PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Մեր անբաժան նկարները

Նախորդ թիւով մեր ընթերցողներուն տեղեկացուցած էինք խմբագրատան փոխադրութիւնը։ Այս տողերը կը գրենք «Ակօս»ի նոր գրասենեակին մէջ։ Ամբողջովին նոր շէնքի մը լուսաւոր մէկ անկիւնը տրամադրուած է հայերէն բաժնի։ Նոր սեղաններ ունինք, նոր գրադարաններ։ Շարունակուող մանր մունր շինարարական աշխատութիւնները չեն խանգարեր մեզ։ Մտահոգութիւնը ուրիշ է։ Հին գրասենեակին մէջ հայերէն էջերու սենեակին պատերը ամբողջովին լեցուն էին նկարներով։ Այս նոր գրասենեակին մէջ տակաւին չենք յաջողած այդ նկարները պատերուն կախելու։ Մի գուցէ անոնցմէ մէկ մասն ալ պիտի չկախենք։ Յուզումով տուփերէն դուրս կը հանենք նկարները եւ ամէն մէկուն վրայ խորհուրդներով կը դանդաղինք։

Սա հայոց մեծ եւ բազմակողմանի արուեստագէտ Փարաճանովի ձեռագործն է։ Իսթանպուլեան օրերէն մնացած հաճելի վկայութիւն մը՝ նկարած է մեր սիրելի Մարտիրոս ախբարիկը՝ Մարտիրոս Պալըքճեանը։ Չենք հրաժարիր այս նկարէն։ Անպայման յարմար պատ մը պիտի գտնենք ու կախենք։ Ահա տուփէն դուրս կու գայ մի այլ հսկայի՝ Ուլիեամ Սարոյեանի լուսանկարը։ Լուսանկարիչ Փոլ Քալընեան լոյսէն օգտուելով ձեռք բերած է խորհուրդներու մէջ տարուած Սարոյեան մը, որուն ճակտի կնճիռը կամ պարապութեան ուղղած հայեացքը կը վկայեն թէ ան այս նկարումէն անմիջապէս ետք պիտի դիմէ գրամեքենայի ստեղնաշարին, յօրինելու համար իր այնքան հարազատ պատմուածքներէն նոր մէկը։ Ամէն առաւօտ սենեակ մտնելով կ՚ողջագուրուինք մեր մեծ գիւղագրի՝ Յակոբ Մնձուրիի հետ։ Եւ երկորդ նկար մը, այս անգամ Յակոբ Մնձուրի եւ Յակոբ Մարթայեան ճաշասեղանի վրայ են եւ Պոլսահայոց վաղամեռիկ բանաստեղծ Օննիկ Ֆըչըճըեան օղի կը մատուցանէ անոնց բաժակներուն։ Մենք ամէն օր սեղանակից կ՚ըլլանք այդ սիրելի դէմքերուն։

Արարատի գագաթը բազմաթիւ նկարներ ունի։ Մեր Արարատը յատուկ է։ Շատ քիչ հանդիպած էք նման տեսանկիւնէ լուսանկարուած Արարատին։ Ինքնաթիռէ առնուած այս նկարով Արարատ մէկ կողմ թողած է իր վեհութիւնը եւ այս անգամ մարդն է որ, ճարտարագիտութեան նուաճումներով վերեւէն կը նայի Փոքր Մասիսին։

Կեանքի իմաստը անգամ մը եւս մեկնաբանելու համար յաճախ կը դիտենք սիրելի յեղափոխականի մը՝ Տէնիզ Կէզմիշի մեզի համար այնքան սիրելի դէմքը։ Իրաւ հերոսի կերպարը կը տեսնենք անոր սեւ աչքերուն մէջ։ Եթէ  ամենօրեայ բազմաբնոյթ քաղաքական դաւադրութիւններուն մէջ յուսալքուինք Տէնիզ Կէզմիշի վճռակամութիւնն է որ մեզ կը սթափեցնէ, նոր աւիւն կու տայ չարի դէմ պայքարը շարունակելու համար։

Բայց բոլոր պատկերները խրախուսիչ չեն մեր պատին վրայ։ Ունինք տխուր պատկերներ ալ։ Նախորդ դարասկիզբին, Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի պարտէզը առնուած խմբանկար մըն է, որ դուրս կը քաշենք տուփէն։ Քանի քանի այցելուներու բացատրած ենք այդ խմբանկարի իմաստը։ Հարիւրէ աւելի որբեր կան այդ նկարին մէջ, որոնք ի տարբերութիւն նմանաբնոյթ նկարներու, չեն ժպտած ոսպնեակին դիմաց։ Բոլոր աղջիկներուն գլուխները ծածկուած է սպիտակ լաչակով։ Ճաղատ են որովհետեւ։ Որբանոցի վարիչները ոջլոտելու դէմ սափրած են անոնց մազերը։ Այդ պահուն չէին կրնար խորհիլ թէ ոջի՞լն է աւելի վնասակար, թէ ճաղատութեան տեղի տուած տխուր հոգեբանութիւնը։

Այս ալ իր կարգին ունի յատուկ պատգամ մը՝ «Մի մոռնար»։ Ո՛չ, սիրելի նկարներ, մենք չենք հրաժարիր ձեզմէ, մեզ հետ կու գաք ուր որ երթանք։