PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Երկընտրանք «ազգ» ու «համայնք»ի միջեւ

Որո՞ւն երկիրն է այս։ Մե՞ր, թէ ոչ մեզ սպանողներուն։ Տարակուսելու պատճառ չկայ, սա մեր երկիրն է։ Երկիր՝ որու վրայ գրուած է մեր ազգի պատմութիւնը։ Ջրհեղեղի աւարտին Նոյան Տապանը մեր լեռներուն վրայ խարսխեց։ Արձակած աղաւնին մեր ձի­թենիէն ճիւ­ղով մը վե­րադար­ձաւ։ Մեր նա­խահայ­րերն էր որ Արա­րատեան Դաշ­տէն տա­րածուեցան ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին։ Հայկ նա­հապետ հոս է որ կռուեցաւ Բե­լին դէմ։ Մես­րոպ Մաշ­տոց հոս է որ հայ ժո­ղովուրդին նուիրեց եր­կա­թագիր տա­ռերը մեր։ Այս հո­ղերու վրայ է որ Մա­րիամ Աս­տուածա­ծին կամ հրէից Նա­զով­րե­ցի թա­գաւո­րը հա­յացաւ։ Հայ շի­նարա­րի ճար­տար ձեռ­քե­րով կա­ռուց­ւած վան­քե­րու մէջ թարգմա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րը Աս­տուածա­շունչը հա­յացու­ցին։ Այստեղ ծնաւ գրա­կանու­թիւնը մեր, եւ երաժշտու­թիւնը։

Բազ­մա­հազար տա­րինե­րով կը բա­ցատ­րուի հա­յու ներ­կա­յու­թիւնը այս հո­ղերու վրայ։ Իսկ հի­մա հար­ցում ծա­գած է՝ որո՞ւն եր­կիրն է այս։ Մե՞ր, թէ ոչ մեզ սպա­նող­նե­րուն։ ԺԸ. Դա­րու աւար­տին էր որ ծա­գաւ ազգ ու ազ­գա­յին պե­տու­թիւն գա­ղափա­րը։ Եթէ սկիզ­բի հար­ցումը տրա­մաբա­նու­թիւն մը կը գտնէ, այդ տրա­մաբա­նու­թիւնը կու գայ «ազ­գա­յին պե­տու­թիւն» հաս­կա­ցողու­թե­նէն։ Մին­չեւ այդ այս երկրի ոչ հա­յերը, ոչ յոյ­նե­րը եւ ոչ ալ ոեւէ ժո­ղովուրդ վա­րանած էր ապ­րած երկրին տէ­րը ըլ­լա­լու հա­սկա­ցողու­թե­նէն։ Բայց երբ երկրի վրայ կազ­մուած է ազ­գա­յին պե­տու­թիւն մը, եր­կիրն ալ ինքնա­բերա­բար միայն այդ ազ­գին սե­փակա­նու­թիւնը կար­ծուած է։ Եթէ պե­տու­թիւնը կը ներ­կա­յանայ «թուրք ազգ» պի­տակով, բո­լոր անոնք որ թուրք չեն, զրկուած կ՚ըլ­լան նաեւ երկրի տէ­րը ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քէն։ Իբ­րեւ ապա­ցոյց յի­շենք ազ­գայնա­կան «Հիւրրի­յէթ» թեր­թի են­թա­խորա­գիրը՝ «Թուրքիան թուրքե­րուն է»։

Հան­րա­պետու­թեան հիմ­նադրու­թեան տա­րինե­րուն բա­ւական իրա­ւացի թուած էր այս կա­ղապա­րը։ Այդ բնա­կանութեան մէջ թուրքե­րը բնաջնջե­ցին երկրի ոչ իս­լամ ժո­ղովուրդնե­րը, իս­լամնե­րուն ալ պար­տադրե­լով թրքա­նալ։ Սա­կայն ներ­կայ ժա­մանակ­նե­րը բնաւ նպա­տակ չու­նին այս հաս­տա­տու­մը ըն­դունե­լու։ Եթէ օրի­նակ բե­րենք հա­յերս, քա­նի որ թուրքե­րէն շատ աւե­լի հին ան­ցեալ ու­նինք այս հո­ղերուն վրայ, ինքնա­բերա­բար չենք հրա­ժարիր մեր սե­փական եր­կի­րը ու­րի­շի մը թո­ղելու։ Այս պայ­մաննե­րու մէջ միակ լու­ծումը բազ­մազգի երկրի մը գա­ղափա­րին հա­մակեր­պիլ է։ Թուրքիոյ պե­տութեան հիմ­նա­դիր­նե­րը ամ­բողջ 60 տա­րի աշ­խա­տեցան ար­հեստա­կան ազգ մը կեր­տե­լու հա­մար։ Որոշ չա­փով թէեւ յա­ջողե­ցան, բայց երբ երկրի մե­ծագոյն փոք­րա­մաս­նութիւ­նը կազ­մող քիւրտեր եւս լրա­ցու­ցին ազգ ըլ­լա­լու գի­տակ­ցութիւ­նը, այդ 60 տա­րուայ ջան­քը ապար­դիւն մնաց։ Ի վեր­ջոյ պե­տական հա­մակար­գէ ան­կախ գոր­ծընթաց մըն է ցե­ղախումբի մը ազ­գա­յին գի­տակ­ցութեան հաս­նի­լը։ Մեր իրո­ղու­թեան մէջ այդ գի­տակ­ցութիւ­նը վեր­ջին ձեռք բե­րող­նե­րէն կ՚ըլ­լան հրեանե­րը, քիւրտե­րը, ասո­րինե­րը եւ դեռ այլ եւ այլ խմբակ­ներ։ Գնչու­նե­րը օրի­նակ մին­չեւ օրս չեն կրցած ազ­գի մը դի­մագի­ծը ու­նե­նալ։ Սահ­մա­նուած են ցե­ղախումբ մը ըլ­լա­լով։ Իսկ մենք, հա­կառակ որ նա­խորդ սե­րունդնե­րու շնոր­հիւ ազգ դար­ձած ենք, այժմ կը փոր­ձենք հա­մակեր­պիլ «հա­մայնք»ի մը նեղ ու ճղճիմ սահ­մա­նու­մին։ Պա­տաս­խա­նը հի­մա աւե­լի յստակ է։ Եթէ ազգ ենք, այս մեր եր­կիրն է ու պի­տի պայ­քա­րինք այդ երկրի բա­րօրու­թեան հա­մար։ Իսկ եթէ հա­մայնք ենք, դիւ­րաւ կրնանք հա­մակեր­պիլ այն հաս­տա­տու­մին, թէ այս մեր եր­կի­րը չէ, այլ ու­րի­շին։ Վերջինիս պա­րագա­յին ակնկա­լու­թիւններն ալ աւե­լի մատ­չե­լի են։ Գը­նալը­յի ծո­վափը, Վոս­փո­րի լիւ­ֆէր ձու­կը, շու­կա­յի փոք­րիկ խա­նու­թի հա­սոյ­թը լի ու լի կ՚ար­դա­րաց­նէ մեր պա­հան­ջատիրութիւնը։