիստ տպա­ւորիչ պատ­կերներ պար­զուեցան նաեւ խա­ղաղու­թիւն քա­րոզող ՀՏՓ կու­սակցու­թեան կեդ­րո­նական շէն­քին առ­ջեւ։ Այստեղ ազ­գա­յին զգա­ցումնե­րով տո­գորուած թուրք երի­տասարդներ լա­րախա­ղացի մը ճար­պի­կու­թեամբ կը մագլցէին շէնքն ի վեր, հոն­կէ կա­խելու հա­մար մե­ծածա­ւալ դրօ­շակ։ Անոնցմէ ոմանք աւե­լի ալ յա­ջող քայ­լի մը կը դի­մէին ու շէն­քէն ներս մտնե­լով կ՚այ­րէին կու­սակցու­թեան գրա­սենեակը։ Այդ պա­հուն ալ աւե­լի կը խան­դա­վառուէր շէն­քին առ­ջեւ հա­ւաքուած խու­ժա­նը եւ միաբե­րան կ՚աղա­ղակէր՝ «Ալա­հու Էք­պէր»։

Վեր­ջին հա­շուով կա­րելի է ըսել որ Թուրքիա եր­կի­րը հա­ւատա­րիմ է իր փառ­քե­րուն եւ 60 տա­րի անց կազմ եւ պատ­րաստ է 6-7 Սեպ­տեմբեր 1955-ի յաղ­թա­նակը վե­րապ­րե­լու։