PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Գարնանային տերեւաթափ

Անշուշտ որ գիտական ոչ մէկ հիմք ունի մարդու կեանքի եղանակներու հետ իմաստաւորուիլը։ Բայց հետեւելով բնութեան հոլովոյթին, համոզուած ենք որ Գարունը կենսունակութեան, պտղաբերումի, կենդանութեան խորհրդանիշ պէտք է ըլլայ։ Իսկ Աշնան, դիտելով ծառերու տերեւաթափը, կը կարծենք որ պատշաճ է մարդկանց տերեւաթափն ալ։ Տարիներ առաջ բարեկամ մը իր ծերունազարդ մօրը համար կ՚ըսէր՝ «Սիրելիս Բագրատ, մայրս հասած պտուղ մըն է ճիւղի վրայ։ Չեմ գիտեր թէ երբ կ՚իյնայ։ Այդ պատճառաւ ալ կը մնամ իր քով»։ Այս բառերով կը մերժէր իմ հրաւէրը, ամառուայ արձակուրդը միասին անցնելու մասին։ Այո, գիտական ոչ մէկ հիմք կայ մարդու կեանքը եղանակներով բացատրելու մերձեցման մէջ։ Ի վերջոյ այս օրերուս ես ամենադառն կերպով կ՚ապրիմ այդ իրողութիւնը։ Սիրելի մը հողի յանձնած օր կը լսեմ արդէն հարազատի մը մահուան լուրը։ Երեքշաբթի առաւօտ, երբ կը պատրաստուէինք ցերեկուայ ժամերուն մեր սիրելի աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանը յուղարկաւորելու, չար լուրը եկաւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցէն։ Հանգած էր կնոջս եղբայրը, իմ սիրելի աներձագ Թովմասը։ Մեծ պայքար տարած էր անողոք հիւանդութեան դէմ եւ ի վերջոյ պարտուած։ Խոստովանիմ որ ընտանեօք փրկութիւն համարեցինք այդ պարտութիւնը։ Վերջապէս աւարտած էր Թովմասի մատնուած տանջանքը։ Բայց իրողութիւնը մնաց անփոփոխ։ Մենք տերեւաթափը կ՚ապրէինք գարնանամուտի այս օրերուն։ Սերովբեանի կորուստով ինչպէս որ ցնցուեցաւ նախ իր հարազատ ընտանիքը եւ ապա «Ակօս»ի եւ Հրանդ Տինք Հիմնարկի բազմանդամ ընտանիքները, Թովմասի կորուստով ալ ցնցուեցաւ նախ իր հարազատ ընտանիքը ու ապա Դպրեվանքի դասընկերները եւ համայն Վաքըֆգիւղցիներ։

Նախորդ դարերուն մարդիկ իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեամբ կը հանդիպէին շատ աւելի քիչ թիւով մարդկանց, բաղդատմամբ մերօրեայ սերունդներուն։ Ներկայ ընկերային կեանքի մէջ բոլորս շրջապատուած ենք մեծ բազմութիւններով։ Այդ պայմաններու մէջ մեր ամենահամեստի մահն անգամ կ՚ունենայ լայն արձագանգ։ Շատ անգամ հանդիպած եմ յուղարկաւորութեան մը ընթացքին իրենց վերջին յարգանքի տուրքը մատուցելու փութացած մարդկանց, որոնք հանգչողին հետ գէթ մէկ անգամ իսկ չեն հանդիպած։ «Դասընկերոջս մայրն է», «մեր հարեւանի եղբայրն է», «շուկայէն դրացիիս հայրն է» ու նման բացատրութիւններով կը ներկայացուի այդ կապակցութիւնը։ Այս է որ մեզի համար իմաստալից կը դարձնէ մահազդները։ Նախապէս շրջապատուած էինք շատ աւելի սեղմ շրջանակով մը, ուր պիտի կարողանայինք բոլորին իմացնել մեր հարազատի մահուան բօթը։ Բայց այսօր ստիպուած ենք վերեւ նշուած այդ խաւն ալ նկատի ունենալու։ Եւ միայն այսքանն ալ չէ, փոխած ենք թաղման ծէսի եւ յաջորդող խորհրդակատարութիւններու եղանակը։ Հիմա չունինք գիւղի տէրտէր մը, որ մահուան յաջորդող ժամերուն կամ գոնէ յաջորդող օր կատարէ թաղումը։ Ակամայ պիտի սպասենք օրերով իսկ։ Շատ անգամ արտասահմանէն հասնելիք ազգական մը պիտի ունենանք։ Իսկ ներկայ օրինակին մէջ այս անգամ ալ եկեղեցական տոմարի արգելքները պիտի յաղթահարենք։ Աւագ Հինգշաբթին, Աւագ Ուրբաթը արգելքներ կը յառուցեն։ Զատկի օրը նոյնպէս անկարելի։ Եւ յաջորդող Մեռելոցը նոյնպէս։ Տան կարգի անունը մնաց տան կարգ, իսկ ինք վերածուեցաւ եկեղեցւոյ սրահի կարգի։ Անխուսափելի այս փոփոխութիւններուն պիտի համակերպինք, որպէսզի կեանքը շարունակուի մեզ մնացողներուս համար։

Իսկ ի՞նչ պիտի սպասէ մեզ, երբ հասնի այդ օրը։ Եկէք բնաւ չխորհինք այդ մասին։