Դիտելով Հայաստանէ ներս ելեկտրականութեան սակագիներու 20 տոկոսով բարձրացման դէմ ժողովուրդի դիմադրութիւնը, կը ստիպուինք երկրի վարչաձեւին մասին մտածելու։ Գիտենք որ Հայաստանի ելեկտրականութիւնը հիմնաւորապէս կ՚ապահովուի Մեծամօրի ատոմակայանի արտադրութիւնով։ Իսկ արտադրուած հոսանքը սպառողներու մատակարարելու գործը ռուսական ընկերութեան մը սեփականութիւնն է։ Այդ ընկերութիւնը ի վիճակի է նաեւ իր ծառայութեան արժէքը ճշտելու։ Արեւմտեան աշխարհի կողմէ բոլոր երկիրներուն պարտադրուած «Ազատ շուկայի տնտեսութիւն»ն է այս։ Այդ տնտեսութիւնը գործադրելու համար անհրաժեշտ է կարգ մը քաղաքական հաստատումներու ալ իւրացումը։ Հաստատումներուն կարեւորագոյններէն է սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը։ Նման տնտեսական համակարգը միայն ազգային պետութիւններու առկայութեամբ կարելի կ՚ըլլայ։ Անշուշտ այստեղ պարտինք երկիրները իրենց հզօրութեան համապատասխան դասաւորումով մը դիտելու։ Գերպետութիւնները ազատ են իրենց կամքով գործելու։ Բայց այդ «Գեր» սահմանումէն դուրս մնացածները, որոնց կարգին է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, «ազատ-անկախ» կրնան ըլլալ միայն կարծեցեալ կերպով։ Իշխանութիւնները դասագիրքերու միջոցաւ կը լոլոզեն նախակրթարանի երեխաները, վստահեցնելով թէ անոնք ազատ անկախ հանրապետութեան մը քաղաքացիներն են։ Իրողութիւնը բոլորովին տարբեր է։
Տարիներ առաջ Վահրամ Մավեանի «Ամէն Տեղ Հայ Կայ» պատմուածքներու հատորին մէջ սփիւռքահայու մը զարմանքը կը պատմուէր, երբ ան կը նկատէր թէ Հայաստանի ոստիկանները զէնք չէին կրեր։ Իր այս զարմանքին ալ կը զարմանար Հայաստանցի բարեկամը։ «Հայաստանի ոստիկանը որո՞ւ դէմ զէնք պիտի պահէ իր հայրենիքին մէջ» կը հարցնէր ինքնավստահ։ Այդ գիրքին մէջ ծանօթացուած Հայաստանը ազգային պետութիւն մը չէր։ Նոյնիսկ սփիւռքի կարգ մը գերազգային մոլեռանդ տարրեր, հակասովետական թրդումներով «ապազգային» կը կոչէին Խորհրդային Հայաստանը։
Ուրեմն շատ ալ սխալ պիտի չըլլայ ըսել թէ ազգային պետութիւնները կրնան ազգակործան բնոյթ ունենալ, եթէ չեն մղուիր ազգի շահերէն։ Ազգի շահերը բնականաբար ժողովուրդի մեծամասնութեան շահերն են։ Իսկ ազատ շուկայի տնտեսութիւնը որդեգրած երկիրներու մէջ բնակչութեան ամենափոքր հատուածը կը յափշտակէ երկրի հարստութեան ամենամեծ բաժինը։
Անշուշտ այս մանրամասնութիւնները կարեւոր նշանակութիւն չունին մեր այդ գերազգային բարեկամներուն համար։ Իրենց օրակարգը արդէն լեցուն է ամենամեծ դրօշակը պատրաստելու, ծովից ծով Հայաստանի մը փառաբանութիւնը հիւսելու, խաչակիր քայլարշաւներ կազմակերպելու նման խիստ ազգային խնդիրներով։ Անոնց համար վերացական ազգը կարեւոր է, այլ՝ ոչ թէ սղաճի դիմաց ալ աւելի դժուար կացութեան մատնուած հայ անհատը։
Ցեղասպանութեան դարադարձն է եւ մենք հայոց ենթարկուած դարաւոր անարդարութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու մարմաջով կը շարունակենք հայաթափ ընել բուռ մը հայրենի հողը։
Այս պահուն ի զուր է նման վերլուծումներու դիմել։ Պահը հրատապ է։ Ժողովուրդը այլեւս հանդուրժողութիւն չունի աւելի շատ կողոպտուելու։ Այս իրողութիւնը ամենայստակ արտայայտութիւնը կը գտնէ «վերջ թալանին» կարգախօսով։ Իշխանութիւնները պարտաւոր են ժողովուրդի այս ընդվզումը տեսնելու։ Նաեւ պարտաւոր են գիտակցելու թէ ոստիկանական բռնութիւնը վերջ ի վերջոյ անզօր կը մնայ ժողովուրդի կամքին դիմաց։ Գոնէ մեր ապրած օրերը այս հաստատումը կ՚արդարացնեն բազմաթիւ օրինակներով։ Ստիպուած չենք անպայման նոյն փորձութիւնը սեփական երկրի վրայ հարազատ ժողովուրդը տանջելով ապրելու։