PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Յետեղեռնեան մարտահրաւէրներու մասին

Թերեւս ալ ցեղասպանութեան դարադարձի այս օրերուն ամենամեծ սխալը պիտի ըլլայ մեր բիւրաւոր զոհերուն համար ողբալը, թողելով մեր ողբերգական ներկան։ Յիշէնք պահ մը հարիւր տարի առաջուայ մեր դիրքն ու կարգը։ Ողջ ժողովուրդ մըն էինք եւ կը պահպանէինք մեզ բնութագրող բոլոր յատկութիւնները։ Բոլորս ալ հայախօս էինք նախ եւ առաջ։ Բոլորս ալ կը կոչուէինք հայկական անձնանուններով։ Կ՚ապրէինք հայրենի երկրի վրայ։ Կը տառապէինք նման, նոյնիսկ շատ անգամ նոյն հոգերով։ Ունէինք մեզի յատուկ տեսլական։ Կը բաժնէինք նոյն կրօնը եւ անոր սրբութիւնները։ Այս որ կ՚ըսեմ, ընդհանուր դիմագիծի մը մասին է, առանց ուրանալու բացառութիւնները։                                                             Այդ ժամանակ ալ կար արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէնի տարբերութիւնը։ Կար «ռուսահայը», «տաճկահայը» կամ «պարսկահայը»։ Անոնք կրնային կենցաղով, բարբառով կամ քաղաքական հակումներով տարբերիլ իրարմէ, բայց ունէին մէկ Հայկ Նահապետ, մէկ Վարդան Մամիկոնեան կամ մէկ Մեսրոպ Մաշտոց։ Ի վերջոյ մէկ Էջմիածին, մէկ Արարատ եւ այդ հսկայ արմատէն սերած բեկորներ էինք հարիւր տարի առաջ։                                                        Իսկ այս օր, ցրուած ենք աշխարհի տարածքին։ Սա նման չէ մեր նախնեաց, եթէ ոչ սուրով ու թուրով, այլ ճարպիկ առեւտրականի կարողութիւնով հեռաւոր ափեր ճամբորդելուն։ Ճիշդ է՝ առաջին հայ թերթը հրատարակեցինք Մատրաս, ի Հնդկաստան։ Ճիշդ է՝ առաջին գիրքը տպեցինք Վենետիկ, Իտալիա։ Բայց միշտ ու ընդմիղտ վերադարձանք մեր Խարբերդը, Մուշը, Սեբաստիան կամ Վանը։ Ներկայ դրութեամբ հեռաւորութիւնները մեզ տարանջատեցին։ Կորսնցուցինք ամբողջութեան մը մասնիկները ըլլալու մեր նախկին յատկութիւնը։ Կործանեցաւ այն երկիրը, ուր պիտի վերադառնայինք։ Անցեալին, քանի դեռ չէր ցամքած ինքնութեան գիտակցութիւնը, ճիգ մը եւս ըրինք, լսելով հայրենի երկրի, Մայր Հայաստանի «Արի Տուն» կանչը։ Մեր ցրուած ոստաններէն առագաստ բացինք դէպի Հայաստան։ Ներգաղթի կարաւաններ կազմեցինք, բայց դեռ տեղ չհասած այս անգամ ալ ուղուեցանք դէպի Սիպիր։

2015 տարեթիւն է ու մենք, ազգովին կը տառապինք յոգնածութենէ։ Յոգնած ենք հայախօսութենէ։ Յոգնած ենք հայու անունով ներկայանալէ։ Վերջապէս յոգնած ենք հայապահպանումէ։ Իրաւ ալ բաւական ծանր են այս բոլորը, երբ կը հարկադրուինք անհատաբար դիմագրաւելու։ Անոնք տանելի պիտի ըլլային Ջարենցեան պատգամին գործադրութեամբ։ «Ով Հայ ժողովուրդ, քո փրկութիւնը քո միասնական ուժի մէջ է»։

Արդեօք ցեղասպանութեան տխուր հետեւանքներէն մէկն է՞ որ կ՚որսնցուցած ենք միասնական ուժին մէջ թաքնուած փրկութիւնը։ Աչք ու ականջ ունեցող ամէն հայ լսած ըլլալու է մեր կորած, մայրենի լեզուն կորսնցուցած, համատարած հաւատքէն շեղած եղբայրներուն ու քոյրերուն վերադարձի ոդիսականը։ Բայց կ՚երեւի թէ տեսնելու լսելու համար աչք ու ականջէն աւելի խիղճ ունեցող սրտի եւ դատողութիւն ունեցող ազգային գիտակցութեան մը կարիքը ունինք զիրենք տեսնելու համար։

Այս տողերու դրդապատճառը եղաւ Հայաստան այցելող ինը տերսիմցի գիւղապետներու մասին լրատուութիւնը։ Անոնք բախտաւոր են, քանի որ իրենց նախնեաց արմատները կը փնտռեն Հայաստանի մէջ։ Հապա եթէ դիմած ըլլային Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարա՞ն…