Մեր ժամանկներու կարեւորագոյն երգահաններէն Արթուր Մեսճեանի այնքան մեծ ընդունելութիւն գտած այս երգը անիրաւութեան ենթարկուածներու պոռթկումը կ՚արտայայտէ։ Նիւթ կ՚ունենայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ յիշելով բիւրաւոր անմեղ զոհերու մատնուած տառապանքը, ճարահատ ճիչի մը նման կ՚ըմբոստանայ դէպի երկինք։
Ափսոս որ աշխարհի այս հատուածին վրայ ապրողներուս համար անարդարութիւը, անիրաւութիւնը հարիւր տարի առաջ ապրուած ու աւարտած խնդիր մը չէ։ Այդ է պատճառը որ ակամայ կը մտաբերենք Մեսճեանի հարցումը՝ «Ո՞ւր էիր Աստուած»։
Հազիւ ապականած, մգլոտած միտք մը այդ արտայայտութեան մէջ կը գտնէ անաստուածութեան քարոզչութիւն։ Կը գտնէ եւ իր վրայ ալ պարտականութիւն կը համարէ Աստուծոյ փաստաբանութիւնը։
Գրութեան խորագիրը կազմող այս վերտառութիւնը գրուած է Քամփ Արմէնի պատերէն մէկուն վրայ։ Ինչ որ միւս պատին վրայ ալ գրուած էր «Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի»։ Այս վերտառութիւնն ալ բաւական դժգոհութիւն յառաջացուցած էր որոշ միտքերու մէջ։ Վախցած էին որ այս նախադասութիւնով ալ աւելի կը զայրացնեն այն տարրերը, որոնց դէմ կը պայքարինք մենք, իսկ իրենք կը մնան գթութիւն պաղատողի դիրքին մէջ։
Յստակ ու պարզ դիրքորոշումի մը հակադրութիւնն է այս պատկերը։ Հակադրութիւն՝ որ կեանքի տարբեր իրադարձութիւններուն յաճախ կը պարզուի մեր դիմաց։
Շատ երկար տարիներ դժգոհեցանք մեր ազգային վարժարաններէ ներս աշակերտներու արձանագրութիւնը արգելքներով խոչնդոտող դրութեան դէմ։ Յիշենք որ իւրաքանչիւր ծնող իր զաւկին արձանագրութեան համար կը հարկադրուէր Կրթական Տնօրէնութեան կողմէ ճշդուած յանձնախումբի մը յաւակնութիւնը ստանալ։ Եւ այս անիմաստ քննութիւնը կը կրկնուէր դպրոցական չորս շրջանակներու համար, սկսելով մանկապարտէզէն, նախակրթարան, միջնակարգ եւ ճեմարան։ Այսօր որ ընթացքը բարեփոխուած է եւ արձանագրութեան լիազօրութիւնը յանձնուած է տնօրէնութիւններուն, չարագուշակները մատնուած են նոր սարսափի մը։ «Ինչպէ՞ս պիտի ճշդենք մեզ դիմողներու պատկանելութիւնը» հարցումով կը գոյանայ այդ չարագուշակութիւնը։ Պատասխանը շատ պարզ է՝ «մի՛ ճշդէք»։ Բաւ համարեցէք մարդկանց իրենց զաւակները հայ դպրոց արձանագրելու ցանկութիւնը։ Ապա ներկայացուցէք դպրոցի ուսման ծրագիրը եւ արձանագրութեան պայմանները։ Բաւարարուեցէք այսքանով։ Յիշեցէք որ շատ երկար տարիներ տառապեցաք աշակերտութեան թուի նուազումէն։ Հիմա որ մարդիկ ոչ թէ ուրիշ ճար չունենալնուն համար, այլ նախընտրելով կու գան ձեր դուռը, այդ ի՞նչ միտք է որ պիտի խորհի դուռը իրենց երեսին փակելու մասին։
Յիշենք որ քաղաքակրթութեան նուաճումներու դէմ յամառելու գլխաւոր միջոցն է չարագուշակութիւնը։ Չարագուշակը ամէն զարգացում կը դիտէ վարանումով եւ իր մտավախութիւնները կ՚արդարացնէ յօրինած չար գուշակութիւններով։ Յետին նպատակ կը վերագրէ իրեն համար անսովոր բոլոր զարգացումներուն։
Այս պահուն կը յիշեմ Ռոպէր Հատտէճեանի 45 տարի առաջ գրած մէկ յօդուածը՝ «Տիգ»ը։ «Օրագրիս 15 էջերը» հատորին մէջ Հատտէճեան ոգեւորուած կը պատմէր մի ոմն անգլիացի Տիգի մասին, որ եկած էր Երեւան հայագիտութիւն ուսանելու։ Ներկայ դրութիւնը մեզ կ՚ընծայէ նոր Տիգեր պատրաստելու առիթը, որուն դիմաց ինքնավստահութիւնը կորսնցուցած չարագուշակներ կը մտմտան ինչպիսի արգելքներ յարուցանելու շուրջ։
Եթէ հոս ալ սայթաքինք, ակամայ պիտի գոչենք՝ «Ո՞ւր էիր Աստուած»։