PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Կ՚ապրինք Զատիկով

Որքան ալ անտեսուի Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանի կող­մէ, Տի­յար­պէ­քիրի Սուրբ Կի­րակո­սի օրի­նակը կեն­դա­նի փաստ մը եղաւ եկե­ղեց­ւոյ եւ ժո­ղովուրդի յա­րաբե­րութեան առու­մով։ Հա­ւանա­բար նա­խորդ Կի­րակի երբ Հայ Առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ աշ­խարհաս­փիւռ կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ կ՚ապ­րո­ւէր հրա­շափառ Յա­րու­թեան Տօ­նը, պատ­մա­կան Տի­յար­պէ­քիրի եկե­ղեցին իր ժո­ղովուրդով ամ­բողջո­վին եզա­կի երե­ւոյթ մը կը պար­զէր։ Հա­յախօ­սու­թե­նէ դադ­րած, ինքնու­թիւնը եր­կար տա­րիներ քօ­ղար­կած, պաշ­տօ­նական գետ­նի վրայ կրօնն ալ կորսնցու­ցած զան­գո­ւած մը կ՚առանձնա­նար հա­մատա­րած «հայ» կեր­պա­րէն, բայց մեծ եռան­դով կը մաս­նակցէր Զա­տիկի հա­յավա­րի ապ­րումին։

Բա­ցի Պատ­րիար­քա­րանի նշա­նակու­մով ժա­մանած քա­հանա­յի մա­տու­ցած Սուրբ Պա­տարա­գէն, Զա­տիկը իր թե­լադ­րած տօ­նական մթնո­լոր­տով ապ­րը­ւեցաւ Տի­յար­պէ­քիրի մէջ։

Կող­քին հա­մառօտ լրա­տւու­թիւն մըն էր, որ կը հաս­նէր Սե­բաս­տիայէն։ Սե­բաս­տիոյ սա­կաւա­թիւ հայ ժո­ղովուրդը Զա­տիկ տօ­նելու հա­մար չու­նի եկե­ղեցի մը։ Ար­դա­րեւ այդ ըն­տա­նիք­նե­րէն Քո­չաք­նե­րու բնա­կարա­նը դար­ձաւ շնոր­հա­ւորու­թեան վայր։ Քա­ղաքի աւա­գանին այ­ցե­լեց հայ տուն մը, ող­ջունե­լու հա­մար Զա­տիկը։ Տնե­ցինե­րը աւան­դա­կան չէօրէ­քով, ներ­կո­ւած ձո­ւերով եւ տօ­նական ճա­շատե­սակով պա­տուե­ցին հիւ­րե­րը։ Այս այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին նիւ­թը եկաւ ան­ցեալին զի­նուո­րական տա­րած­քի մէջ մնա­ցած, իսկ այ­սօր զի­նանո­ցի հե­ռացու­մէն ետք ան­տէր մնա­ցած եկե­ղեց­ւոյ։ Ար­դէն իսկ կը մշա­կուին վե­րանո­րոգու­թեան նա­խագի­ծեր։ Բայց յայտնի չէ թէ նո­րոգո­ւած եկե­ղեցին պի­տի ար­ժա­նանա՞յ հայ ծի­սակա­տարու­թեան ամե­նախորհրդա­ւոր արա­րողու­թիւննե­րէն հա­մարո­ւած «Դռնբա­ցէք»ի։ Չէ որ շատ ան­գամ մեր եկե­ղեցի­ները կը նո­րոգո­ւին իրենց առա­քելու­թե­նէն դուրս շա­հագոր­ծումնե­րու հա­մար։

Ծա­նօթ է մեր հո­գեւոր առաջ­նորդնե­րու այս տե­սակի կո­րած սրբա­վայ­րե­րու վե­րատի­րանա­լու մա­սին դժկա­մու­թիւնը, որ շատ ան­գամ ու­նի եր­կու պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւն՝ «դրամ չու­նինք» եւ «ժո­ղովուրդ չկայ»։ Ինչպէս վե­րեւ նշե­ցինք Տի­յար­պէ­քիրի Սուրբ Կի­րակո­սի օրի­նակը ինքնին կը ջրէ «ժո­ղովուրդ չի կայ» պատ­րո­ւակը։ Եւ երբ հա­ւատանք եկե­ղեցիին իր հետ ժո­ղովուրդն ալ վե­րակեն­դա­նաց­նե­լու հրաշք կա­րողու­թեան, այն ատեն նշա­նակու­թիւն պի­տի չու­նե­նայ «դրամ չու­նինք» պատ­րո­ւակն ալ։

Խնդի­րը ճիշդ ալ այս պա­հուն է որ հան­գոյցի մը կը վե­րածո­ւի, քա­նի որ մեր նոյն հո­գեւո­րական­նե­րու միտ­քը բա­ւական պղտոր է հայ ինքնու­թիւնը բնու­թագրե­լու խնդրին մէջ։ Ան­շուշտ որ եթէ զանց առ­նենք պատ­մա­կան, մշա­կու­թա­յին, քա­ղաքա­կան զա­նազան պայ­մաննե­րը, կրնանք նեղ սահ­մաններ ճշդել ան­հա­տը բնու­թագրե­լու հա­մար։ Վեր­ջա­պէս «հա­յը հա­յերէն կը խօ­սի», «հա­յը հա­յերէն անուն կը կրէ», «հա­յու հա­ւատ­քը քրիս­տո­նէու­թիւնն է» կա­ղապար­նե­րը կրնան իրա­ւացի հիմ­քեր ու­նե­նալ։ Բայց ար­դեօք բո­լոր այդ յատ­կութիւննե­րը իւ­րա­ցու­ցած քա­նի՞ հայ կայ այս աշ­խարհի վրայ։ Պի­տի հա­մակեր­պինք հա­յախօս չե­ղող հա­յերու, օտա­րահունչ անուննե­րով յայտնո­ւող հա­յերու, նոյ­նիսկ այ­լա­դաւան հա­յերու առ­կա­յու­թեան։

Վեր­ջա­պէս մենք զար­մա­նալի ժո­ղովուրդ ենք։ կը յա­մառինք հա­յու­թիւնը ու­րա­ցողը հա­մոզել թէ իր նախ­նի­ները հայ են ու­րեմն ինքն ալ հայ է։ Իսկ միւս կող­մէ մար­դիկ կը ներ­կա­յանան «հայ եմ» ըսե­լով, այս ան­գամ ալ հա­զարու­մէկ տե­սակ քննու­թեան կ՚են­թարկենք անոնց այդ կամքն ու գիտակցութիւնը։