Դէպքերը յաճախ պատճառ կը դառնան խորհելու թէ պատմութիւնը կը կրկնուի։ Իսկ գիտական միտքը դարեր առաջ Հերակլէիդոսի հաստատումով համոզուած է, թէ կարելի չէ նոյն գետին մէջ երկրորդ անգամ լողալ։ Կարելի չէ, քանի որ ոչ գետը նոյն գետն է, ոչ ալ լողացողը։ Փոփոխութեան յարատեւութիւնը խորհրդանշող այս փիլիսոփայական հաստատումը ընդունուած է պատմագիտութեան կողմէ ալ, եւ իւրաքանչիւր զարգացում կը դիտուի իր առանցին պայմաններուն մէջ։ Բայց ինչպէս վերեւ ալ նշեցինք, մարդկային միտքը յաճախ կը յիշէ այդ կրկնութեան վարկածը, որմէ ալ դուրս կու գայ ուրիշ հաստատում մը՝ «Պատմութիւնը դէպքերու կրկնութիւնն է»։
Թուրքիոյ այժմու տրամադրութիւնն ալ կարելի է նմանցնել ուղիղ դար մը առաջուան քաղաքական համայնապատկերին։ Այդ ժամանակ Հայաստան կը տառապէր քիւրտ աւազակախումբերուն թալանով ու աւերով։ Հայոց քաղաքական միտքը արդարութիւն կը պահանջէր Մեծ Դռնէն, յաճախակի բարեփոխում խնդրելով Սուլթանէն։ Չէր ուզեր հաւատալ, թէ այդ յարձակումները կը կատարուին Կարմիր Սուլթանի թելադրանքով։ Կը յուսար որ արեւմուտքի քրիստոնեայ գերտէրութիւնները ճնշում կը բանեցնեն Օսմանեան Կայսրութեան, որպէսզի հայ ժողովուրդը խաղաղութեան տիրանայ եւ հանգիստ շունչ մը քաշէ։ Բոլորս գիտենք թէ այդ միամիտ յոյսերը ինչ պտուղ տուին։
Պատմութեան այդ զարհուրելի ժամանակներէն դար մը ետք, հիմա դերակատարները փոխուած են միայն, իսկ գործընթացը կը կրկնուի նոյն կիրքերը քրքրելով։ Հայոց ճակատագրին ենթարկուած կ՚երեւին քիւրտերը։ Անցեալին Օսմանեան պետութեան հաշւոյն հայերը տանջող քիւրտերը հիմա իրենք կը տանջուին հանրապետական Թուրքիոյ բանակին ձեռքով։ Աւելին՝ պետութիւնը կ՚ուրանայ անոնց ազգային ինքնութիւնն ալ։ Կը պահանջէ որ քիւրտերը յօժարին թուրքի ինքնութեամբ ներկայանալու, իրենց քիւրտ պատկանելութիւնը ընդունելով իբրեւ ենթաինքնութիւն։
Եթէ ճամբորդենք դէպի անցեալ ժամանակներ, այն ատեն հայերը արդարութիւն կը պահանջէին թուղթէ շերեփով, իսկ այժմ քիւրտերը ունին իրենց երկաթէ շերեփը։ Եթէ այսօր կը խօսինք կարգ մը ձեռքբերումներու մասին, պէտք է յիշել որ այդ ձեռքբերումները իրականացան ոչ թէ կառավարութիւններու բարեացակամութենէն, այլ երկաթէ շերեփի կարողութենէն։
Ի դէմ բազմահազարներու կեանքին, երկաթէ շերեփը նաեւ թարգման եղաւ ժողովուրդի մը արդար պահանջատիրութեան տեսանելի դառնալուն։ Այս իրողութեան փաստը յայտնուեցաւ 80 պատգամաւորներով։ Բայց թրքական աւանդական եսապաշտ քաղաքականութիւնը կը դժուարանայ մարսել այս իրողութիւնը։ Կը դիմէ պատմութեան մէջ նախապէս ալ օգտուած դրութեան։ Կը հրահրէ պատերազմ, որպէս զի պատերազմի պայմաններուն մէջ անգամ մըն ալ խնդիրը լուծէ իր գիտցած ձեւով։
Սակայն չի տեսներ որ ոչ գետը հարիւր տարի առաջուան նոյն գետն է, ոչ ալ լողացողը նոյն։ Երկրէ ներս ծիլ արձակած է դիմադրութեան ջիղ մը, որ այդքան ալ դիւրին պոկելի չերեւիր։
Դիմադրութեան ոգիի հայ ժողովուրդի մէջ դրսեւորումն է «Նոր Զարթօնք» շարժումը, որ կը լրացնէ Քամփ Արմէն ճամբարի գրաւման 100-րդ օրը։ Տղաքը վճռած են՝ դիմադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ խնդրին արդար լուծումի մը հասնիլը։
Դիմադրութեան 100-րդ օրն իսկ ինքնին խորհրդանշական հանգրուան մըն է Նոր Զարթօնք շարժումի գործիչները ողջունելու համար։ Կեցցէ՜ անոնք, որ յաջողեցան մեր նոր պատմութեան մէջ շատ կարեւոր դիրք մը նուաճելու։ Իրենց շնորհիւ աւելի բարձր է մեր արժանապատուութիւնը չարի դէմ պայքարելու փորձին մէջ։