Զմիւռնիա՝ յուսադրիչ եւ յաղթական

Օդային ծառայութիւններու ինքնաթիռը այս անգամ մեզ տարած է Թուրքիոյ 81 քաղաքներու երրորդ մեծագոյնը՝ Իզմիր, կամ ալ պատմական անուանումով Զմիւռնիա։ Այս քաղաքն ալ երկրին բոլոր միւս քաղաքներուն նման ունեցած է տխուր պատմութիւն։ Հանրապետութեան հիմնարկութեան տանող տարիներուն հին յունական այս քաղաքը կորսնցուցած է իր բնիկ ժողովուրդը։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Օդային ծառայութիւններու ինքնաթիռը այս անգամ մեզ տարած է Թուրքիոյ 81 քաղաքներու երրորդ մեծագոյնը՝ Իզմիր, կամ ալ պատմական անուանումով Զմիւռնիա։ Այս քաղաքն ալ երկրին բոլոր միւս քաղաքներուն նման ունեցած է տխուր պատմութիւն։ Հանրապետութեան հիմնարկութեան տանող տարիներուն հին յունական այս քաղաքը կորսնցուցած է իր բնիկ ժողովուրդը։

Հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող քաղաքի ժողովուրդը մէկ-երկու օրուայ ընթացքին լքած է պատմական բնակավայրը, բոլոր ունեցուածքը ու խուճապահար ապաստանած Յունաստան։ Պատմական տուեալներու համաձայն 9 Սեպտեմբեր 1922 թուականին Զմիւռնիա ունէր 60-90 հազար յոյն եւ 15-20 հազար հայ բնակիչ։ Հայոց թիւը վերջին տարիներուն աճած էր մանաւանդ 1915-ի ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուածներուն այս քաղաքը ապաստանելուն բերմամբ։ Իսկ այդ նոյն տարուայ նոյն ամսուն յաջորդ օրը անոնցմէ մէկ հոգի իսկ չէր մնացած։ Արշաւողները այդ դժբախտ օրը տօն համարեցին եւ մեծագոյն փողոցները, մարզադաշտը կամ համալսարանը կոչեցին այդ թուականի դրոշմով՝ «9 Սեպտեմբեր»։ Ներկայ բնակչութիւնը հիմնականապէս այդ թուականէն ետք եկող գաղթականներով գոյացաւ։ Բնակչութեան փոխանակման ծրագրով մեծ թիւով թուրքեր պարտադրաբար եկան Թուրքիա։ Նոյնպէս Պալքանեան պատերազմի պարտութենէն ետք զանգուածային ներգաղթ ապրուեցաւ դէպի երկրի զանազան քաղաքները, որոնց կարգին նաեւ Իզմիր։ Վերջին տասնամեակներուն, երբ հրահրուեց քրտական ապստամբութիւնը, մեծ թիւով քիւրտեր ալ աշխատանք եւ ապաստան գտնելու ակնկալութեամբ եկան Եգէականի ափի պատմական այս քաղաքը։

Ինչպէս գաղթականներու մեծամասնութիւն կազմած բոլոր քաղաքները, Իզմիր ալ ունեցաւ ազգայնական դիմագիծ։ Եկուորները թշնամութեան զգացումներով ու նոյնիսկ ատելութեամբ լեցուն էին քաղաքի նախկին բնիկ ժողովուրդին նկատմամբ։ Կարելի է ըսել որ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնը անտեսելու, զիրենք արդարացնելու համար պատրուակ մը կը գոյացնէին հակառակորդի դէմ ատելութիւն տածելով։ Եկուր տես որ այս ազգային դիմագիծը արգելք չէ եղած որ քաղաքը յետադիմական շրջանակներու կողմէ յիշուի «Կեաւուր Իզմիր» ածականով։ Մասամբ իրաւացի էր այս նախատինքը, քանի որ իզմիրցին փարելով քեմալական հակումներու, միշտ ալ հեռաւորութիւն պահեց իսլամական հոսանքներու նկատմամբ։

Իսկ մեր Իզմիր ժամանման դրդապատճառն էր երկօրեայ աշխատանոց մը՝ որ կ՚անուանուէր «Եգէական շրջանի ժողովրդավարացման եւ խաղաղութեան համագումար»։ Կարգադիր յանձնախումբի անունով բացման խօսքը կատարեց վիրահատ Ճէմ Թէրզի։ Ան ընթերցեց միջոցառման կոչը, որ կը բովանդակէր ծրագրի միտքն ու նպատակը։ Անտրէ Մալրոյի «ամէն մարդ նման է իր վիշտին» նախադասութիւնը շրջեց «իւրաքանչիւր երկիր նման է իր վիշտին» ըսելով ու ակնարկեց Թուրքիոյ պատմութեան տխուր դէպքերուն, որոնց հիմնաքարը կը հանդիսանայ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ապա ամպիոն բարձրացաւ ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Սապահաթ Թունճէլ։ Թունճէլ իր կարգին խօսեցաւ այս տխուր պատմութիւնը յաղթահարելու հնարաւոդութիւնները թուելով։ Ան իբր փաստ ներկայացուց Ռոժավայի յեղափոխութիւնը եւ Քոպանէի հերոսական դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակը։ Համագումարի բաղադրիչ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ելոյթներէն ետք յատուկ զեկոյցներով ներկայացան չորս աշխատանոցներու գլխաւոր զեկուցողները։ Այսպէս «Միջին արեւելքի մէջ քրտական հարցը եւ Ռոժավայի յեղափոխութեան իմաստը» խորագրեալ առաջին աշխատանոցի համար զեկուցեց պատմաբան Ֆօթի Պէնլիսոյ։ Այս աշխատանոցի համակարգողն էր մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ճոշքուն Իւսթէրճի։ Պատմաբան Ֆօթի Պենլիսոյ նիւթը ընդլայնող զեկոյց մը կատարեց։ «Ժողովրդավարացման գործընթացը, ժողովրդավարական ինքնավարութիւն եւ խաղաղութեան տնտեսաքաղաքական երեսակը»։ Քէնան Գալյոնի համակարգած այս երկրորդ աշխատանոցի զեկուցողն էր Պողազիչի համալսարանի ընկերագիտութեան բաժնի դասախօսներէն Պիւլենտ Քիւչիւք։

Գ. Աշխատանոցը նիւթ կ՚առնէր ցեղասպանութիւնները։ Յատկապէս հայոց ցեղասպանութեան վրայ ծանրանալով կը քննարկէր «Կրօնական տոհմիկ, մշակութային բախումները, ցեղասպանութիւններ, կոտորածներ եւ աքսորներ» խորագիրով։ Այս աշխատանոցին համակարգողն էր ակադեմական Զէրրին Քուրդօղլու եւ զեկուցողը՝ Բագրատ Էսդուգեան։                         Երկօրեայ համագումարի վերջին աշխատանոցը կը կրէր «Խաղաղութեան հասարականացման միջոցները՝ առերեսում, իրողութեան որոնում եւ կնոջ խաղաղութեան գործընթացի մէջ դերակատարութիւնը»։ Այս աշխատանոցի համակարգողն էր Զէյնէպ Ալթըն, իսկ զեկուցողը Եգէական համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժնի վարիչ Նիլկիւն Թոքէր։ Զեկուցողներու ընթերցումներէն վերջ իւրաքանչիւրը շուրջ երեսուն մասնակիցներէ բաղկացող աշխտանոցները անջատ աշխատանքով համադրեցին հասարակական միտք, որ յաջորդ օր քննարկուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ։ Շուրջ 200 մասնակիցներու ներկայութիւնով խմբագրուեցաւ համագումարի աւարտական զեկոյցը։

Այս միջոցառումով Զմիւռնիոյ ժողովրդավարական շրջանակները բացայայտօրէն ապացուցեցին թէ յաղթանակով դուրս եկած են խիստ պատասխանատու  նախաձեռնութենէ մը եւ այս առումով ալ յոյս կը ներշնչեն երկրի ժողովրդավարականացման համար իրենց ուղղուած ակնկալութիւններուն։

Ստորեւ յապաւումներով կը ներկայացնենք այս խիստ շահեկան համագումարի զեկոյցը։

…2010-էն այս կողմ Միջին Արեւելքի մէջ «Արաբական Գարուն» կոչեալ արժանապատուութեան ապստամբութիւնը, բանուոր դասակարգի կարգալուծման, ձախակողմեան ժողովրդավար ընդդիմութեան թոյլութեան բերմամբ շուտով ենթարկուեցաւ հակայեղափոխական պաշարումի։ Իրականութեան մէջ այս ապստամբութիւնները համաշխարհային բնապահպանման ճգնաժամի ալ ագուցումով դրամապաշտութեան հիմնական տագնապի դրսեւորումն է։ Սակայն զանազան վայրերու մէջ ապստամբող զանգուածներ ճնշուեցան նախկին վարչակարգի եւ իսլամ արմատականութեան միջեւ։ Սուրիոյ պատերազմն ալ պէտք է նոյն շրջագծով դիտել։ Այս երկրի կործանարար պատերազմին մէջ Թուրքիան ալ գաղութատիրական շղթայի յաջորդ օղակին բարձրանալու փորձով կարեւոր դերակատար մը դարձաւ։ Միւս կողմէ Թուրքիոյ պետութիւնը Ա. Աշխարհամարտի աւարտին գերպետութիւններու գծած արհեստական սահմանագիծներու բերմամբ պառակտուած քիւրտ ժողովուրդի անիշխանութեան դատապարտուիլը իր գլխաւոր ռազմավարութիւնը համարած է։ Սակայն Ռոժավայի յեղափոխութիւնը Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն համար երրորդ այլընտրանքի մըն ալ կարելիութեան ապացոյցը եղաւ։ Թէեւ Ռոժավայի փորձը հիմնականին մէջ ինքնապաշտպանման յաղթանակ մըն է, բայց կ՚ակնարկէ նաեւ հասարակական յեղափոխութեան մը։ Տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն համակեցութիւնը ապահովող, հակադրամապաշտական, բնապահպան, հաւասարութիւն, ազատութիւն եւ ինքնավարութիւն խոստացող համակարգ մըն է Ռոժավան։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ կ՚ենթարկուի Թուրքիոյ եւ նման բնոյթի երկիրներու թշնամութեան։

…Թուրքիոյ մէջ արմատական ժողովրդավարացումը կախեալ է ամբողջ հասարակութեան կազմակերպուածութեան մակարդակի բարձրացումէն եւ խօսքի ազատութեան առջեւ դրուած արգելքներու վերացումէն։

…Այս հողերուն վրայ գործուած առաջին ցեղասպանութեան մասին իրողութիւնները առանց խոստովանելու, արդարութիւնը առանց գործադրելու կարելի չէ քրտական խնդրին մէջ հաշտեցումի եւ խաղաղութեան յանգիլ։ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հիմնուած է շարք մը ցեղասպանութիւններու վրայ, որոնց քննարկումը մեզ կ՚ուղղեն 1915-ի հետ առերեսուելու։

…Ցեղասպանութեան ճանաչումը արդարութեան պահանջ մըն է։ Ուստի պէտք է ան իր անունով բնութագրել։ Ցեղասպանութիւնը ուրիշ անուանումներով շրջանցել կը նշանակէ իրողութիւնը ուրանալ։

…Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման օրը՝ Ապրիլի 24-ը տօնակատարութեան վերածելով Տարտանելի պատերազմի միջոցառումներուն յարմարցնելը եւ աւելին՝ Հայաստանի նախագահ Սարգսեանը այս միջոցառումներուն հրաւիրելը ամօթալի կը գտնենք ու կը պախարակենք։       

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ