PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Համահայկական

Հա­մահայ­կա­կան բա­ռը վեր­ջին տա­րինե­րուն առ­հա­սարակ կը յու­շէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած խա­ղերը։ Սփիւռքա­հայ երի­տասար­դութեան հայ­րե­նի երկրին հետ ան­մի­ջական շփու­մը ապա­հովե­լով կա­րեւոր ներդրում մը ներ­կա­յաց­նող այս մի­ջոցա­ռու­մը կը նպաս­տէ նաեւ երկրի զբօ­սաշրջու­թեան։

Կ՚ար­ժէ այս բա­ռին աւե­լի ըն­դարձակ իմաս­տին ալ անդրա­դառ­նալ։ Այդ ծա­ւալին մէջ բա­ռը պի­տի նշա­նակէ բո­լոր հա­յերուն վե­րաբե­րող իմաստ մը։ Իրա­կանու­թեան մէջ հա­մաշ­խարհա­յին խա­ղի մը հե­տեւան­քով մենք հա­յերս ու­նե­ցանք հա­մահայ­կա­կան խնդիր մը։ Բայց այդ հա­մաշ­խարհա­յին խա­ղը այնքան ուժգին հա­րուած մը եղաւ, որ ամ­բողջ դար մը չկրցանք մեր խնդիր­նե­րը հա­մահայ­կա­կան տե­սան­կիւնէ մը դի­տել։ Ամէն մէկս, աշ­խարհի տար­բեր ծա­գերուն տա­րուած էինք մեր ան­մի­ջական հո­գերով։ Հե­ռաւոր ափե­րու վրայ նոր կեանք, նոր օր­րաններ կա­ռու­ցե­լու դժուարին գոր­ծին ձեռ­նարկե­ցինք։ Ճախ­ճա­խու­տը մշա­կելով վե­րածե­ցինք մրգաս­տա­նի, ծաղ­կաստա­նի։ Քա­ղաք­նե­րու մէջ հիմ­նե­ցինք աշ­խա­տանոց­ներ, ուր շի­նարա­րական շնոր­հով պատ­րաստե­ցինք ձեռ­նե­րէց վար­պետներ։ Բայց միշտ դժուարա­ցանք մեր ու­ժե­րը միաց­նե­լու գոր­ծին մէջ։ Այդ իմաս­տով կա­րեւոր յոյս մը եղած էր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան հիմ­նադրու­թեան յա­ջոր­դող առա­ջին տա­րինե­րուն, իսկ ծրագ­րուած «Հա­յաս­տան-սփիւռք» հա­մաժո­ղով­նե­րը։ Տպա­ւորիչ էր բազ­մութիւն մաս­նակցու­թիւնով կա­յացող եռօ­րեայ նիս­տե­րը, բայց բո­լոր մաս­նա­կից­ներն ալ այդ նիս­տե­րուն եկած էին առանց նա­խապատ­րաստու­թեան։ Պա­տուի­րակ­ներ շատ ան­գամ գո­հացան իրենց այդ պա­հի զգա­ցումնե­րը ար­տա­յայ­տե­լով միայն։ Մինչ միւս կող­մէ ամէն գա­ղութ ու­նէր իր էական, տար­րա­կան խնդիր­նե­րը, որոնց նման­նե­րէն կա­րելի էր եզ­րա­կացու­թիւննե­րու յան­գիլ։ Բայց նման ար­դիւնքի մը հաս­նե­լու հա­մար անհրա­ժեշտ էր աւե­լի խտա­ցեալ կազ­մե­րով եւ քիչ մը աւե­լի եր­կա­րատեւ հան­դի­պումներ կազ­մա­կեր­պել։ Շատ ուշ նշմա­րեցինք, թէ հա­յապահ­պանման առու­մով մեր հո­գերը նման են։ Հե­տեւա­բար ու­շա­ցանք նաեւ հա­մընդհա­նուր ախ­տա­ճանաչ­ման եւ դար­մանման մի­ջոց­ներ որո­նելու գոր­ծին մէջ։ Երա­զանք մը չէ իրա­րու փոր­ձե­րէն օգ­տուելով աւե­լի գործնա­կան ար­դիւնքնե­րու յան­գի­լը։

Ամե­նակա­րեւոր խնդի­րը հա­մատա­րած աղ­քա­տու­թիւնն է։ Յատ­կա­պէս Խորհրդա­յին Միու­թեան փլու­զումէն ետք գլխա­ւորու­թեամբ Եւ­րո­պական եր­կիրնե­րու, բո­վան­դակ աշ­խարհի տա­րած­քին կրճա­տուած են աշ­խա­տող­նե­րու ձեռքբե­րումնե­րը։ Գոր­ծազրկու­թիւնը Դե­մոկ­լեան թու­րի մը նման կը ճօ­ճուի մարդկանց գլխուն վե­րեւ։ Ըն­տա­նիքի ապ­րուստին հո­գերով տա­ռապող հայ մար­դու տի­պարը մեր ամե­նայստակ իրո­ղու­թիւնն է հա­մահայ­կա­կան չա­փանի­շով։ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցինե­րու են­թարկուած գոր­ծազրկու­թեան վրայ եկած է աւել­նալ սփիւռքա­հայու տնտե­սական նա­հան­ջը։

Հա­սարա­կական խնդիր­նե­րու մա­սին խորհրդակ­ցե­լու պա­հուն զանց կ՚առ­նենք ան­հատնե­րու սե­փական խնդիր­նե­րը։ Չենք իսկ նկա­տեր, թէ հա­սարա­կու­թիւն ըսուածը ինքնին ան­հատնե­րու միացու­մէն կը գո­յանայ։

Այդ միացեալ ու­ժը բնա­կանա­բար ու­նի իր տնտե­սական աղ­բիւրնե­րը, որոնցմով կը մա­տակա­րարէ ազ­գա­պատ­կան զա­նազան հաս­տա­տու­թիւններ։ Այդ հաս­տա­տու­թիւննե­րը եթէ հիմ­նարկու­թե­նէ ցայ­սօր առա­ւել կամ նուազ կա­տարե­ցին իրենց առա­քելու­թիւնը, միշտ օգ­տուեցան հա­րազատ ժո­ղովուրդի նպաս­տէն։ Իսկ հի­մա առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով պի­տի մտա­ծենք նոյ­նինքն ժո­ղովուրդին նպաս­տե­լու մի­ջոց­նե­րուն մա­սին։ Ան­շուշտ որ խօս­քը ան­հա­տը մա­տակա­րարե­լու մա­սին չէ, այլ նե­րառեալ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցին, հայ ան­հա­տի պայ­մաննե­րը բա­րելա­ւելու մասին։