PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Ճանաչել անջատողականը

Պատմութիւնը ի՞նչ է, եթէ ոչ զօրաւորին յուշագրութիւնը։ Յիշենք որ մարդկութեան նշած հնագոյն գրութիւնները պատերազմի մը աւարտին արձանագրուած համաձայնութիւններ կամ կանոնագրութիւններ եղած են։ Իշխանութիւն վայելողը դէպքերը իր կողմէ ցոլացնելու մենաշնորհը ունեցած է։ Առաջին պատմիչները իշխանաւորներու կողմէ պաշտօնակոչուած էին, փառաբանելու համար իրենց տիրոջ քաջագործութիւնները։ Լաւ վարձատրուած աշխատութիւն մը ըլլալու է այս, քանի որ մինչեւ օրս ալ բաւական շատ են իրենց տիրոջ քաջագործութիւնը փառաբանելու պաշտօնակոչուած պատմիչները։ Ներկայ պայմաններու մէջ անոնց կը հանդիպինք տիրոջ ձայնը ցոլացնող թերթերու սիւնակներուն վրայ։

Այդ պատմիչներու ամենակարեւոր յատկութիւններէն մէկը իրենց տիրոջ սպառնացողները արհամարհելու համար գտած եղանակներն են։ Այդ եղանակներու կարեւորագոյնն է դիմացինը սատանայացնել։

Իշխանութիւններու վարձկան գրիչները ժամանակի պահանջին համաձայն կը ստեղծեն սատանայացնելու ծառայող բառամթերքը։ Որոշ ժամանակ «հրեայ», «սիոնական», «վհուկ», «կոմունիստ», «քրիստոնեայ», «իսլամ», «էզտի», «զրապաշտ», «աթէիստ», «գնչու» բառերը դիմացինը սատանայացնելու ծառայող անուններ եղան։ Սէլիմ Ա. Սուլթանի օրով «ղըզըլպաշ»ը սատանայ էր, հայոց ցեղասպանութեան օրերուն ալ «հայ»ը, «կյավուր»ը կամ «Ֆըլլէ»ն։

1970-ական եւ յաջորդող տարիներուն մեր երկրի մէջ սատանայի փոխարէն կ՚օգտագործուէր «անարշիստ» այսինքն անիշխանական բառը։ Գաղափարական նախասիրութիւն մը համարուող այդ համոզումը շատ երկար ժամանակ դիտուեցաւ իբրեւ յանցագործութիւն։

Ներկայ ժամանակներուն սատանան Թուրքիոյ մէջ ահաբեկիչն է, արեւմուտքի մէջ իսլամը եւ միջին արեւելքի մէջ Ամերիկան։

Լեզուաբանները արդէն իսկ սահմանած են այս բառերու նշանակութիւնները։ Ահաբեկիչը այն գործիչն է, որուն արարքին հիմնական նպատակը հասարակութեան մէջ սարսափ պատճառել է։ Սարսափի տեղի տալու համար կը պատրաստէ այնպիսի գետին մը, ուր ոչ ոք ինքզինք ապահով ու անվտանգ պիտի զգայ։ Միջազգային կոչումով այս արարքը թէրօր կը կոչուի, իսկ գործադրողը թէրօրիստ։ Սակայն վերեւ նշուած պայմաններու մէջ շատ անգամ բոլորովին արդար պահանջներով հրապարակ իջնողներն ալ իրենց հակառակորդներուն կողմէ այս կոչումին կրնան արժանանալ։ Օրինակի համար Պաղէստինի ազգային հերոս Եասէր Արաֆաթ շատ երկար տարիներ ահաբեկիչ անուանուած էր Իսրաէլի իշխանութիւններու կողմէ։ Մարդու իրաւունքներու առասպելական պաշտպան Նելսոն Մանտելա եւս ահաբեկիչ համարուելով ենթարկուած էր երկարատեւ բանտարկութիւններու եւ տանջանքներու։ Մուսթաֆա Քէմալն ալ իր կարգին ահաբեկիչ մըն էր Օսմանեան պալատի հաշւոյն։ Յանկարծ եթէ ձերբակալուած ըլլար, հզօրին կողմէ գրուած պատմութեան գիրքերը այդ ածականով պիտի յիշէին զինք։

Ուրեմն դիւրաւ կրնանք ըսել որ մէկու մը ահաբեկիչ կամ ազգային հերոս ըլլալը կապուած է անոր զինուորական յաջողութեան հետ։ Ուժը ներկայացնողը, իր բռնութեան եւ անօրինութեան մէջ նոյնիսկ որ արդար չըլլայ, իրաւացի է անպայման։ Այս ճշմարտութիւնը ցոլացնող հայերէն ասացուածք մըն է «իրաւունքը զօրաւորինն է» հաստատումը։

Ափսոս որ բոլոր այս միտքերուն տեղի տուող զարգացումներով կ՚անցնին ներկայ օրերը։ Ժողովուրդը ազգային խտրականութեամբ դասակարգող-ները կը համարձակին հաւասարութիւն պահանջողները անջատողական կոչել։ Ի՛նչ զարմանալի, միասնութիւն պահանջողը անջատողական պիտի ըլլայ, իր ինքնութիւնը բոլորին պարտադրողը ո՛չ։